Պըրրի Կոչ Կ՛Ուղղէ Կառավարութեան Փոխելու Իր Գործելաձեւը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինքն է, որ կառավարութեան կը սպասէ եւ ոչ թէ հակառակը: Ան նկատել տուաւ, որ ինք կը սպասէ, որ կառավարութիւնը փոփոխութեան ենթարկէ իր աշխատելաոճը եւ այդ պարագային է, որ կարելի պիտի ըլլայ ելեւմտական թղթածրարին լուծումներ գտնել:

«Կառավարութեան այս գործելաոճը հրաժարականի համազօր է, բայց եւ այնպէս իմ այս մեկնաբանութիւնս չի նշանակեր, թէ ես կ՛ուղղեմ կառավարութեան հրաժարականին», ըսաւ Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը աւելցուց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ իր վերջին հանդիպումին ընթացքին ինք քննարկած է այս բոլոր հարցերը եւ պահանջած 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան մակարդակի տարբեր աշխատանք, որ ուղղակի կը վերաբերի լիբանանցիներուն:

Պըրրի շեշտեց նաեւ կառավարութեան եւ տարբեր սենտիքաներուն միջեւ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով աշխատաւորներուն մօտ գործադուլի եւ նստացոյցեր կատարելու բարձր տրամադրութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES