Նախարար Սապունճեան Ընդունեց Նախարար Մանսուրին

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու տնտեսութեան նախարար Սուլթան պըն Սայիտ Մանսուրին` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Էմիրութիւններու դեսպանին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ յաւելեալ ներդրումներ կատարելու կարելիութիւններն ու անոնց անհրաժեշտութիւնը:

Իր կարգին, Մանսուրի շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները պատմական կարեւոր խորք ունին` աւելցնելով, որ հարկ է կեդրոնանալ նաեւ այլ մարզերու մէջ գործակցութեան ամրապնդման վրայ, որոնցմէ է ճարտարարուեստի մարզը:

Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ Լիբանանի սննդանիւթի ճարտարարուեստը եւ զայն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ արտածելու հեռանկարները:

 

Share this Article
CATEGORIES