«Ժամանակն Է, Որ Իսրայէլացիները Եւս Վախնան Իրենց Բնակարաններուն Մէջ» Ընդգծեց Սէյիտ Նասրալլա
Հըզպալլայի կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ տեղի ունեցաւ փառատօն մը, որուն ընթացքին նշուեցաւ յուլիսեան պատերազմէն ետք քար ու քանդ դարձած շրջանը վերանորոգելու եւ վերակառուցելու աշխատանքին յաջող աւարտը:
Այս առիթով ներկայ բազմահազար լիբանանցիներուն դիմաց պատկերասփռուած ճառով մը հանդէս եկաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա, որ անդրադարձաւ այն իրականութեան, թէ թշնամի Իսրայէլը կը կեդրոնանայ ոչ միայն իր թշնամին` Դիմադրութիւնը, այլեւ Դիմադրութեան զօրակցող քաղաքայինները եւ անոր համակիր շրջանակը քանդելու եւ սպաննելու վրայ:
«Իսրայէլի համոզումը այն է, թէ Դիմադրութեան զօրակցողը պէտք է քանդուելու պատրաստ ըլլայ եւ այդ հոգեբանութեամբ ապրի», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա աւելցուց սակայն, որ քանդումի պատերազմին դէմ իրենք մղած են գոյատեւումի պայքար` աւելցնելով, որ Հարաւային արուարձաններու բնակիչները փափաքած են հոն ապրիլ եւ հոն մեռնիլ կամ նահատակուիլ եւ ոչ թէ փախուստ տալ այլ շրջաններ:
Այս շրջագիծին մէջ սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ ինք կապուած է իրանցիներուն եւ նիւթական օժանդակութիւն խնդրած է` վերակառուցելու համար Հարաւային արուարձանները: «Բարեբախտաբար Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի եւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ ընդառաջեցին պահանջիս, եւ զէնքերուն կողքին, մենք նաեւ ստացանք գումարներ եւ վերակառուցեցինք Հարաւային արուարձանները` առանց սպասելու լիբանանեան պետութեան, որուն աշխատանքը համեմատաբար աւելի դանդաղ կ՛ընթանայ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով սակայն, որ իրենք լիբանանեան պետութեան հետ համաձայնած էին, թէ իրենք պիտի ստանձնեն շինութիւնները` լիբանանեան պետութենէն ստանալով միայն պատերազմէն տուժածներուն յատկացուած հատուցումները:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը հաստատեց, որ այս առաքելութեան եւ համաձայնութեան նպաստեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի:
«Պէտք է վերահաստատել, որ Դիմադրութիւնը միակն է, որ Իսրայէլը պարտութեան մատնած է եւ զինք Լիբանանէն վտարած, առանց նախապայմանի: Հետեւաբար, ժամանակն է այլեւս ըսելու, որ Իսրայէլը ամբողջութեամբ Դիմադրութեան զէնքին թիրախ է: Վերջ գտած են այն օրերը, որոնց ընթացքին մենք մեր բնակարաններուն մէջ պիտի վախնանք եւ անոր ոչինչ պիտի սպառնայ: Այսօր ան եւս ենթակայ է սպառնալիքի, եւ հասած ենք այն ժամանակին, երբ մենք պիտի ապրինք ու գոյատեւենք եւ Իսրայէլ ջնջուի», շեշտեց ան:
Անդրադառնալով լիբանանեան ներքին քաղաքական կեանքին` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ ներկայ ընդդիմութեան կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնները, թէ Դիմադրութեան զէնքին ներկայութեան իրենք կը մերժեն ընտրութիւններ կատարել, կը նշանակէ, թէ անոնք երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելը կը մերժեն, որովհետեւ Հըզպալլա իր զէնքը պիտի պահէ` պայքարելու համար Իսրայէլի դէմ:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ խորհրդարանը երկրին կարեւորագոյն հաստատութիւնն է` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու որեւէ օրէնքի հիման վրայ:
Մայիս եօթնի դէպքերուն յանցանքով Հըզպալլայի դէմ կատարուած ամբաստանութիւններուն, մեկնաբանութիւններուն եւ ցեխարձակումներուն անդրադառնալով սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք այդ յայտարարութիւններուն չեն պատասխաներ, որովհետեւ կը յարգեն եւ յանձնառու են երկրին ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ ազգային գոյակցութեան ու համերաշխութեան:

