Աղուան Պապիկեանպիտի Ըլլայ Առաջին Ժամանողը

Աղուան Պապիկեան

Armsport.am լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ 15 մայիսին Հայաստանի 19 տարեկանէն վար կրտսերներու հաւաքականը պիտի կատարէ իր նախապատրաստական վերջին հաւաքը, նախքան Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցումները սկսիլը (Իտալիոյ մէջ):

Այսօր Երեւան ժամանող առաջին մարզիկը պիտի ըլլայ լեհական Լոց խումբին մաս կազմող Աղուան Պապիկեան:

Նշենք, որ Լեհաստանի ախոյեանութիւնը արդէն իսկ աւարտած է եւ Լոց կորսնցուցած է իր տեղը` բարձրագոյն դասակարգին մէջ: Աղուան Պապիկեանի եւ անոր եղբօր` Վոլոդիայի պայմանագրութիւնները ակումբին հետ կ՛աւարտին այս ամառ: Այնպէս կը թուի, որ հայրենի ֆութպոլիստները պիտի լքեն իրենց կազմը:

 

Share this Article
CATEGORIES