Շարմ Շէյխի Մէջ Նալբանդեան Սալեհին Հայաստան Հրաւիրեց
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եգիպտական Շարմ Շէյխ քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցաւ իրանցի իր պաշտօնակիցին հետ:
Իրանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ հանդիպման ընթացքին Ալի Աքպար Սալեհին, նշելով հայ-իրանական պատմական կապերը, ընդգծեց, որ երկու երկիրները պէտք է բարեկամական մթնոլորտի մէջ միասին աշխատին` խուսափելու համար թիւրիմացութիւններէն:
Ան ըսաւ, որ Իրան կ՛աջակցի շրջանի երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան` նպատակ ունենալով ապահովել շրջանի խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը, բարգաւաճումը եւ զարգացումը:
Էդուարդ Նալբանդեան յայտնեց, որ Թեհրան դէմ է դրացի երկիրներու միջեւ որեւէ վիճաբանութեան:
Նալբանդեան Իրանի արտաքին գործոց նախարարը հրաւիրեց մօտիկ ապագային այցելելու Հայաստան: Նալբանդեան նաեւ յոյս յայտնեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրներուն շուրջ Իրաքի մէջ տեղի ունենալիք 5+1 ձեւաչափով բանակցութիւններուն ընթացքին դրական արդիւնքներ արձանագրուին:
Նալբանդեան Եգիպտոսի մէջ կը մասնակցի Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժման արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման:
Վերջին տարիներուն Հայաստան եւ Իրան ուժանիւթի մարզին մէջ համագործակցելու շարք մը համաձայնագիրներ ստորագրած են, ինչպէս նաեւ համաձայնած են խորացնել համագործակցութիւնը առեւտուրի, արդիւնաբերութեան եւ արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները փոխանցեցին, որ Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժման համակարգող բիւրոյի նիստին ընթացքին եզրափակիչ փաստաթուղթին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը:

