Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պատրաստած է շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ ան պիտի նշանակէ ներքին ապահովութեան ուժերու ջոկատներուն պատասխանատուները:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սամիր Մուքպել անձնական օդանաւով մը մեկնեցաւ Հռոմ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխաններէն մէկուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին խնդրած է համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աունէն խնդրել, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի դէմ իր յարձակումները մեղմացնէ:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերստին կը զգուշացնէ իր քաղաքացիները Լիբանան այցելելէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի բարձրաստիճան զինուորականներ հաստատեցին, որ հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի չի փափաքիր իր հրամանատարութեան նստաշրջանը երկարաձգել` աւելցնելով նաեւ, որ ան նախագահական պաշտօն ստանձնելու ոչ մէկ փափաք ունի:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, անդրադառնալով 8,900 միլիառ լ. ոսկիի թղթածրարին, յայտնեց, որ իրենք կիսատ ձգուած եւ մասնակի համաձայնութիւններու չեն զօրակցիր:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ ժալ էլ Տիպի մէջ փապուղիի մը կառուցումը շատ աւելի լաւ ծրագիր է, քան կամուրջի մը կառուցումը:
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ գործուած մահափորձին հետաքննութիւնը վերադարձած է զերօ կէտին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծին խորհրդարան չհասնելուն պատասխանատուութիւնը նոյնինքն խորհրդարանին վրայ կ՛իյնայ:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս ընդգծեց, որ յառաջիկայ չորեքշաբթի օրուան կառավարութեան նիստէն առաջ լուծում մը պէտք է գտնել երկրին ելեւմտական թղթածրարին:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ մեկնեցաւ Աւստրալիա: Ան յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան զօրակցելու` 1960-ի ընտրական օրէնքը մերժելու առումով:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները` ընդգծելով, որ վարչապետը երբեք չի մտածեր հրաժարելու մասին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Սէուտական Արաբիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ, սակայն անոնց միջեւ հանդիպումը գաղտնի պահուած է:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտան յայտնեց, որ Ամալ շարժումը կը զօրակցի ամբողջ Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի վերածող համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքի մը որդեգրման:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի յղած է բերանացի նամակ մը, որուն համաձայն ան նշած է, թէ ինք պատրաստ է հրաժարելու կառավարութենէն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ իրենք Հըզպալլան պատասխանատու կը նկատեն երկրին կացութեան վատթարացման:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանի Լիբանան այցելութիւնը կարելի է զետեղել Դիմադրութեան դէմ կատարուած գրգռութիւններուն շրջագիծին մէջ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆօ շեշտեց, որ Սուրիոյ նկատմամբ Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը պատասխանատու քաղաքականութիւն է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ իրանցիները հարաւային Լիբանանը կը նկատեն իրենց սեփականութիւնը եւ զայն կ՛օգտագործեն Իսրայէլի դէմ պայքարելու նպատակով:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումին մեղսակիցները պատասխանատու են նաեւ Սուրիոյ արիւնահեղութեան:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են, որ վարչապետը յոռետես է շրջանին մէջ տիրող կացութեան նկատմամբ` աւելցնելով, որ ան քաջ գիտէ, թէ վարչապետի պաշտօնին վրայ մնալը անձնասպանութիւն է:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան երեսփոխան Ասեմ Քանսօ հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական որոշ ուժեր մեղսակից են դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը Սուրիոյ նկատմամբ չէզոք կեցուածք ունենալու քաղաքականութիւն չի գործադրեր:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւն մը հիմնելու պատասխանատուութիւնը իրենց վստահուած է եւ պէտք է ըլլալ պատասխանատու: Ան ըսաւ, որ Միջին Արեւելքը ճիշդ ուղղութեան մէջ է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը կրցած է ամբողջ աշխարհին փաստել, թէ իրաւունքը ինչպէ՛ս կը յաղթանակէ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս նամակ մը յղեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր Դամասկոսի պայթումներուն պատճառած զոհերուն յիշատակին առիթով: Հըս հաստատեց, որ Սուրիա դաւադրութեան թիրախ է:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ արձանագրուած արիւնալի պայթումներուն` Սինիորա ըսաւ, որ ահաբեկչական այդ արարքը գործող կողմը սուրիացի ժողովուրդին թշնամի է:

