Երուանդ Քոչար. «Գեղարուեստը Մշտնջենական Է»
Դժուար է ըսել, թէ Փարիզի եւ եւրոպական շատ մը այլ քաղաքներու մէջ ունեցած յաջողութիւններէն ետք, Քոչար ինչո՞ւ 1936-ին գնաց Հայաստան: 1920-ականներուն եւրոպական հեղինակաւոր ամսագիրները արդէն կը գնահատէին անոր արուեստն ու կը մատնանշէին այն նուաճումները, որ Քոչար ունեցած է արուեստին մէջ: Եթէ այսօր մենք Քոչարը գիտենք եւ կ՛ընդունինք հիմնականին մէջ իբրեւ քանդակագործի (անոր ստեղծած «Սասունցի Դաւիթ», «Վարդան Մամիկոնեան» եւ այլ արձաններուն համար), ապա անցեալ դարասկիզբին ան Եւրոպայի մէջ ճանչցուած եւ փառաբանուած էր իբրեւ տաղանդաւոր գեղանկարիչ: Անոր անհատական ցուցահանդէսները Փարիզի ժամանակակից արուեստի սրահներուն մէջ աղմուկ կը հանէին… Ան ոչ միայն կը գծէր, այլ նաեւ արուեստի մասին դասախօսութիւններով հանդէս կու գար նկարիչներուն եւ արուեստի մասնագէտներուն առջեւ:
Սակայն Քոչար յանկարծակիօրէն կ՛որոշէ այցելել իր ծննդավայրը (Թիֆլիս)` առանց կասկածելու, որ ընդմիշտ կը լքէ Փարիզն ու այն արուեստի միջավայրը, որ ձեւով մը նաեւ ի՛ր միջոցով ստեղծուած ու կազմուած էր (ան հոն կը ձգէ նաեւ իր սիրած կինը, որմէ այս յանկարծակի բաժանումը կը դառնայ վերջնական. բան մը, որ ազդեցութիւն կ՛ունենայ անոր հոգեկան աշխարհին վրայ): Թիֆլիսի մէջ Քոչար կը դիմէ` ընդունուելու Նկարիչներու միութեան շարքերը եւ կը մերժուի. այդ մերժումով Քոչար տակաւին չի զգար, որ իր առջեւ կը բարձրանայ խորհրդային բռնապետութեան ու բիրտ կարգերուն կարծր պատը: Թիֆլիսէն կը տեղափոխուի Երեւան: Հայրենիքի մէջ Քոչար կը հանդիպի տարբեր ընդունելութիւններու. կային անոր արուեստը գնահատողներ եւ արժեւորողներ, նաեւ կային անոր բերած նորարարութիւնները մերժողներ եւ զինք հալածողներ: Շատ արագ սկսան Քոչարը մեղադրել իբրեւ ժողովուրդի թշնամիի, իսկ անոր բերած արուեստին թարմութիւնն ու ինքնատպութիւնը բնորոշեցին իբրեւ հակայեղափոխական գործունէութիւն եւ վնասակար ազդեցութիւն: Նախանձի, տգիտութեան եւ չկամութեան ձեռագիրը ամէն տեղ նոյնն էր, նոյնն էր եւ Քոչարի պարագային:
Սասունցի Դաւիթ դիւցազներգութեան ստեղծման 100-ամեակին առթիւ յայտարարուած արձանի մրցոյթին կը մասնակցի նաեւ Քոչար, կը ստեղծէ Սասունցի Դաւիթի արձանին գաճէ տարբերակը (որ անոր ձերբակալութեան օրերուն թշնամաբար կ՛ոչնչացուի): 1939 թուականին Քոչար կը բանտարկուի եւ բանտին մէջ կ՛արժանանայ ստորացումներու եւ նուաստացումներու: Դաժան են ժամանակակիցներուն յուշերը այդ մասին. բանտին մէջ անոր կը մօտենար վերակացուն եւ, պարզելով քարտէսն ու գաւազանի հարուածներ տեղացնելով` կը հարցնէր. «Ապա ցոյց տուր, թէ ո՞ւր է քո այդքան սիրած Փարիզը»: Քոչար լուռ ցոյց կու տար Փարիզին տեղը, վերակացուն կրկին կը հարուածէր, այնքան, որ հանճարեղ արուեստագէտը ուշագնաց կ՛ըլլար, պաղ ջուրով ետ կը բերէր անոր գիտակցութիւնը եւ կը շարունակէր ծեծը… Քոչարը բանտին մէջ կը կորսնցնէ լսողութիւնը: Երկու տարի եւ երկու ամիս տանջուելէ ետք Կարօ Հալաբեանի եւ Անաստաս Միկոյեանի միջամտութեամբ դուրս կ՛ելլէ բանտէն, սակայն հոգեկան ու ֆիզիքական ճնշումները մեծ ազդեցութիւն կը ձգեն անոր ներաշխարհին վրայ: Կը գրեն, որ Քոչար յաճախ երկար ժամանակ լուռ կը մնար, հայեացքը կը յառէր հեռուն եւ չէր ուզեր խօսիլ մարդոց հետ: Այնուհանդերձ, ուժ կը գտնէ` ստեղծագործելու, կը մասնակցի ցուցահանդէսներու եւ կ՛արարէ այսօր Երեւանի խորհրդանիշներէն մէկը նկատուող «Սասունցի Դաւիթ» արձանը: Արձանը կը տեղադրուի` ստեղծուելէն միայն 20 տարի ետք` մաքառումի եւ պայքարի երկար ճանապարհ անցնելով: Կ՛արժանանայ պետական մրցանքներու: Քոչար կը մահանայ Երեւանի մէջ, 1979-ին:
Այսօր արդէն գիրքեր կը գրուին մեծն Քոչարի մասին, լոյս կը տեսնեն ալպոմներ եւ ուսումնասիրութիւններ: Վերջերս տպագրուած է նաեւ «Ես եւ դուք» խորագրով գիրք մը, որուն մէջ ամփոփուած են Վարպետին խոհերը, յուշերն ու արուեստաբանական վերլուծութիւնները: Իսկ Քոչարի փարիզեան եւ երեւանեան կեանքին մասին ամբողջական պատկերացում կարելի է կազմել` կարդալով Վիգէն Իսահակեանի «Հայրս» գիրքը. Աւետիք Իսահակեանի որդին, հօր կեանքին զուգահեռ, անդրադարձած է նաեւ շատ մը այլ մեծերու, անոնց կարգին նաեւ` Քոչարի կեանքին: Քոչարի մասին նկարահանուած է նաեւ շարժանկար (բեմադրիչն է արուեստագէտի որդին` Ռուբէն Քոչարը):
ԵՐՈՒԱՆԴ ՔՈՉԱՐ
Խոհեր
«Արուեստը մի անաւարտ կամուրջ է, որի մէկ ոտքը յենուած է կեանքի վրայ, իսկ միւսը մեկնուած է դէպի անեզրութիւնը… Ամէն մի հանճար երկարացնում է այդ ոտքը, որպէսզի գտնի երկրորդ յենարանը… եւ այդպէս անվերջ… Դրա համար արուեստը մարդկութեան լաւագոյն իղձերի անվախճան պատմութիւնն է…»:
«Ամէն արժէք գեղեցկութիւն է դառնում, բայց գեղեցկութիւնն ամէն արժէքից բարձր է…»:
«Արուեստն անիրական կեանք է, ու նրա ճշմարտութիւնն այլ է, քան` կեանքի ճշմարտութիւնը…»:
«Մինչ այսօր նկարչութիւնը առարկան ներկայացնում էր միայն մի կողմից, դա կարծես ճակատագիր էր, մինչդեռ ես կարող եմ առարկան, մարդուն, փէյիզաժը ներկայացնել տարբեր կողմերից միաժամանակ` առանց քանդակելու: Տարածական նկարչութիւնը նոր զգայութիւն է` մեր դարի զգայութիւնը, ես ձեզ տալիս եմ կենդանի հացը, կերէք… դուք նայում եւ չեք տեսնում»…
«Իսկական արուեստը յուզիչ է, ցնցող, շատ անգամ` անողոք ու տանջող, այդպիսի արուեստի խնդիրն է իր հոյակապ ձգտումներին լուծում տալ իր ողբերգութեան բարձունքից»: «Արուեստը փաթոս է մարդկային հոգու` էմոցիայի ծայրայեղ լարում, ահա մշտնջենաւոր բովանդակութիւնն արուեստի»:
«Պատերազմը, ռումբերն ու թնդանօթներն անցողիկ են, իսկ գեղարուեստը մշտնջենական է»:
Պատրաստեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

