Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան խստիւ դատապարտեց Դամասկոսը հարուածող արիւնալի պայթումները` շեշտելով, որ ահաբեկչութեան զօրակցող ուժերը պէտք է վերջ տան իրենց օժանդակութիւններուն եւ զօրակցող կեցուածքին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ընդունեց յոյն կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առաջնորդ Քիրիլլոս Պուսթրոս եպիսկոպոսը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային իրադարձութիւնները:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ զբօսաշրջութեան մարզը լիբանանեան ազգային եկամուտին 20 առ հարիւրը կը կազմէ եւ աշխատանքի առիթներ կ՛ապահովէ:
Մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը լուրջ հարցի մէջ է նիւթական առումով: Ան մաղթեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման վերջ տայ այդ հարցին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժիհատ Ազուր յայտնեց, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը կայուն է եւ ոչ մէկ վտանգի ենթակայ, հակառակ անոր որ տնտեսական աճ չկայ:
ՊԱՊԱԿԱՆ նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով յայտնեց, որ պապին այցելութեան նպատակը Լիբանանի ազգային երկխօսութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը քաջալերել է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ղասսան Սալամէ յայտնեց, որ Իսրայէլ մնայուն կերպով եւ առաւելագոյն բծախնդրութեամբ ու լրջութեամբ կը հետեւի շրջանին մէջ արձանագրուող շարժումներուն:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդգծեց, որ ինք կառչած կը մնայ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման: Ան մաղթեց, որ այդ ընտրութիւնները կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր յայտնեց, որ Հըզպալլա պատասխանատու է իր դաշնակից ուժին կատարած յայտարարութիւններուն մեղմացումին: Ան հաստատեց, որ ի վերջոյ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարգաւաճման պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ իրենց դաշինքը ոչ մէկ ձեւով զիրենք յանձնառու կը դարձնէ Ազգային ազատ հոսանքի արտայայտած կեցուածքներուն:
ՓՌԱՊԱՆՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Քազեմ Իպրահիմ պահանջեց մէկ կապ արաբական հացին կշիռքը հասցնել 1200 կրամի եւ անոր սակը դարձնել 2000 լ. ոսկի:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին համոզեն Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը` 8,900 միլիառ լ. ոսկիի թղթածրարը վաւերացնելու անհրաժեշտութեամբ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ պահանջած է հետապնդել քաղաքական այն անձնաւորութիւնները, որոնք ելեկտրական հոսանք ստանալու համար նիւթական պարտաւորութիւններ ունին կատարելիք:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ ընդգծեց, որ Սուրիոյ ընդդիմութեան զինումը պահանջող քաղաքական կողմերն են, որոնք զէնքի մաքսանենգում կը կատարեն:
ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյ զգուշացուց, որ արաբական գարունը կրնայ վերածուիլ կիզիչ ամրան` աւելցնելով, որ լիբանանեան մակարդակի վրայ դրամատուները կը գործեն իւրայատուկ եւ հզօր կերպով:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ Մոսկուա կը զօրակցի միջազգային պատուիրակ Քոֆի Անանի Սուրիոյ մէջ ստանձնած առաքելութեան: Ան աւելցուց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գրաւուած նաւը կրնար Սուրիոյ դէմ զինուորական զործողութիւններ կատարելու միտումով լեցուած ըլլալ զինամթերքով եւ շրջան ղրկուած ըլլալ: Ան աւելցուց, որ այդ նաւուն մէջ կը գտնուէր բաւական ծանր զէնք ու զինամթերք:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ լիբանանեան ընդդիմութեան եւ իշխանամէտ քաղաքական ուժերուն մաս կազմող ուժեր կը փափաքին երկիրը պատանդ վերցնել եւ զայն ուղղակի առնչել Սուրիոյ տագնապալի իրավիճակին:
ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ Դամասկոսի արիւնալի պայթումներուն պատասխանատուութիւնը կը կրեն Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարները` Սէուտ Ֆայսալ եւ Համատ պըն Ժասեմ, որոնք միլիոնաւոր տոլարներ կը տրամադրեն Սուրիոյ ահաբեկիչներուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Ռուսիա այցելութեան ծրագիր ունի: Ան աւելցուց, որ իրենք կը մերժեն երեսփոխանական ընտրութիւնները պոյքոթի ենթարկելու սկզբունքը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի հաստատեց, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման միջազգային պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրին զօրակցող արեւմտեան երկիրներ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ձախողեցնելու համար Անանի ստանձնած պարտականութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ որդեգրուած գերեզմաններ փորելու քաղաքականութիւնը եւ բնազդներ գրգռող յայտարարութիւնները քաղաքական սնանկութեան ցուցանիշներ են:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահը կը սպասէ կառավարութեան իրագործելիք նուաճումներուն:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր արտասանելիք իր ճառին մէջ պիտի անդրադառնայ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կեցուածքներուն եւ կառավարութեան պարզած իրավիճակին:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ վարչապետը ընդվզած է Մուսթաքպալ հոսանքի կեցուածքներէն:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շնորհակալական հեռագիր մը ստացաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինէն, որ հաստատած էր, որ լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւնները մնայուն կերպով ամրապնդուած պիտի մնան` ի խնդիր երկու ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի ապահովութեան եւ կայունութեան պահպանումին:

