Տիգրանակերտի Մէջ Չորս Թուրք Նախարարներու Մահափորձը Կանխարգիլուած Է

Տիգրանակերտի մարզպետ Մուսթաֆա Թոփրաք յայտարարած է, որ 4 մայիսին մէկ անգամէն չորս նախարարներու դէմ յարձակում մը կանխարգիլուած է:

Ահաբեկիչներու թիրախը եղած են Տիգրանակերտ ժամանած գիւղատնտեսութեան նախարար Մեհտի Եքեր, ելեւմուտքի նախարար Մեհմեթ Շիմշեք, անտառատնտեսութեան նախարար Վէյսել Էրօղլու եւ պետական նախարար Ճեւտեթ Եըլմազ:

Կը նշուի, որ անոնք Տիգրանակերտ կ՛այցելէին Սիլվանի ամբարտակի բացման արարողութեան մասնակցելու համար:

Տիգրանակերտի մարզպետը յայտնած է, որ յայտնաբերուած է աւելի քան քսան քիլոկրամ ուժգնութեամբ պայթուցիկ: Մահափորձը կարելի եղած է կանխարգիլել Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալներու մասին տեղեկութիւններ ստանալու, ինչպէս նաեւ նախարարները արարողութեան վայր ուղղաթիռներով հասցնելու շնորհիւ:

 

Share this Article
CATEGORIES