Մանասէ Գէորգեանին. «Հարկ Լուծէ Զօրէնս»
«Բարեւ» բառէն աւելի անդին չէր անցած մեր հաղորդակցութիւնը ընկեր Մանասին հետ, հակառակ անոր որ Ճեմարանի մէջ երկու զաւակները աշակերտներս եղած էին, եւ ազնիւ կինը` պաշտօնակիցս:
Պուրճ Համուտի վաճառատան մուտքին յաճախ կը հանդիպինք եւ… «բարե՛ւ»:
Սակայն մեր կամքէն անկախ ստեղծուած եւ մեր ընտանիքը չարչրկող, աւելի քան տասնամեակ մը տեւած օրինական հարց մը լուծում գտաւ իր շնորհիւ (իր մէկ հարազատին եւ պաշտօնակիցներուն օժանդակութեամբ):
Այդ թնճուկին մէջ մենք եւ օրէնքը տարբեր բեւեռներու վրայ էինք: Օրէնքի տառացի գործադրութիւնը մեզի համար աղէտ պիտի ըլլար: Ընկեր Մանաս, որ պատասխանատու նշանակուած էր մարմինի մը, ընթացիկ «բարեւ»-է մը ետք ներս հրաւիրեց, որպէսզի զրուցենք:
Առաջին անգամն էր, որ դէմ դիմաց նստած կը զրուցէինք, եւ ես հոգեկան անհուն գոհացումով մը կը համոզուէի, որ ընկ. Մանաս այդ պաշտօնին կոչուելով, ոչ թէ օրէնքին չոր կիրառումին միայն հետամուտ էր, այլ ատկէ շատ աւելիին` առաւել մարդկայինին:
Միայն հինգ վայրկեան տեւեց մեր զրոյցը: Մեկնարկը հաստատեցինք լուծումի հոլովոյթին, բաժնուեցանք: Յաջորդ օրերուն նախկինին պէս շարունակեցինք մեր հաղորդակցութիւնը` «բարեւ»: Աւելին ըսելու պէտք չկար, ինք` փափկանկատ, ես` երախտապարտ:
Ընկեր Մանասին «բարեւ»-ը իսկապէս բարիք եղաւ, եւ իր գործակիցները վստահ եմ, որ կը շարունակեն այդ ոճը:
Բարե՛ւ:
ԹՈՐԳՈՄ

