Ինչո՞ւ Գիծեր Կան Վագերաձիին Մարմնին Վրայ
Գիտնականները կը մտածեն, թէ վագերաձիերուն մարմնին վրայ գիծերը կը ծառայեն անասունները պահպանելու յատուկ միջատի մը խայթոցներէն:
Ինչո՞ւ վագերաձիերը գիծեր ունին իրենց մարմնին վրայ:
Աւելի քան 100 տարիներէ ի վեր բազմաթիւ գիտնականներ տարբեր պատասխաններ առաջարկած են: Սակայն ասիկա չ՛արգիլեր, որ ուրիշ մասնագէտներ նոր պատասխաններ փնտռեն բնութեան այս խորհրդաւոր հարցին:
Այս ձեւով, հունգարացի եւ շուէտացի գիտնականներէ կազմուած խումբ մը նոր ուսումնասիրութիւն մը տպած է «Ճըռնըլ օֆ էքսփերիմենթըլ պայոլոճի» թերթին մէջ: Ըստ անոնց, վագերաձիերուն սեւ եւ ճերմակ գիծերը զանոնք նուազ գրաւիչ կը դարձնեն ձիերը եւ անոնց զարմիկները խայթող մեծ ճանճերուն, քան` սրճագոյնը կամ ճերմակը:
Անոնք ուսումնասիրած են, թէ ինչպէ՛ս արեւուն լոյսը կը զարնէ այս մեծ ճանճերուն աչքը ձիերու տարբեր մորթերու վրայ ցոլացուելէ ետք, եւ` արդիւնքները բաղդատած:
Երբ ձիուն մազերը մութ գոյն են, լոյսը կը ցատկէ հորիզոնական ձեւով, եւ մեծ ճանճին ուշադրութիւնը կը գրաւէ: Երբ այդ մազերը ճերմակ են լոյսի ալիքը տարբեր ուղղութիւններով կ՛երթայ եւ մեծ ճանճին ուշադրութիւնը նուազ կը գրաւէ:
Երբ անասունին մարմինը գիծեր կ՛ունենայ, այս ազդեցութիւնները միասին անասունը նուազ գրաւիչ կը դարձնեն: Սակայն գիտնականները տակաւին կը փորձեն հասկնալ, թէ մեծ ճանճերուն դէմ պաշտպանուելու այս հնարքը իսկապէս դեր մը խաղցա՞ծ է վագերաձիերուն մարմնին գոյնին եղափոխման մէջ:
Փորձենք Հասկնալ
– Կասկած չկայ, թէ մեծ ճանճերը կը նախընտրեն խայթել սրճագոյն ձիերը, քան` վագերաձիերը: Սակայն արդեօք այս պատճառո՞վ է, որ վագերաձիերուն մարմինը գծաւոր է:
– Ըստ 19-րդ դարու գիտնական Տարուինի եղափոխութեան տեսութեան, անասունները կը զարգանան իրենց միջավայրին պատշաճելով:
– Օրինակի համար, եթէ շրջանի մը մէջ նուազ ուտելիք կայ, եւ անասուններու ընտանիքի մը պզտիկ տեսակները ամէնէն շատը կը տոկան ուտելիքի այս պակասին, այս ամէնէն փոքր տեսակները վերապրելու աւելի հաւանականութիւն ունին:
– Իբրեւ արդիւնք` անասուններու այդ ընտանիքը շատ աւելի փոքր տեսակի անդամներ պիտի ունենայ:
– Վագերաձիերուն պարագային, պէտք է հարց տալ, թէ գծաւոր անդամները ի՛նչ ձեւով աւելի ընդունակ էին իրենց միջավայրին:
– Օրինակի համար, կրնայ ըլլալ, որ մեծ ճանճերը անոնց հիւանդութիւններ կը փոխանցէին, եւ անոնք, որոնք նուազ կը խայթուէին (գծաւոր մարմին ունեցողները) վերապրելու աւելի հաւանականութիւն ունէին: Հետեւաբար անոնք կ՛ունենային ձագեր, որոնց կը փոխանցէին իրենց գիծերը:
Ձեռային Աշխատանք
Պնակին Տակ
Այս հաստ խաւաքարտէ վագերաձին կը ծառայէ ո՛չ միայն սեղանը զարդարելու, այլեւ` վրան տաք ճաշի ամանները դնելու համար:
Պէտք ունիս
Հաստ խաւաքարտէ տուփի մը (մէջը ալիքաւոր բաժին ունեցող խաւաքարտ), մկրատի, ջրաներկի, վրձինի, բարակ պարանի:
Ինչպէ՞ս

1.- Խաւաքարտի կտորը դիր սեղանին վրայ, անոր ներքին ալիքները հորիզոնական ձեւով: Անոր վրայ գծէ վագերաձիին շրջագիծը: Վրան աւելցուր իրարմէ 2,5 սմ հեռու գիծեր: Չափահասէ մը խնդրէ, որ քեզի օգնէ կտրելու շրջագիծը եւ երիզները: Կտրելէ ետք երիզներուն շարքը պահէ:

3.- Երկու բարակ պարաններ անցուր հորիզոնական ալիքներուն մէջէն. 2 սմ ձգէ եւ ապա հանգոյցներ ըրէ երկու կողմերէն: Բարակ պարանի քանի մը պզտիկ կտոր փակցուր վագերաձիին գլխուն վրայ:
Ուրիշ Բացատրութիւններ
Արդեօք մեծ ճանճերու խայթոցէն խուսափելու համա՞ր է, որ վագերաձիերուն մարմինը գծաւոր դարձած է: Նոյնիսկ այս ուսումնասիրութիւնը կատարած գիտնականները ամբողջովին վստահ չեն իրենց եզրակացութենէն: Անոնց համար վստահաբար բազմաթիւ բացատրութիւններ գոյութիւն ունին վագերաձիերուն գիծերուն վերաբերեալ:
19-րդ դարէն ի վեր արդէն բազմաթիւ բացատրութիւններ յառաջ քշուած են:
Անգլիացի նշանաւոր գիտնական Չարլզ Տարուին համաձայն չէր Ալֆրետ Ռասըլ Ուալլասի հետ, որ նոյն շրջանին բնական ընտրութեան տեսութիւնը առաջարկած էր:
Ըստ Ուալլասի, անասունին մարմնին գիծերը ծպտուելու միջոց մըն էին: Մինչ Տարուին չէր հասկնար, թէ ինչո՛ւ գիծերը անասունին կրնային օգնել ծպտուելու Հարաւային Ափրիկէի ընդարձակ տարածութիւններուն մէջ, ուր խոտը շատ ցած է եւ ծառերը` հազուագիւտ:
***
Հետագային ուրիշներ ենթադրեցին, թէ գիծերը կրնային օգտակար ըլլալ տաքութեան դէմ պայքարելու համար:
Ուրիշներ երեւակայեցին, թէ առիւծի մը նման որսացող անասունի մը համար դժուար էր մէկ վագերաձիի մը վրայ կեդրոնանալ ամբողջ հօտին մէջ: Իրենց այս գիծերով բոլոր վագերաձիերը իրարու մէջ կը մտնեն առիւծին աչքին:
Վերջին տեսութիւն մը. այս գիծերը վագերաձիերուն կարելիութիւնը կու տան զիրար ճանչնալու, որովհետեւ իւրաքանչիւր անասունի գիծերը տարբեր են միւս անասուններէն, ինչպէս, մեր պարագային, իւրաքանչիւր մարդ արարած ունի միայն իրեն յատուկ մատնահետքեր:
Այլազան
Ձրի Է
Էսթոնիոյ մայրաքաղաքը` Թալին, պիտի դառնայ եւրոպական առաջին մայրաքաղաքը, որ պիտի առաջարկէ հանրութեան ամբողջովին ձրի հանրային փոխադրակառքեր: Այս շարժումին նպատակն է օդը աւելի մաքուր դարձնել այս քաղաքին մէջ, որ շատ ռուս եւ ֆինլանտացի զբօսաշրջիկներ կ՛ընդունի:
69,14…
… մեթր: Ասիկա թուղթէ օդանաւ արձակելու նոր մրցանիշն է: Այս մրցանիշը արձանագրուած է Քալիֆորնիոյ մէջ, օդուժին պատկանող հին մթերանոցի մը մէջ:
Մրցանիշը արձանագրողը ամերիկեան ֆութպոլի նախկին մարզիկ մըն է. ան միշտ շատ հետաքրքրուած է թուղթէ օդանաւերով: Նախկին մրցանիշը 63 մեթր էր: Այս նոր ախոյեանին համար թուղթէ օդանաւին արուեստը «նրբութեան հարց է: Ան նոյն ատեն պէտք ունի հզօրութեան, հաւասարակշռութեան եւ ղեկավարելու կարողութեան»:
1226
Հակառակ անոր որ աշխարհի տնտեսական վիճակը բաւական դժուար օրեր կ՛ապրի, սակայն աշխարհին մէջ միլիառատէրերուն թիւը բարձրացած է:
«Ֆորպզ» թերթը ամէն տարի կը կազմէ աշխարհի ամէնէն հարուստ անձերուն ցանկը:
25 տարիներ առաջ, երբ առաջին անգամ ըլլալով այս ցանկը կազմուեցաւ, անոնք 140 հոգի էին: Այսօր անոնց թիւը կը հասնի 1226-ի: Անոնց գլխուն կը գտնուի լիբանանեան ծագումով, մեքսիքացի Քարլոս Սլիմ, որուն հարստութիւնը կը հասնի 69 միլիառ տոլարի:
Ժամանց
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ







