Շուշիի Պարծանքը Յաւերժացնող Յուշաքարին Պատգամը

Հ. Պ.      

Հոգեգրաւ աւանդութիւն է դարձած այն, որ դաշնակցական ակումբներու մէջ ամէն պատեհ առիթի կը նշուին յիշարժան թուականներ, կը կանգնեցուին մեծութիւններու կիսանդրիներ, կը զետեղուին յուշաքարեր` որպէս ազգային արժէքներու խոր գիտակցութեան խորհուրդը պարփակող քարեղէն մատեաններ:

Արդարեւ, Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակին նուիրուած եւ ՀՅԴ համանուն կոմիտէի նախաձեռնութեամբ յուշաքարի զետեղումը (վաղը` կիրակի, 13 մայիս 2012-ին), ինքնին պերճախօս աքթ մըն է, յարգանքի ու երախտիքի վսեմ արտայայտութիւն բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք իրենց կեանքը նուիրաբերեցին յանուն ազգային տենչերու իրականացման, հայրենիքի անկախութեան,  ազատութեան, Արցախի ազատագրումին եւ դարաւոր Շուշիի վերահայացման:

Իրօք, քսան տարիներու հեռաւորութեամբ մը` 9 մայիս 1992-ին,  հազարամեայ Շուշիի դարպասէն ներս մուտք կը գործէին հայ քաջարի եւ հերոսածին ազատամարտիկներ, որոնց հատու եւ վրէժխնդիր հարուածներուն ուժգնութեան տակ  թուրք-ազերի հորդաներ փախուստի ճանապարհը բռնելով` ջախջախուած եւ նուաստացած կը հեռանային հայոց սուրբ հողէն, անգամ մը եւս հոն ոտք չկոխելու պատգամէն սարսափած:

Օրին, արցախեան ազատագրական պայքարի վեհափառ սխրանքներուն եւ զոհողութիւններու դիմաց ամբողջ հայութիւնը կը հոգեխառնուէր, սրտերու միացումով կը խանդավառուէր, աւելի՛ն. խոր գիտակցութեամբ եւ արժանավայելօրէն իր անգնահատելի ներդրումն ու աջակցութիւնը կը բերէր հայոց նորանկախ հայրենիքի վերականգնման եւ յառաջդիմութեան:

Այս հասկացողութեամբ է, որ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէութեան այս տիպի աշխատանքը աւելի քան ողջունելի է եւ էապէս գնահատելի, երբ ան գիտակցելով իր գաղափարական հասունութեան եւ դաշնակցականի առաքելութեան կը լծուէր  նման պատուաբեր նախաձեռնութեան մը` շրջանի ամբողջ հայութեան ծառայութեան կոչուած ակումբին մէջ զետեղելու Շուշիի պարծանքը եղող յուշաքարը:

Հարկ է գիտակցիլ նաեւ, որ նման իրագործումներ նաեւ պարտաւորեցնող են ըստ ամենայնի եւ կ՛ընդգրկեն նշանակալից թելադրութիւններ`  նորահաս սերունդի մօտ առողջ եւ կայտառ պահելու ազգային գիտակցութիւնն ու հայրենասիրական ոգին,  եւ երբեք մոռացութեան չմատնելու արցախահայութեան անասելի տառապանքն ու անգին զոհողութիւնը:

Յայտնապէս արդար է արձանագրել, որ վերոնշեալ մտածումներուն եւ ապրումներուն կենդանութիւն պարգեւելու եւ զանոնք մարմարեայ յուշաքարին ընդմէջէն դրսեւորելու  մտադրութեամբ մը, դիմուած է գաղութի վաստակաւոր քանդակագործ հայրենասէր ու ներհուն արուեստագէտ Վարդան Աւեսեանի, որուն ստեղծագործ մատնահետքերուն արդէն իսկ քաջածանօթ է ամբողջ լիբանանահայութիւնը:

Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս տաղանդաւոր արուեստագէտը արժանահաւատօրէն իր լրումին հասցուցած էր իրեն վստահուած աշխատանքը:

Բոլորին վարձքը կատար:

 

Share this Article
CATEGORIES