«Հայեացք Արարատէն, Հայերը Եւ Թուրքերը» Պատերազմ, Պաղ Պատերազմ, Դիւանագիտութիւն (Հեղինակ` Թաթուլ Յակոբեան)
2012-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն, Անթիլիաս, լոյս տեսաւ հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի «Հայեացք Արարատէն, հայերը եւ թուրքերը» խորագրեալ ստուար հատորը, որ կը բաղկանայ 518 էջերէ: Սոյն գործը արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի եւ դասական ուղղագրութեան վերածած եւ խմբագրած է Գէորգ Եազըճեան: Հեղինակը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բազմաթիւ երեւելի անձերու եւ «Սօսի Թնճուկեան-Յակոբեան» յիշատակի ֆոնտին, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակեցին յիշեալ հրատարակութեան տպագրական աշխատանքին:
Թաթուլ Յակոբեան Արցախի եւ տարածաշրջանի մէջ հայերու եւ ազերիներու միջեւ գոյացած հակամարտութեանց քաջածանօթ լրագրողն է:
Հեղինակին երախայրիք հատորը, որ կը կոչուի «Կանաչ ու սեւ, արցախեան օրագիր», վերածուած է արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի եւ թարգմանուած` ռուսերէնի, անգլերէնի, թրքերէնի եւ արաբերէնի: Իսկ «Հայեացք Արարատէն, հայերը եւ թուրքերը» խորագրեալ մենագրութիւնը Թաթուլ Յակոբեանին երկրորդ հատորն է, որ մօտիկ ապագային պիտի թարգմանուի թրքերէնի, ռուսերէնի եւ անգլերէնի:
Յիշեալ գործը կը բաղկանայ քսանեօթ գլուխներէ, ուր ամփոփուած են հայոց պատմութեան վերջին հարիւրամեակի գլխաւոր իրադարձութիւնները` իրենց մանրամասն ծանօթութիւններով:
Ըստ հեղինակին, ամենատխուր պատարագը եկեղեցական այն արարողութիւնն է, որ տեղի կ՛ունենայ 1915 թուականէն ետք, 18 սեպտեմբեր 2010-ի առաւօտուն, Վանայ ծովու Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ:
Ապա, կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս հայրենի ժողովուրդը 1918 թուի մայիսեան ճգնաժամային օրերուն Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի բախտորոշ ճակատամարտներուն պարտութեան մատնելով թուրք հրոսակները` հռչակեց առաջին անգամ ազատ եւ անկախ Հայաստանի հանրապետութիւնը:
Կ՛ըսէ, թէ ցարական Ռուսիոյ անկումէն ետք, նորանկախ Հայաստանի ղեկավարները ամէն ջանք ի գործ դրին հայրենիքը փրկելու համար սովէ եւ ընդարձակելու նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հողային տարածութիւնը, փրկելու յատկապէս Նախիջեւանը` զօր. Դրոյի ստորագրած 3 մայիս 1919-ի հռչակագիրով:
Կ՛ըսէ, թէ 28 ապրիլ 1920-ին, Ազրպէյճան մաս կը կազմէ Խորհրդային Միութեան:
Հեղինակը կը յիշէ Սեւրի դաշնագիրը, որ եթէ գործնականանար` ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի ունենար 160 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն: Դժբախտաբար, Սեւրի դաշնագրի ու ելք դէպի ծով ծրագրի ձախողութեամբ` Արաքս գետը կը դառնայ սահմանագիծը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ:
Թաթուլ Յակոբեան կ՛ըսէ, թէ 2 դեկտեմբեր 1920-ին, մէկ կողմէ Դրոյի եւ Տէրտէրեանի եւ միւս կողմէ` Լեկրանի միջեւ կը կնքուի Հայաստանի խորհրդայնացման համաձայնագիրը:
Հեղինակը կ՛անդրադառնայ նաեւ դաշնակցական երիտասարդ վրիժառուներու դիւցազնատիպ արարքներուն, որոնք աշխարհի տարբեր ոստաններուն մէջ կ՛ահաբեկեն հայ ժողովուրդի դահիճները:
Ուշագրաւը այն երեւոյթն է, կ՛ըսէ Թաթուլ Յակոբեան, որ 1915 թուի հայոց ջարդերէն տարիներ ետք, Ճեմալին թոռը` մամլոյ մեկնաբան Հասան Ճեմալը, 2008 թուի սեպտեմբերի օր մը Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը կ՛այցելէ, ուր ծաղիկներ կը զետեղէ Եղեռնին զոհ գացած հայ նահատակներուն յիշատակին: Հարկ է յիշել, թէ Ճեմալ փաշան այն թուրք դահճապետն էր, որ անձամբ ծրագրեց եւ գործադրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Թաթուլ Յակոբեան կ՛ըսէ, թէ Թուրքիա Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, հակառակ Գերմանիոյ ճնշումներուն, պահեց իր դրական չէզոքութիւնը: Խորանալով այս հարցին մէջ` հեղինակը կ՛ըսէ, թէ Թեհրանի, Եալթայի եւ Փոցտամի խորհրդաժողովներուն, Խորհրդային Միութեան, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները` Ստալին, Չըրչիլ եւ Ռուզվելթ փորձեցին համոզել Թուրքիան, որ մասնակցի հակահիթլերեան պատերազմին: Յիշեալ երկիրներուն ղեկավարները յաջողեցան իրենց առաքելութեան մէջ, երբ Եալթայի խորհրդաժողովէն ետք համոզեցին Թուրքիան, որ պատերազմ հռչակէ Գերմանիոյ եւ Ճափոնի դէմ: Ըստ Յակոբեանի, Թուրքիոյ կողմէ տրուած ռազմական այս որոշումը ունէր պարզապէս խորհրդանշական իմաստ, որովհետեւ ոեւէ թուրք զինուոր ո՛չ իսկ փամփուշտ մը արձակեց գերմանացիներուն եւ անոնց դաշնակիցներուն ուղղութեամբ:
Հայ ժողովուրդի պատմական հողերու կապակցութեամբ, Թաթուլ Յակոբեան կ՛ըսէ, թէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գէորգ Զ. Չէօրեքճեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Ա. Յովսէփեանցը, Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Կիւրեղ Բ. Իսրայէլեանը, բազմաթիւ թեմակալ առաջնորդներ եւ աշխարհական պատգամաւորներ ստորագրեցին նամակ մը եւ զայն յղեցին Ստալինին` խնդրելով, որ Թուրքիոյ մաս կազմող հայկական հողերը միացնէ Խորհրդային Հայաստանին եւ քաջալերէ, որ սփիւռքահայեր վերադառնան Հայաստան: Սոյն խնդրագիրը չիրագործուեցաւ Խորհրդային Միութեան ղեկավարութեան կողմէ: Այսուհանդերձ, կ՛ըսէ հեղինակը, Հայաստանի խորհրդայնացումէն մինչեւ 1980-ական թուականները բազմաթիւ սփիւռքահայեր հայրենիք վերադարձան` Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրանէն, Յունաստանէն, Ֆրանսայէն, Արժանթինէն եւ այլ երկիրներէ: Իսկ 13 սեպտեմբեր 1948-ին հայրենադարձութիւնը կանգ առաւ Ստալինի եւ Մալենքովի որոշումով:
1953-ին, Ստալինի մահէն ետք, Մոսկուա հրաժարեցաւ Անգարային իր ներկայացուցած հողային պահանջներէն` Թուրքիոյ հետ բարի դրացիութեան իր կապերը պահպանելու ցանկութեամբ:
Թաթուլ Յակոբեան կ՛ըսէ, թէ Վազգէն Ա. վեհափառը 1965 թուականը հռչակեց «Ազգային սուգի եւ աղօթքի տարի»: Արդարեւ, 24 ապրիլ 1965-ին Հայաստանի եւ սփիւռքի համայն հայութիւնը պաշտօնապէս նշեց Մեծ եղեռնի 50-ամեակը եւ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն հայոց եկեղեցիներուն մէջ` ոգեկոչելով յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն:
Հեղինակը կը յիշէ Գուրգէն Մկրտիչ Եանիկեանը, որ 78 տարեկանին Սանթա Պարպարա քաղաքի «Պալթիմոր» պանդոկին մէջ սպաննած էր Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Մեհմեթ Պայտարն ու անոր օգնականը:
Թաթուլ Յակոբեան ապա կը նկարագրէ մարտական գործունէութիւնը «Հայկական ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներուն», որոնք լուծեցին հայ բիւրաւոր նահատակներու վրէժը` ահաբեկելով թուրք դեսպաններ աշխարհի տարբեր քաղաքներուն մէջ: 14 ահաբեկումներով 21 թուրքերու սպանութիւնը կատարած են «Արդարութեան մարտիկները»:
Ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցին, Թաթուլ Յակոբեան կ՛ըսէ, թէ թուրք քաղաքագէտները համամիտ են այն կարծիքին, թէ միայն թուրք եւ հայ պատմաբաններէ կազմուած յանձնախումբը կրնայ ստուգել Հայոց ցեղասպանութեան վաւերական հանգամանքը: Իսկ 4 մարտ 2010-ին, երբ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովը կը վերահաստատէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւը, թրքական պետութիւնը կը դատապարտէ սոյն բանաձեւը այն պատճառաբանութեամբ, որ` «թուրք ազգը կը մեղադրեն յանցագործութեան մը համար, զոր ան չէ գործած»:
Հատորին մէջ իւրայատուկ տեղ տրամադրուած է պոլսահայ 53-ամեայ լրագրող եւ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր եւ խմբագիր Հրանդ Տինքի, որ դաւադրաբար սպաննուեցաւ 19 յունուար 2007-ին: Ճշմարտութեան առաքեալն էր Հրանդ Տինք եւ ջերմ պաշտպանը` Հայոց ցեղասպանութեան: Ան կ՛ապրէր Պոլսոյ մէջ, մահուան յարատեւ շուքին տակ, «վախցած աղաւնիի տխուր հոգեվիճակով», ինչպէս կը վկայէ ինք իր մասին:
Անդրադառնալով հայոց պատմութեան ժամանակակից անցուդարձերուն` Թաթուլ Յակոբեան կ՛ըսէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով, Թուրքիոյ նախագահը` Ապտիւլլա Կիւլ Երեւան կու գայ 6 սեպտեմբեր 2008-ի յետմիջօրէին:
Իսկ ինչ կը վերաբերի այն փաստաթուղթերուն, զորս ստորագրեցին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները, երկու երկիրներու «բնականոն յարաբերութեանց կարգաւորման» համար, մերժուեցան հայ ժողովուրդի լայն խաւերուն կողմէ: Արամ Ա. վեհափառը խստիւ դատապարտեց եւ մերժեց երկուստեք ստորագրուած այդ արձանագրութիւնները, որոնք, ըստ վեհափառին, «հարցականի տակ կ՛առնեն օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած եւ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը»:
Հատորի աւարտին յատկացուած է պատմական նիւթերու շուրջ յաւելուածական բաժին մը, ինչպէս նաեւ հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներով պատրաստուած օգտագործելի աղբիւրներ, որոնք կու տան շահեկան ծանօթութիւններ Թաթուլ Յակոբեանի «Հայեացք Արարատէն, հայերը եւ թուրքերը» խորագրեալ պատմագրական ուսումնասիրութեան:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Ապրիլ 2012
Պէյրութ

