Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. Շաբաթ, 12 Մայիսին Գարնանային 28-Րդ Ռելին` Շուֆի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին շաբաթ, 12 մայիսին, Շուֆի մէջ տեղի պիտի ունենայ գարնանային 28-րդ ռելին: Անոր ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 261,84 քմ: Տեղի պիտի ունենան ընդամէնը հինգ հանգրուանի մրցումներ:
Անոր ազդանշանը պիտի տրուի Մըշրեֆ ակումբին մօտէն, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին: Տիտղոսակիրներուն մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ ժամը 23:00-ին (գիշերը), իսկ ռելիին պաշտօնական արդիւնքները պիտի հրապարակուին շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին ժամը 1:15-ին:
CATEGORIES Մարզական

