Ըստ Միասնական Կեդրոնին Խորհրդարանը Չ՛Արտացոլեր Իրական Պատկերը
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ Հայ ազգային քոնկրեսը նախանցեալ օր ընտրութիւններու վերահսկողութեան միասնական կեդրոնի լիագումար նիստին ընթացքին ընդունեցին միացեալ յայտարարութիւն մը: Ատիկա երէկ լրագրողներուն ներկայացուց Քաղաքագէտներու միութեան նախագահ Հմայեակ Յովհաննիսեան:
Միասնական կեդրոնը կ՛արձանագրէ, որ ընտրութիւնները անցած են համատարած օրինախախտումներով եւ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը` խախտելով օրէնքի պահանջները, չէ ապահոված բազմակի քուէարկութեան բացառման ուղղուած ամէնէն կարեւոր գործիքին` անձնագիրերու դրոշմակնքումին պատշաճ կիրարկումը: Խիստ անարժանահաւատ են նաեւ ընտրութիւններու ընթացքին օգտագործուած ընտրացուցակը եւ ընտրութիւններուն մասնակցած ընտրողներուն պաշտօնապէս հրապարակուած թիւը:
Միասնական կեդրոնը կ՛արձանագրէ, որ 6 մայիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուած խորհրդարանը չ՛արտացոլեր ժողովուրդին կողմէ քաղաքական ուժերուն աջակցութեան իսկական պատկերը: «Միասնական կեդրոնը պիտի շարունակէ միատեղել ջանքերը երկրին մէջ ստեղծուած արատաւոր ընտրական համակարգի վերափոխման եւ իրապէս ժողովրդավարական ընտրութիւններու մեքանիզմներու հաստատման ուղղութեամբ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

