Սանթա Քալոմա Տէ Կրամենեթ Քաղաքի Խորհուրդը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւ Մը Որդեգրած Է
Սպանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Պարսելոնայի Սանթա Քալոմա Տէ Կրամենեթ քաղաքի խորհուրդը 4 մայիս, 2012-ին, միաձայնութեամբ բանաձեւ մը ընդունած է` դատապարտելով Թուրքիոյ կողմէ հայերուն դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը:
Խորհուրդին նիստին ներկայ էին Սպանիոյ մէջ գործող հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները եւ անդամները, որոնք բարձրացուցած էին Ցեղասպանութենէն նկարներ եւ պաստառներ: Բանաձեւը քուէարկուած է խորհուրդը կազմող բոլոր կուսակցութիւններուն կողմէ:
Բանաձեւի որդեգրումէն ետք հայկական կազմակերպութիւնները կոչ ուղղեցին Սպանիոյ կեդրոնական իշխանութիւններուն առնելու ճիշդ քայլը, որն է` պետական մակարդակով ճանչնալ եւ դատապարտել Հայոց ցեղասպանութիւնը, այնպէս, ինչպէս ըրած են երկրի Պալէարեան կղզիներու (դեկտեմբեր 2010), Քաթալոնիոյ (Մարտ 2010) եւ Պասքերու երկրի (ապրիլ 2007) շրջանային խորհրդարանները` հիմնուելով «Հայկական հարցին քաղաքական լուծում տալու» Եւրոպական Խորհրդարանի 1987-ի բանաձեւին վրայ:

