Թրքական Դատարան Մը 11 Զօրավարներ Բանտարկութեան Դատապարտեց

Անգարայի մէջ դատարան մը հրամայեց պաշտօնավարող 6 զօրավարներ եւ հանգստեան կոչուած 5 զօրավարներ ժամանակաւորապէս բանտարկել: Անոնք ձերբակալուած էին 1997-ին Նեճմետտին Էրպաքանի գլխաւորած Թուրքիոյ իսլամական կառավարութեան դէմ զինուորական յեղաշրջման շուրջ հետաքննութեան ծիրին մէջ:

Ձերբակալեալներուն շարքին է թրքական բանակի ցամաքային ուժերու երրորդ բանակի ներկայ հրամանատար Պուրքայ Թիւրկիւթ:

Share this Article
CATEGORIES