Մարիա Գարամանուկեանի Յիշատակին

Քառասուն օրեր առաջ առյաւէտ մեզմէ բաժնուեցաւ եւ պաղ հողին յանձնուեցաւ ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Մարիա Գարամանուկեան: Վերջին երկուքուկէս ամիսներուն հիւանդութեան պատճառով ան արդէն կը բացակայէր ժողովներէն` այն համոզումով, որ կրկին պիտի միանար իր ընտանիքին, հարազատներուն եւ սիրելի ԼՕԽ-ին: Բայց եւ այնպէս համոզումն ու կրկին կեանքին վերադառնալու կամեցողութիւնը իրականութիւն չդարձան, իր ու բոլորիս յոյսերը ոչնչացան…

Այսօր բացակայ էր նուիրեալ ԼՕԽ-ականը. ա՛լ պիտի չկարենայ օգնել կարիքաւորին ու հիւանդին, որբին ու անտէր ծերունիին: Մարիա Գարամանուկեան ունէր այնպիսի փխրուն սիրտ մը, որ չէր կրնար ոեւէ անձի խնդրանքը մերժել, կը փորձէր հասնիլ բոլորին, նեցուկ կանգնիլ բարոյապէս եւ նիւթապէս բոլոր այն անձերուն, որոնք իրեն կամ ԼՕԽ-ին կը դիմէին: Ան նոյնիսկ իր զաւակներուն կը դիմէր, որպէսզի այս կամ այն պարագային օժանդակութիւն ապահովէր:

Նոյնիսկ հիւանդ վիճակին մէջ ընկհ.  Մարիա կը շարունակէր մտածել կարիքաւորներուն մասին եւ կը յորդորէր այցելուները` զանոնք չմոռնալու, անոնց կողքին կանգնելու:

Հիմա ան արդէն յանձնուած է Աստուծոյ. վստահ եմ, որ հոնկէ եւս կ՛ուզէ օգտակար դառնալ բոլորին եւ շարունակել ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին նուիրական աշխատանքը: Երկար ծառայեցիր միութեան եւ ծառայութեան օրինակ դարձար քու յաջորդներուդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, Աստուած հոգիդ լուսաւորէ:

ԼՕԽ-Ի «ԱՐԱԳԱԾ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԷՆ
ԸՆԿԵՐՈՒՀԻ ՄԸ

Share this Article
CATEGORIES