ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Ստեփանակերտ Պիտի Չայցելեն

Երէկ հաղորդած էինք, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները շրջանային այցելութեան շրջագիծին մէջ Երեւանէն պիտի մեկնէին Ստեփանակերտ, ապա` Պաքու:

Սակայն երէկ «Ռեկնում» գործակալութեան թղթակիցը Ստեփանակերտէն յայտնեց, որ համանախագահները Արցախի մայրաքաղաք պիտի չայցելեն: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտօնական մարմինները յայտարարեցին, որ պատճառը եղանակային պայմաններն են:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն Ստեփանակերտ չայցելելու պատճառաբանութիւնը մնայուն կերպով եղանակային պայմանները եղած են:

Share this Article
CATEGORIES