Ոսկի Հորթը Եւ Դրամի Կուռքը

– Այլեւս ոչինչ կրնայ զիս զարմացնել:

Այս խօսքով դիմաւորեց զիս Կեդրոնականցի Արմենակ, երբ իրեն հանդիպեցայ այս անգամ Երեւան, փոքրիկ ճաշարանի մը մէջ, ցուցանակի մը վրայ «էպիլացիա» գրած ապակեպատ խանութի մը առջեւ: Փորձեցի հասկնալ, թէ ի՛նչ էր «էպիլացիա»-ն: Կիներու անպէտք մազերը փետելու սրահ… Մի՞թէ կարելի չէ ըսել` «մազազերծում»: Երկու անգամ կրկնենք, «մազազերծում»-ը կը փոխարինէ արդիական թուացող «էպիլացիա»-ն:

Չէի զարմացած «էպիլիցիա»-էն, ան կը նմանէր «ռեստաւրացիա»-ի:

Արմենակ ա՛լ որոշած էր չզարմանալ: Հաւատալու բան չէր:

Ճաշը եկաւ, «Կիլիկիա» գարեջուրով: Հայկական եւ հայանուն:

– Մակա՛ր, սիրելի՛ս, միայն թանգարաններ այցելելով եւ գիրք փնտռելով մի՛ գոհանար, երբեմն ալ փողոցները թափառէ:

– Նորէն ի՞նչ տեսար:

– Փողոցն ալ թանգարան է «բիզնես»-ի աշխարհին մէջ: Հիւրանոցէն հեռու չէ Կեդրոնական դրամատունը, վաղը հոն գնա…

– Ի՞նչ ընելու համար: Ո՛չ դրամ ունիմ առնելիք, ո՛չ պահ դնելիք գումար:

– Կարեւոր չէ: Փունջ մը ծաղիկ առ եւ նոր աստուծոյ ոտքին տակ դիր:

Արմենակ զիս ձե՞ռք կ’առնէր:

– Ըսէ՛ տեսնենք, ո՞ր աստուծոյ մասին է խօսքդ:

– Դրամի աստուծոյ:

– Դրամը ամէն տեղ է, Արմենա՛կ, հո՛ս ալ, Եւրոպա՛ ալ, Ամերիկա եւ Չինաստան ալ, ըսի իմ կարգիս:

– Աստուածաշունչի Ահարոնի Ոսկի հորթէն ետք դրամի կուռք չէ եղած աշխարհի մէջ, բայց մենք սովոր ենք ամէն բանի մէջ առաջինը ըլլալու, բացառիկ ըլլալու: Նոր ժամանակներու միակ ժողովուրդն ենք, որ մեր Ոսկի հորթը ունինք: Հրեաներն անգամ չունին:

– Ի՞նչ տեսար, Արմենակ:

– Հոս ամէն բան «բիզնես» է: Մնացեալը պղպջակ է: Բնական է դրամի աստուած ունենալ: Անիկա  տեղադրուած է Կեդրոնական դրամատան առջեւ: Հոն կու գան դրամի ծանր բեռ ունեցողները եւ բնական է, որ խոնարհին դրամի աստուծոյ առջեւ: Վաղը գնա՛ եւ աչքերովդ տե՛ս: Գիրք, արուեստ, մշակոյթ, պատմութիւն, եկեղեցի, շպար են: Մնացողները «բիզնես»-ին կ’երկրպագեն, Դրամի կուռքին, արտագաղթողները կ’երթան յանուն Դրամի կուռքին բախտ որոնելու:

Առաւօտեան գացի եւ տեսայ Ահարոնի Ոսկի հորթին նորաձեւ յաջորդը: Երկրպագողներ չկային: Մտածեցի. արդէն անոր օրհնութեամբ գործի լծուած են:

Յուշանուէրներու կրպակներուն մէջ փնտռեցի Դրամի կուռքին «կաճեթ» մանրակերտը, որպէսզի նուէր տանիմ ոմանց վիզէն կախելու համար:

Հետեւութեամբ Արփիարեանի, ըսի բարձրաձայն. նոր դարք, հին բարք:

ՄԱԿԱՐ, ի Երեւան, 23 ապրիլ 2012
Այսօր Երեւանը կը դառնայ Գիրքի Համաշխարհային Մայրաքաղաք

Share this Article
CATEGORIES