Աթլեթիզմ. Լիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Լորի Թաշճեան Առաջին` 400 Մեթր Վազքի Մրցումին

Լորի Թաշճեան

Երէկ` հինգշաբթի, 10 մայիսին, Ժամհուր վարժարանին մէջ սկսան Լիբանանի երիտասարդներու աթլեթիզմի ախոյեանութեան մրցումները` հսկողութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին: Նշենք, որ մրցումները պիտի շարունակուին այսօր եւ յաջորդող երկու օրերուն ընթացքին:

Երէկ տեղի ունեցած աղջկանց 400 մեթր վազքի մրցումներուն, Ճեմարանի աշակերտ եւ Շանվիլ ակումբին մաս կազմող Լորի Թաշճեան հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 1 վայրկեան 02″ 03 արդիւնք մը:

Նշենք, որ Լորի Թաշճեան պիտի մասնակցի նաեւ 200 մեթր վազքի մրցումներուն ալ:

Share this Article
CATEGORIES