Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան Միասնական Կեդրոնի Յայտարարութիւնը` Այսօր

Այսօր քաղաքագէտներու միութիւնը կը հրաւիրէ ընտրութիւններու հանրային վերահսկողութեան նուիրուած տասներորդ լիագումար նիստին:

Նիստին ընթացքին պիտի ներկայացուի հանրային վերահսկողութեան միջկուսակցական միասնական կեդրոնի ամփոփիչ յայտարարութիւնը` Հայաստանի մէջ 6 մայիսին տեղի ունեցած Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ընթացքին եւ պաշտօնական արդիւնքներուն վերաբերեալ:

Խօսքեր պիտի առնեն եւ լրագրողներու հարցումներուն պատասխանեն միասնական կեդրոնին մէջ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, Հայ ազգային քոնկրեսը եւ Դաշնակցութիւնը ներկայացնող Վարդան Օսկանեան, Լեւոն Զուրաբեան եւ Արմէն Ռուստամեան:

Share this Article
CATEGORIES