Ուաշինկթըն Եւս Դամասկոսի Ականահարումներուն Մէջ Քայիտայի Մատնահետքերը Կը Նշմարէ
Սպիտակ տունը դատապարտեց հինգշաբթի առաւօտեան Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսը հարուածած երկու արիւնալի ականահարումները` յայտնելով, որ անոնք ուշ ըլլալէ առաջ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու կարիքը կը մատնանշեն:
Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի յայտնեց, որ «Ուաշինկթըն չի կարծեր, որ այսպիսի յարձակումներ ընդդիմութեան գործն են»` նշելով, որ «Սուրիոյ մէջ ներկայ են ծայրայեղական տարրեր, որոնք կը փորձեն շահագործել երկրին մէջ Ասատի վարչակարգին պատճառած քաոսը»:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա յայտարարեց, որ Դամասկոսի ականահարումները Քայիտայի մատնահետքերը կը կրեն եւ տարիներ առաջ Իրաքի մէջ այդ կազմակերպութեան կատարած ականահարումները կը յիշեցնեն:
Ան ըսաւ, որ Քայիտայէն տարրեր սկսած են Սուրիա ապաստանիլ` օգտուելով այդ երկրին մէջ տիրող քաոսային վիճակէն, սակայն ընդգծեց, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները չունին յստակ տուեալներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ Դամասկոսի պայթումներուն ետին կանգնողը Քայիտան է: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ եւս երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «ներկայիս օտար մարտիկներու որեւէ խմբակ ամբաստանելու ի վիճակի չենք»:
Փանեթա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռանալուն եւ Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն անմիջապէս դադրեցման կարեւորութիւնը շեշտեց:
Նշենք, որ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի եւս հինգշաբթի օր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցերուն նուիրուած նիստին ընթացքին յայտնած էր, որ Դամասկոսի ականահարումները Քայիտայի մատնահետքերը կը կրեն: Ան աւելցուցած էր, որ սուրիական իշխանութիւնները Սուրիոյ մէջ կատարուած ահաբեկչական արարքներու ընթացքին սպաննուած 26 օտարերկրացիներու անուանացանկ մը ունին: Ապահովութեան խորհուրդը հինգշաբթի օր դատապարտեց «ահաբեկչական արարքները` ով որ ալ ըլլայ անոր ետին կանգնողը»:
ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սիւզըն Ռայս «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Անանի ծրագիրին ձախողութիւնը յայտարարելու համար տակաւին շատ կանուխ է` նշելով, որ եթէ Անանի ծրագիրը ամբողջական կերպով գործադրուի, վերջ պիտի տայ բռնարարքներուն եւ առանց Ասատի իշխանութեան փոխանցումի պիտի առաջնորդէ:
Ռայս նշեց, որ «Ուաշինկթըն չի գիտեր, թէ Դամասկոսի ականահարումներուն պատասխանատուն ով է, սակայն վերջ ի վերջոյ սուրիական կառավարութիւնը բռնարարքներու մագլցումին համար պատասխանատու է եւ թերեւս այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, անոր մէկ արտայայտութիւնն է»:
Սուրիոյ ազգային խորհուրդի նախագահ Պուրհան Ղալիուն երէկ յայտնեց, որ «սուրիական վարչակարգը կը փորձէ ահաբեկչութեան ճամբով Քոֆի Անանի ծրագիրը տապալել»: Սուրիական ազատ բանակը իր կարգին երէկ Դամասկոսի ականահարումներուն շուրջ միջազգային հետաքննութիւն պահանջեց:
Մինչ Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու բանբեր Նիրաժ Սինկ յայտնեց, որ Սուրիոյ համար նախատեսուած 300 դէտերէն 150-ը, ներառեալ` 105 զինուորականներ արդէն Սուրիա կը գտնուին, սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ 3 զոհ եւ 9 վիրաւոր արձանագրուած է, երբ «ահաբեկչական խմբակներ» Հոմս-Ըմ Ամիտ ճամբուն վրայ գտնուող Նաուայի մէջ քաղաքայիններ փոխադրող փոխադրակառքի մը վրայ յարձակում գործած են:
Համա նահանգին մէջ գտնուող Քասթալ Պըրժ գիւղէն աղբիւր մը «Եու.Փի.Այ.» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ իսլամ ծայրայեղական զինեալներ գիւղի բնակչութեան սպառնացած են լքել իրենց բնակարանները եւ իրենց ձեռքը ունեցածներով հեռանալ գիւղէն: «Անոնք գիւղի բոլոր բնակարանները իրենց վերահսկողութեան տակ առին, ինչպէս նաեւ գրաւեցին եկեղեցին եւ զայն իրենց կեդրոնատեղիին վերածեցին», նշեց աղբիւրը:
Նշենք, որ Քասթալ Պըրժ գիւղը կը գտնուի Համա նահանգին մէջ, Ղապի դաշտի հիւսիսային բաժինին մէջ եւ Սքայլապիայէն 42 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Գիւղը կը բաղկանայ քրիստոնեայ շուրջ 10 ընտանիքներէ:


