Երուանդ Քոչարին Մէկ Գործը` «Կրիմալտի» Իշխանական Սրահին Մէջ

Երուանդ Քոչարի` վերջերս Փարիզէն Հայաստան վերադարձուած գործերէն մէկը «Արթ Մոնաքօ-2012» ցուցահանդէսին արժանացած է մրցանքի եւ  աննախադէպ ընդունելութեան: Կրնանք ըսել, որ այդպիսի ընդունելութեան Քոչար արժանացած էր անգամ մըն ալ 1930-ականներուն` Փարիզ ապրած տարիներուն:

Կերպարուեստի ժամանակակից հեղինակաւոր ցուցահանդէսներէն մէկուն` «Արթ Մոնաքօ»-ին արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով մասնակցած  է նաեւ լիբանանահայ արուեստաբան  Մովսէս Հերկելեանը («Նոազ արք»-ի ներկայացուցած հեղինակներով): Մովսէս Հերկելեան օրերս վերադարձած է Մոնաքոյէն, եւ մենք շտապեցինք անոր հետ զրուցելու Քոչարի այս գործին մասին (ցուցահանդէսին «Նոազ արք» ցուցասրահին մասնակցութեան մասին «Ազդակ» անդրադարձած է 30 ապրիլի թիւով): Այսօր խօսինք Երուանդ Քոչարի` հանճարեղ հայուն, նորաստեղծին եւ հայ կերպարուեստի գագաթներէն մէկուն մասին:

Երբ ետ երթանք եւ բանանք 1930-ականներու եւրոպական մամուլը, կը տեսնենք, որ այդ տարիներուն Փարիզ բնակած Երուանդ Քոչարը մասնակցած է եւրոպական բոլոր կարեւորագոյն  ցուցահանդէսներուն. «Եւրոպան տեսակ մը մոռցած էր Քոչարը: Եւ հաւաքորդ մը`  Սարգիս Գրիգորեան, տարիներ առաջ  Եւրոպայէն Հայաստան բերելով անոր մէկ գործը եւ ետ` Մոնաքօ տանելով` կարծէք արթնցուց եւրոպացիներուն յիշողութիւնը` բարձր ամպիոնէն  անգամ մը եւս հնչեցնելով մեծն Քոչարին անունը», ըսաւ արուեստաբան Մովսէս Հերկելեան: Ինչպէս կը նշէ արուեստաբանը, Քոչարը եղած է համաշխարհային կերպարուեստի մէջ «Նկարչութիւն` տարածութեան մէջ» արուեստի տեսակը ստեղծողը. «Ոչ թէ արուեստի ուղղութիւն կամ ժանր է այդ մէկը, այլ` արուեստի տեսակ», շեշտեց Մովսէս Հերկելեան:

«Նկարչութիւն` տարածութեան մէջ» արուեստը այդ տարիներուն յեղափոխական նորարարութիւն մըն էր Եւրոպայի մէջ, այն կարծէք այսօրուան աշխարհը հեղեղած եռաչափութեան (3D-ի) նախատիպն է: Բացառուած չէ, որ բարձր արհեստագիտութիւնները իրենց մտայղացումները կը վերցնեն արուեստի նուաճումներէն, իսկ արուեստի մէջ եռաչափ պատկեր ստանալու առումով  նորաստեղծ էր Քոչար: «Նկարչութիւն` տարածութեան մէջ» արուեստը տեսածը խորութեամբ եւ ոչ սովորական ընկալումներով դիտելու հնարաւորութիւնն է, բան մը, որուն վրայ կը կառուցուի ժամանակակից թուային աշխարհը:    Քոչար ստեղծած է շատ նմանատիպ գործեր, որոնցմէ մաս մը այսօր կը պահուի եւրոպական թանգարաններու մէջ եւ հաւաքորդներուն քով:  Եթէ ժամանակին Քոչարին հնարաւորութիւն տրուէր իր մասնակցութիւնը բերելու Երեւանի կառուցման, մանաւանդ` գեղարուեստական նախագծման, ապա այսօր Երեւանը այլ կ՛ըլլար, չէին ըլլար այն հուժկու եւ սեւ արձաններուն մէկ մասը, որոնք հեռուէն անգամ վախ կը ներշնչեն: Քոչարը, վստահաբար, իրերն ու աշխարհը տեսնելու իր  եռաչափ մտածողութեամբ այլ պատկեր կու տար մեր մայրաքաղաքին: Սակայն ինչի՞ արժանացաւ Քոչարը հայրենիքի մէջ Փարիզէն վերադառնալէն ետք, յայտնի է բոլորիս… Նոյնիսկ այսօր, երբ կը վերակառուցուի նոր Երեւանը, կարելի է գործածել Քոչարի մտայղացումները, սակայն, ցաւօք, մեր մայրաքաղաքը այսօր կը վերստեղծուի ոչ թէ արուեստի, այլ` պիզնըսի շահերով…

Երուանդ Քոչար տակաւին կը մնայ չուսումնասիրուած, չհասկցուած, նոր սերունդին, մանաւանդ սփիւռքին գրեթէ անծանօթ…  Մինչ այդ  ժամանակին ան, ինչպէս  հաստատեց Մովսէս Հերկելեան, ցուցադրուած է Փապլօ Փիքասոյի, Ֆեռնան Լըժէի եւ Խուան Միրոյի կողքին: Թէ ո՛ւր է այսօր համաշխարհային մակարդակի վրայ, ըսենք,  Փիքասոյին կամ միւսներուն  տեղը, բոլորիս շատ լաւ յայտնի է, իսկ թէ ո՛ւր է այսօր նոյն միջազգային  մակարդակին վրայ Քոչարին տեղը, կրկին յայտնի է: Մոնաքոյի այս տարուան ցուցահանդէսը այն եզակի փորձերէն մէկն էր` միջազգային ասպարէզ հանել մեր մեծերը: Ինչպէս «Ազդակ»-ին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց Մովսէս Հերկելեան, թէ՛ իր հիմնած ցուցասրահը եւ թէ՛ այլ ցուցասրահներ (ցաւօք, սակաւաթիւ) իրենց գործունէութեամբ կը ձգտին այդ կարեւոր գործին:  Ան գնահատեց Սարգիս Գրիգորեանին գործունէութիւնը, որ իր հիմնած «Բարձր արուեստ» ցուցասրահով մեծ գործ կը կատարէ: («Բարձր արուեստ» ցուցասրահը կը գործէ «Մարիոթ-Արմենիա» պանդոկին մէջ):

Ըստ Մովսէս Հերկելեանին, թէ՛ ինք եւ թէ՛ Սարգիս Գրիգորեան վստահ են, որ  մեր շատ մը արուեստագէտներ իրենց մեծութեամբ եւ տաղանդով չեն զիջիր օտարներուն. «Բարձր արուեստ» ցուցասրահին տնօրէնը կը հաւատայ, որ  հայ ազգային կերպարուեստի զարգացումն ու տարածումը մեծապէս կը նպաստեն նաեւ հայրենի տնտեսութեան զարգացման, Հայաստանի պետութեան վարկին` միջազգային բեմերուն վրայ», ըսաւ Մովսէս Հերկելեան` հաւատացած ըլլալով, որ արուեստին բերած հեղինակութեամբ կարելի է լուծել մեր այսօրուան շատ մը խնդիրներ. «Մենք` հայերս, թէ՛ Հայաստան, թէ՛ սփիւռք, ունինք որակ եւ քանակ, սակայն չենք կրնար միջազգային մակարդակով ներկայանալ, արժեւորուիլ միջազգային բեմերու վրայ: Ինչո՞ւ:  Այս փորձը ցոյց կու տայ, որ եթէ  ճիշդ տեղը, ճիշդ ժամանակին ներկայացուի գործ մը` առանց դրամ եւ որեւէ բան խնայելու, ապա այն անպայման կ՛ունենայ իր արժանի տեղը», ըսաւ Մովսէս Հերկելեան` տեղեկացնելով շատ կարեւոր ծրագրի մը մասին.  2013-ի աշնան Երեւանի մէջ նախատեսուած է կազմակերպել կերպարուեստի միջազգային ցուցահանդէս մը` «Արթ-Արմենիա», որուն պիտի օժանդակէ հայրենի պետութիւնը` սեփական հատուածին հետ միասնաբար: Ծրագիրը արդէն պատրաստ է, աշխատանքներ կը տարուին անիկա յաջողութեամբ իրականացնելու համար:

… Իսկ վերադառնալով Քոչարի ստեղծագործութեան` նշենք, որ մասնագէտները անիկա գնահատած են կէս միլիոն եւրօ:  Տարածական նկարչութեան այդ գլուխգործոցը կը խորհրդանշէ մարդկութեան սկիզբը:

Քոչարի այս ստեղծագործութիւնը շուրջ 30 տարի պահուած է հաւաքորդ  Փաթրիք Թրիկանոյին քով, որմէ ետք  հանգրուանած  է Փարիզի «Մինոտավր» ցուցասրահը` արուեստի մենէյճըր Պենտիթ Սափիրոյին քով: Սարգիս Գրիգորեանը, որ շատոնց հետաքրքրուած էր Քոչարի` դուրսը գտնուող գործերուն ճակատագրով, երկար որոնումներէ եւ կապեր հաստատելէ ետք, վերջապէս, բարձր գին վճարելով, գնած է գործը:  Այս տարի Մոնաքոյի փողոցները հեղեղուած էին պաստառներով, որոնց վրայ տաղանդաւոր Քոչարի այդ գործն էր. անիկա ընտրուած էր Մոնաքոյի այս տարուան խորհրդանիշը` իր թէ՛ թեքնիքով եւ թէ՛ այլ արժանիքներով զարմանք պատճառելով շատերուն: (Մոնաքոյի այս տարուան ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է 5-8 ապրիլ):

Աշխատանքի լուսանկարը պատկերուած է նաեւ Մոնաքոյի կերպարուեստի ցուցասրահի պատկերագրքին վրայ (պատկերագրքին մասնագիտական յօդուածին հեղինակը Մովսէս Հերկելեանն է. յօդուածին խորագիրն է` «Արուեստը մարդուն մարդկայնացող ամենամարդկային գործօնն է»): Ցուցահանդէսին մասնակցած են  աշխարհի 100-է աւելի ցուցասրահներ, որոնք կը ներկայացնէին 4000-է աւելի ստեղծագործութիւններ:

… Քոչարի գործը եւրոպական մակարդակով ստացաւ իրեն  արժանի, թերեւս առաջին  գնահատականը,  իսկ այսօր հայ  արուեստաբաններուն եւ արուեստի քննադատներուն կարգն է` վերջապէս ուսումնասիրել եւ ըստ արժանւոյն  վերլուծել այս աշխատանքը, այս բացառիկ եռաչափ պատկերը, որ կարծէք համակարգչային բարձր որակի անիմասիոն ըլլայ,  կամ` լազերային սարքի միջոցով ստացուած գունային ու պատկերային համադրում… Իսկ իմ կարծիքով, գործը պէտք է ի վերջոյ դառնայ պետութեան սեփականութիւնը եւ անիկա անձնական հաւաքածոյէն անցնի պետութեան անձեռնմխելի սեփականութիւններուն կարգը: Գործ մըն է, որ յեղաշրջում բերած է եւրոպական անցեալ դարու կերպարուեստին մէջ եւ այդ առումով մնացած  է անկրկնելի: Հեղինակը հայ է, եւ անոր ստեղծած գործը պէտք է դառնայ հայ ժողովուրդին սեփականութիւնը:

Պատրաստեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Share this Article
CATEGORIES