Հարիրի. «Թո՛ղ Տապալի Զէնքի Իշխանութեան, Փտածութեան Եւ Սպանութեան Վարչակարգը»

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին ընդմէջէն վերստին կոչ ուղղեց պայքարելու զէնքի իշխանութեան, փտածութեան եւ սպանութեան վարչակարգին դէմ:

Ան կոչ ուղղեց չյուսալքուելու եւ հաւատքը բարձր պահելու, որովհետեւ ի վերջոյ իրաւունքն է, որ պիտի յաղթանակէ:

Հարիրի յայտնեց, որ լիբանանցի քաղաքացիներուն կեանքը պէտք չէ պատասխանատուներուն անձնական շահերուն եւ համաձայնութիւններուն զոհը դառնայ:

 

Share this Article
CATEGORIES