Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Մանսուրին Եւ Սապունճեանը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու տնտեսութեան նախարար Սուլթան պըն Սայիտ Մանսուրին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու ամրապնդումը:
Նախագահ Սլէյման իր ողջոյնները յղեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Խալիֆա պըն Զայետ Ալ Նահիանի եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին մատուցած անոր օժանդակութիւններուն համար, յատկապէս ականներու վնասազերծման աշխատանքներուն նպաստելու առումով:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանը, որուն հետ քննարկեց Սաֆրայի մէջ հրկիզուած գորգի գործարանին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Նախագահ Սլէյման ցուցումունքներ տուաւ քաղաքացիական պաշտպանութեան կառոյցներուն` հակակշիռի տակ առնելու հրդեհը:


