Միքաթի Կը Շնորհաւորէ Հոլլանտը

Վարչապետ Միքաթի` Սահնաուիի հետ հանդիպման ընթացքին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի:

Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան կապուած հարցեր:

Վարչապետին այցելեց նաեւ Միջազգային դրամատան մէկ պատուիրակութիւնը, որ վարչապետին հետ քննարկեց դրամատնային մարզի բարգաւաճման կարելիութիւնները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարարներ Էլիաս Հաննա եւ Ապտել Ռահիմ Մըրատ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES