Հայկական Քաղաքացիութեան Տուչութեան Աշխատանք Այնճարի Մէջ

Սփիւռքահայը, որ ամբողջ դար մը հայրենիքէն հեռու հայրենիքը երազեց, հայրենիքի կարօտով տագնապեցաւ եւ հայրենիքը իր մէջ ապրեցուց, մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեց սփիւռքահայուն հայկական քաղաքացիութեան իրաւունք շնորհելու որոշումը:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Կարէն Մաթեւոսեանի նախաձեռնութեամբ եւ գործակցութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան եւ Այնճարի հայութեան ընձեռուեցան բացառիկ դիւրութիւններ:

Կարէն Մաթեւոսեան Այնճար տուած այցելութեան ընթացքին ընդունելի նկատեց այն բոլոր ներկայացուած դիմումները, որոնք կը կրեն քաղաքապետութեան կնիքը եւ վաւերացումը:

5 մայիս 2012-ին հիւպատոսը դարձեալ Այնճար այցելեց եւ ստանձնեց ցարդ եղած բոլոր դիմումները:

Ժողովուրդին մօտ մեծ է խանդավառութիւնը եւ յաջորդ հանդիպումին հիւպատոսին կը սպասէ բաւական ստուար թղթածրար մը:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES