Մանսուր – Քոչարեան Հանդիպում

Նախարար Մանսուր եւ դեսպան Քոչարեան

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական յարաբերութիւնները` նկատի ունենալով երկու երկիրներուն միջեւ կատարուած փոխադարձ այցելութիւնները, որոնք տեղի կ՛ունենան բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու մակարդակի վրայ:

Քննարկուեցաւ նաեւ միջազգային հաստատութեանց մակարդակին վրայ համագործակցութեան եւ իրարու աջակցելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին դեսպան Քոչարեան ներկայացուց Երեւանի մէջ հայ գիրքի հրատարակութեան 500-ամեակին եւ Երեւանի` Գիրքի միջազգային մայրաքաղաք ընտրուելուն նուիրուած ձեռնարկներուն մանրամասնութիւնները, շեշտելով, որ այդ ձեռնարկներուն Լիբանանի մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի եւ Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատի ներկայութիւնը անպայման կը նպաստեն Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւններուն խորացումին, ինչպէս նաեւ Պէյրութ եւ Երեւան քոյր քաղաքներուն միջեւ համագործակցութիւնը աւելի արդիւնաւէտ կը դարձնեն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւններուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առումով արձանագրուած վերջին զարգացումները:

Share this Article
CATEGORIES