Հոլլանտի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին Էրտողան Թուրք-Ֆրանսական Յարաբերութիւններուն Վնասող «Շինծու Հարցերէն» Ազատումը Կը Յուսայ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ` շնորհաւորելու համար անոր ընտրութիւնը: Հաղորդակցութեան ընթացքին Էրտողան թուրք-ֆրանսական յարաբերութեանց մէջ «նոր ժամանակաշրջանի» մը նկատմամբ յոյս յայտնեց:

Թուրքիոյ վարչապետը նաեւ մաղթեց, որ «թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւնները փրկուին անոնց վնաս հասցնող շինծու հարցերէն»` աւելցնելով, որ «ես մեր յարաբերութեանց մէջ նոր ժամանակաշրջանի մը վերաբերեալ վստահ եմ»:

Էրտողան 2011-ի վերջաւորութեան նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզին ամբաստանած էր «Իսլամներու եւ թուրքերու դէմ ատելութիւնը ընտրական շահեր ապահովելու համար օգտագործելու» յանցանքով:

Միւս կողմէ, թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հոլլանտի յաղթանակը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգայնացման  կապակցութեամբ Անգարայի մտավախութիւնը յառաջացուցած է, որովհետեւ Ֆրանսայի նորընտիր նախագահը Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքին հարցով աւելի աշխուժ պիտի գործէ: «Թուտէյզ Զաման» նաեւ կը նշէ, որ Հոլլանտ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին մէջ աւելի մեղմ դիրքորոշում ունի, քան նախկին նախագահ Սարքոզին:

Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թաքսըն Պուրճուօղլու յայտարարած է, որ «Հայոց ցեղասպանութեան օրէնքի որդեգրումը կրնայ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները փակուղի մտցնել»: Ան նշած է նաեւ, որ Հոլլանտ երբեք չէ ըսած, որ Թուրքիա Եւրոպայի մէջ տեղ չունի: Թուրք դեսպանը` ընդգծելով, որ Սարքոզիի եւ Հոլլանտի Թուրքիոյ կապակցութեամբ տեսակէտները հսկայական տարբերութիւններ ունին, տեղեկացուցած է, որ յառաջիկային կը նախատեսէ Հոլլանտի խմբակիցներուն հետ հանդիպում ունենալ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES