Յարութիւնեան. «Ազգային Ժողովի Նախագահ Պիտի Չդառնամ»

Խոսրով Յարութիւնեան

Հայաստանի քրիստոնեայ դեմոկրատական միութիւն կուսակցութեան երէկ նախագահ Խոսրով Յարութիւնեան յայտնեց, որ իրեն առաջարկ պիտի չկատարուի կառավարութեան մաս կազմելու:

«Խելամիտ ըլլալու պարագային ինծի այսպիսի առաջարկ չեն ներկայացներ: Ես ինծի կը տեսնեմ խորհրդարանին մէջ, անկէ խորհրդարանը անհամեմատ աւելի շատ պիտի շահի», լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ըսաւ Խոսրով Յարութիւնեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է, որ Ազգային ժողովի նախագահ դառնայ, ան խորհուրդ տուաւ չանհանգստանալ եւ նշեց, որ այդպիսի բան տեղի պիտի չունենայ:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ թերեւս կը նշանակուի Ազգային ժողովի նախագահ, Խոսրով Յարութիւնեան նշեց, որ ինքը գիտէ ինչ որ կ՛ըսէ եւ Ազգային ժողովի նախագահ վստահաբար պիտի չըլլայ:

Յարութիւնեան չըսաւ, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ Ազգային ժողովի նախագահը:

 

Share this Article
CATEGORIES