Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Լրագրողներու Պաշտօնական Թիւը 92 Է

Էկեմեն Պաղըշ

Թուրքիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ տեղեկացուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած լրագրողներուն թիւը 92 է:

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն երեսփոխան Սալիհ Ֆըրաթ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ձերբակալուած լրագրողներուն մասին ուղղած է գրաւոր հարցում մը, որուն պատասխանած է Պաղըշ:

«Արդարադատութեան նախարարութեան տուեալներով` ձերբակալուած լրագրողները իրականութեան մէջ սահմանադրական կարգը բռնութեամբ փոխելու փորձ կատարած, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման անդամ եղած, ահաբեկչական քարոզչութիւն կատարած, Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութեան դէմ զինեալ ապստամբութեան փորձ կատարած, մամուլի միջոցով ահաբեկչութեան քարոզչութիւն կատարած անձեր են», ըսած է Պաղըշ:

Բացի ատկէ, ան պնդած է, որ ձերբակալուած լրագրողներուն մէջ գողութիւն կատարած, մարդոց առեւանգած կամ սպաննած, թմրեցուցիչի առեւտուրով զբաղած, խաբէութեամբ գումար վաստակած մարդիկ կան:

Պաղըշ նախապէս կատարած էր այսպիսի յայտարարութիւն մը, որ զայրացուցած էր Թուրքիոյ մէջ շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնք հրապարակած են թրքական բանտերուն մէջ պահուող լրագրողներու ցուցակը: Ի յայտ եկած էր, որ ձերբակալուած 104 լրագրողներու եւ լրատուական դաշտին մէջ աշխատող 35 անձերէն որեւէ մէկը «բռնաբարութեան» կամ «թալանի» մեղադրանքով չէ դատապարտուած:

Եւրոպական Միութիւնը նոյնպէս բազմիցս մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած լրագրողներու թիւի աճին կապակցութեամբ: «Մենք կ՛ողջունենք քանի մը լրագրողներու ազատ արձակումը, սակայն կը յիշեցնենք, որ անոնց դատական հետապնդումը տակաւին կը շարունակուի: Մենք կը ցաւինք, որ դատարանները սովորաբար մինչեւ դատավարութիւն ամբաստանեալները ազատ չեն արձակեր», նշուած էր Եւրոպական Միութեան հրապարակած վերջին փաստաթուղթին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES