Աուտէ Եպիսկոպոսը Ընդունեց Զօր. Ռիֆին
Յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը Պէյրութի առաջնորդարանին մէջ ընդունեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆին:
Աուտէ եպիսկոպոսին այցելեց նաեւ երեսփոխան Զիատ Քատիրի, որ հանդիպումէն ետք նկատել տուաւ, որ քննարկուած են երկրին քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներու ապրուստին վերաբերող հարցեր:
Աուտէ եպիսկոպոսին այցելեց նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Միշել Ֆարաոն:
CATEGORIES Լիբանանեան


