Պաքու Իրեն Իրաւունք Կը Վերապահէ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահի Ընտրութեան Հարցով Մակ-Ի Միջամտութիւնը Խնդրել

Աղշին Մեհտիեւ

ՄԱԿ-ի մէջ Ազրպէյճանի մնայուն ներկայացուցիչ Աղշին Մեհտիեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կապակցութեամբ նամակ մը յղած է:

«Մենք միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի ղեկավարութենէն պահանջել հրաժարիլ կցումի եւ ցեղային մաքրագործումի ապակառուցողական քաղաքականութենէն», կ՛ըսուի նամակին մէջ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 19 յուլիսին: Առաջադրուած են նախագահութեան չորս թեկնածուներ` Լեռնային Ղարաբաղի գործող նախագահ Բակօ Սահակեան, պատգամաւոր Վիթալի Բալասանեան, Հայաստանի գիւղատնտեսութեան ակադեմիայի Ստեփանակերտի բաժանմունքի փոխտնօրէն Արկադի Սողոմոնեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընդհանուր բաժինի նախկին վարիչ Վալերի Խաչատրեան: Չորս թեկնածուներն ալ անկուսակցականներ են:

Share this Article
CATEGORIES