«Ֆենիսիա» Պանդոկին Մէջ Միքաթի Բացումը Կատարեց Արաբական Տնտեսական Խորհրդաժողովին
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ բացումը կատարեց Արաբական տնտեսական խորհրդաժողովին, որ գումարուեցաւ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ:
Խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան մնայուն կերպով կրցած է ձախողեցնել քաղաքական դժուարութիւններն ու տագնապները, ինչպէս նաեւ շրջանցել քաղաքական կեցուածքները, որոնք կը հնչեն այս կամ այն ուժին կողմէ:
Վարչապետը նշեց, որ Լիբանան աշխատանքային ծրագիր մը պիտի մշակէ ընկերային եւ տնտեսական բարգաւաճման առումով, որպէսզի կարենայ բոլոր մարզերուն վերադարձնել աշխուժութիւնը:
«Լիբանանի մէջ արձագանգող քաղաքական կեցուածքներն ու յայտարարութիւնները կը մնան ժողովրդավարութեան սահմաններուն ներքեւ` նկատի ունենալով, որ Լիբանան կը զօրակցի ժողովրդավարութեան: Մենք կը ջանանք տնտեսական եւ ընկերային զարթօնքի մը նախաձեռնել», ըսաւ ան:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի նպաստելու փտածութեան յաղթահարման:
Իր կարգին, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ շեշտեց, որ Լիբանան միջազգային դրամական տագնապէն չէ տուժած, որովհետեւ ան որդեգրած է դրամատնային իւրայատուկ դրութիւն մը:
Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանան հիմնականին մէջ երկու մարտահրաւէր կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ անոնցմէ առաջինն է որդեգրել սեղմումի քաղաքականութիւն մը, ինչպէս նաեւ աշխատանքի կարելիութիւնները բազմացնող նախաձեռնութիւններ:
Սալամէ ընդգծեց, որ Կեդրոնական դրամատունը ճիգ պիտի չխնայէ պահպանելու իր փառքը, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական եւ լիբանանեան դրամանիշին կայունութիւնը:
ՆՇԵՆՔ, ՈՐ Միքաթի խստիւ դատապարտեց Դամասկոսի պայթումները` ընդգծելով, որ վայրագութիւնը օր մը օրանց հարցեր չէ լուծած:


