50 տարի առաջ ( 12 մայիս 1962 )
Մուսա Լերան Ուսումնասիրաց Միութեան
Ընտանեկան Խրախճանքը
Աւանդական սովորութիւն է դարձած ընտանեկան այս խրախճանքը, միութեան տասնեակ մը տարիներու գոյութեան ընթացքին:
Շաբաթներէ ի վեր միութեան վարչութիւնը լծուած էր տենդագին աշխատանքի` յաջողութեամբ գլուխ հանելու համար սոյն ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան «Ռշտունի» սրահին մէջ, անդամներու եւ բարեկամներու կոկիկ հասարակութեան մասնակցութեամբ: Ժամը 9:00-ին սրահը լեցուած էր եւ բոլոր սեղանները` գրաւուած, խրախճանքը կը սկսէր ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ:
Երեկոյթը աւելի կենսունակ դարձնելու համար վարչութիւնը հրաւիրած էր հայկական նուագախումբ մը, որուն մէջ զգալի էր ներկայութիւնը Սեդրակ Էսմերեանի, որ նոյնպէս սիրայօժար ստանձնեց օրուան թամատայութիւնը եւ իր շէնշող բնաւորութեամբ ներկաներուն մէջ ստեղծեց զուարթութիւն եւ խանդավառութիւն:
Նուագախումբին մասնակցութեամբ եղան հայկական եւ եւրոպական պարեր, մենապարեր, խմբերգներ: Քանի մը անգամներ ներկաները պարեցին Մուսա լերան աւանդական շուրջպարը: Յակոբ Սարգիսեան իր հաղորդական ձայնով երգեց «Հորովել»-ը: Ապա յաջորդաբար խօսք առին միութեան անդամներէն Եդուարդ Պոյաճեան եւ Գրիգոր Նգրուրեան, որոնք աւելի ոգեւորութիւն ներշնչեցին ներկաներուն:
Առաւօտեան ժամը 2:00-ին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւնը, որուն տոմսերը տեղւոյն վրայ սպառեցան շատ կարճ ժամանակի մը մէջ:
Խրախճանքը վերջ գտաւ առաւօտեան ժամը 3:30-ին` ապահովելով միութեան նիւթաբարոյական մեծ յաջողութիւն մը:
Մուսա լերան Ուսումնասիրաց միութիւնը ծնունդ առած է տասնեակ մը տարիներ առաջ, Պէյրութի մէջ: Անոր նպատակն է պաշտպան կանգնիլ եւ նիւթապէս օժանդակել մեր չքաւոր հայրենակիցներուն, որպէսզի անոնց զաւակները անուս չմնան, եթէ կարող են, շարունակեն իրենց ուսումը երկրորդական վարժարաններու եւ քոլեճներու մէջ: Նախանցեալ տարիներուն միշտ տասէն վեր է եղած միութեան որդեգրած սաներուն թիւը, այս տարի բացառաբար ունինք միայն վեց սաներ` ազգային այլեւայլ վարժարաններու մէջ:
ԵՓՐԵՄ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ
«Մայրերու Օր» Հայաշէնի Մէջ
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Հայաշէնի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Մայրերու օր»-ուան տօնակատարութիւնը, 6 մայիս 1962, կիրակի երեկոյեան, Ազգային Թորգոմեան վարժարանի սրահին մէջ, ուր ներկայ էր կոկիկ հասարակութիւն մը:
Կը նախագահէր Մարի Սարգիսեան, որ իր բացման խօսքին մէջ ամփոփ կերպով թուեց մայրերու արժանիքները, առաքինութիւնները, մասնաւորաբար դրուատեց հայ մայրերուն զոհողութիւնները, նուիրումը եւ անոնց բծախնդրութիւնը` հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ:
Յարգելի բանախօսը` Յակոբ Ժամկոչեան բացատրեց օրուան խորհուրդը եւ մասնաւորաբար շեշտեց, թէ հայ մայրերը ներշնչման աղբիւր եղած են մեր արուեստագէտներուն: Տուաւ օրինակներ` Իսահակեանէն, Շիրազէն, Վարուժանէն: Յիշեց այն իրողութիւնը, թէ հայ մայրեր մեր պատմութեան մէջ որքան մեծ դեր կատարած են, եւ թէ` «մայր» բառը այնքան սիրելի եղած է մեզի, որ այդ անունով մկրտած ենք մեր հայրենիքը` Մայր Հայաստան, մեր լեզուն` Մայրենի լեզու, եւ մեր մայր գետը` Մայր Արաքս:
Գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը. ապրումով մեներգեց Յասմիկ Յովսէփեան, արտասանեց Յաբեթ Ղարապաղեան, նուագեց (ձեռնադաշնակով) Սահակ Շամլեան:
Իր փակման խօսքին մէջ Մարի Սարգիսեան ըսաւ ի միջի այլոց. «Մաղթելի է, որ արդի հայ մայրերը լա՛ւ ճանչնան մեր հայրենիքը, մեր պատմութիւնը, ինքզինքնի՛ն` մեր պատմութեան մէջ, որպէսզի սիրեն ու սիրել տան իրենց զաւակներուն, որպէսզի իրենց զաւակները կապուած մնան մեր ազգին ու սիրեն մեր լեզուն, եւ մեր նախնիքներուն աւանդը, հայ մշակոյթը անաղարտ փոխանցեն յաջորդ սերունդներուն:
Շնորհաւորելի է այս յաջող ձեռնարկը կազմակերպող Լիբանանահայ Օգնութեան խաչի վարչութիւնը:
Ներկաները խոր տպաւորութեամբ մեկնեցան սրահէն:
ԹՂԹԱԿԻՑ

