«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ԱՌԸՆԹԵՐ ՊԷՏՔ Է ՆԱԵՒ ՔՆՆԱՐԿԷ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ» ՇԵՇՏԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երէկ` հինգշաբթի, 7 ապրիլ 2011-ի առաւօտուն, վեհարանի իր գրասենեակին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց շէյխ Շաֆիք Ժարատիի գլխաւորութեամբ շիի պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութիւնը եկած էր վեհափառը հրաւիրելու եւ իր խօսքը ուղղելու յունիսին տեղի ունենալիք իսլամական միջազգային համագումարի մը` կազմակերպուած Իսլամական ուսումնասիրութեան կեդրոնի եւ իրանեան դեսպանատան միացեալ ճիգերով:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հետ աղերս ունեցող շարք մը հարցեր: Վեհափառը շեշտեց միաստուածեան այս երկու կրօններու երկխօսութեան նոր որակ ու ծաւալ տալու հրամայականը: Վեհափառը յատկապէս ըսաւ. «Դժբախտաբար, ընթացիկ երեւոյթ մը դարձած է քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը եւ ընկերութեան մէջ գործող բոլոր կառոյցները, ներառեալ պետութիւններ, նման նախաձեռնութիւններու կը դիմեն յաճախ քաղաքական նպատակներով` անտեսելով աստուածաբանական խորքը: Արդ, անհրաժեշտ է յատուկ կարեւորութիւն ընծայել երկխօսութեան աստուածաբանական մարզին, բնականաբար առանց անտեսելու գործակցութեան մարզը»: Վեհափառը նաեւ յիշեցուց, թէ` «հասարակաց արժէքներու կողքին պէտք չէ անտեսել երկու կրօններուն միջեւ առկայ տարբերութիւնները, որոնք երբեմն պատճառ կը հանդիսանան սխալ մեկնաբանութիւններու ու դիրքորոշումներու, ինչպէս նաեւ զգայնութիւններու յառաջացման: Վերջին հաշուով կրօններու միջեւ գոյութիւն ունեցող զանազանութիւնները հարստացուցիչ են ու զիրար ամբողջացնող` յատկապէս միաստուածեան կրօններու ծիրին մէջ»:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ ակնարկ եղաւ վերջերս Ամերիկայի մէջ հոգեւորականի մը կողմէ հրկիզուած քորանին եւ Աֆղանիստանի մէջ հոգեւորականներուն կողմէ հրկիզուած Աստուածաշունչին: Վեհափառը խստօրէն դատապարտեց երկու դէպքերն ալ` ըսելով, որ «կրօններ յարգանք պէտք է ունենան իրենց դաւանած ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն նկատմամբ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES