Նալբանդեան – Մանսուր Հանդիպում` Շարմ Շէյխի Մէջ

Նալբանդեան եւ Մանսուր

9-10 մայիսին Եգիպտոսի Շարմ Շէյխ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժման անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման շրջագիծին մէջ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան զանազան հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր երկիրներու իր գործընկերներուն հետ:

Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ամրի միջեւ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-եգիպտական փոխադարձ գործակցութեան յաւելեալ ամրապնդման եւ ընդլայնման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերուն: Զրոյցին ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին շուրջ: Այս առումով Մոհամետ Ամր նշեց, որ իր երկիրը կը սատարէ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն հիման վրայ տագնապին բացառապէս խաղաղ ճամբով լուծման:

Շարմ Շէյխի մէջ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հետ: Նախարարներու հանդիպման օրակարգին վրայ կը գտնուէր անցեալ տարեվերջին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի` Երեւան այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթը: Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ համագործակցութեան հարցերուն:

Էդուարդ Նալբանդեանի հանդիպումներուն օրակարգին վրայ կը գտնուէր նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքի հետ հանդիպումը, որուն ժամանակ միտքեր փոխանակուեցան հայ-պաղեստինեան յարաբերութիւններու զարգացման ուղիներուն շուրջ: Նախարար Մալիքի վերահաստատեց Հայաստան այցելելու իր մտադրութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES