Դամասկոսի Մէջ Երկու Ուժգին Պայթումներ Բազմաթիւ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Պատճառեցին

Երէկ առաւօտեան երկու ուժգին պայթումներ ցնցեցին Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի Քազազ շրջանը: Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ անոնք անձնասպանական երկու գործողութիւններ էին, որոնց ընթացքին օգտագործուած էին աւելի քան հազար քիլոկրամ ուժգնութեամբ ականներ: Ըստ փորձագէտներու, անոնք պայթեցուած են իրերայաջորդ կերպով` իրարմէ մէկ վայրկեան տարբերութեամբ:

Պայթումները տեղի ունեցան, մինչ դպրոցականներ իրենց դպրոցները, իսկ պաշտօնեաներ իրենց գործատեղիները կ՛ուղղուէին: Արձանագրուեցաւ 55 զոհ եւ 372 վիրաւոր: Զոհերուն շարքին են քաղաքայիններ եւ զինուորականներ: 15 զոհերու ինքնութիւնը անյայտ կը մնայ: Կը հաղորդուի, որ գործողութեան թիրախը զինուորական ապահովութեան Պաղեստին մասնաճիւղն էր: Մասնաճիւղը 2008-ին եւս նոյնպիսի գործողութեան մը թիրախը դարձած էր:

Մինչ սուրիական իշխանութիւնները գործողութիւնը ահաբեկչական խմբակներու կողմէ գործուած արարք մը նկատեցին, Սուրիական ազատ բանակը պնդեց, որ զինադադարին յանձնառու կը մնայ, եւ հերքեց ականահարումներուն հետ որեւէ առնչութիւն ունեցած ըլլալը: Սուրիոյ ազգային խորհուրդը սուրիական վարչակարգը ամբաստանեց երկու պայթումները կազմակերպելու յանցանքով:

Նշենք, որ լիբանանեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հալէպի Այրամուն շրջանին մէջ եւս ական մը պայթած է:

ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան զգուշացուց, որ «Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու որեւէ մագլցում բոլորին համար ժխտական արդիւնքներ պիտի տայ», իսկ Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու առաքելութեան ղեկավար զօր. Ռոպըրթ Մուտ դէպքին վայրը այցելելով ըսաւ. «Այս պայթումներուն աջակցող եւ անոնց ետին կանգնող բոլորին, ըլլան անոնք Սուրիոյ մէջ կամ դուրս, կը դիմեմ ըսելով, որ պէտք է գիտակցին, որ այս ականահարումները սուրիացիներուն յաւելեալ տառապանք կը պատճառեն, եւ պէտք է դադրին այդ արարքները կատարելէ եւ սուրիացիներուն առիթ ընծայեն խաղաղ ուղղութեամբ յառաջ ընթանալու, առանց որ անմեղներ սպաննուին»:

Ան նշեց, որ տեղի ունեցածը իր գլխաւորած առաքելութեան կամ միջազգային ընտանիքին ուղղուած պատգամ մը չի նկատեր:

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ նշեց, որ Ուաշինկթըն բուռն կերպով կը դատապարտէ Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած յարձակումները: Սուրիոյ մէջ «քաղաքայինները թիրախ դարձնելն ու անոնց անխտիր սպանութիւնը դատապարտելի է եւ որեւէ պարագայի անընդունելի է», կը նշէ դեսպանատունը` աւելցնելով, որ «կը շարունակենք սուրիական վարչակարգին կոչ ուղղել` Անանի ծրագիրը ամբողջական եւ անմիջական կերպով գործադրելու»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց պայթումները` նշելով, որ «այս ողբերգական դէպքերը ցոյց կու տան, թէ որքան կենսական են Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2042 եւ 2043 բանաձեւերը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հարցով միջազգային պատուիրակ Քոֆի Անանի այս տագնապին վերջ տալու եւ քաղաքական խաղաղ ու ժողովրդավարական փոխանցում իրականացնելու ծրագիրը ամբողջական կերպով գործադրելը»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հոնկ Լի յայտնեց, որ Չինաստան կը դատապարտէ «յարձակումը» եւ Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` «բռնարարքները վերջնականապէս դադրեցնելու», ինչպէս նաեւ կարելի եղածին չափ շուտ քաղաքական երկխօսութեան հոլովոյթի սկսելու համար միջազգային դէտերուն հետ գործակցելու:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի դատապարտեց ականահարումները, ինչպէս նաեւ Տարաայի մէջ դէտերու շքախումբը թիրախ դարձուցած ականահարումը: Ան ըսաւ, որ շարունակուող բռնարարքներուն ետին կանգնողին նպատակը դէտերու առաքելութիւնը ձախողեցնել եւ Սուրիան դէպի յաւելեալ բռնարարքներ եւ արիւնահեղութիւն առաջնորդելն է:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Դամասկոսի ականահարումները եւ Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2042 բանաձեւին գործադրութեան յանձնառու մնալու, ինչպէս նաեւ ամէն տեսակի եւ որեւէ աղբիւրէ եկող ահաբեկչական արարքները մերժող Քաթարի կեցուածքը շեշտեց:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման ցաւ յայտնեց Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական արարքներուն խլած անմեղ զոհերուն համար` յայտնելով, որ Իսրայէլ բազմաթիւ անգամներ առաջարկած է Միջազգային կարմիր խաչի եւ կարմիր մահիկի ճամբով  Սուրիոյ մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրել, սակայն անոր առաջարկը մերժուած է: Լիպըրման նախատեսեց, որ 6-էն 12 ամիս տեւող երկար եւ դժուար երթէ մը ետք, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը պիտի տապալի:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտարարեց, որ «Ռուսիա Սուրիոյ նկատմամբ իր կեցուածքները պիտի չփոխէ»: Ան յայտնեց, որ իր երկիրը կը մերժէ սուրիական հարցերուն մէջ որեւէ միջամտութիւն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES