Արմէն Ռուստամեան Կը Բացառէ ՀՅԴ – Հանրապետական Համաձայնական Կառավարութեան Կազմութիւնը

Արմէն Ռուստամեան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան բացառեց Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան հետ Դաշնակցութեան համաձայնական կառավարութիւն կազմելը:

Երէկ ընտրութիւններու վերահսկողութեան միասնական կեդրոնին մէջ պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, որ արդեօք Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը այդպիսի առաջարկ մը կատարա՞ծ է, Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ համաձայնական կառավարութենէն դուրս գալէն ետք այսպիսի առաջարկներ միշտ ալ եղած են, բայց ատիկա էական չէ:

Ռուստամեան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը յստակօրէն յայտարարած էր, որ ընտրութիւններուն կը մասնակցի յստակ ծրագիրով մը` հասնիլ ամբողջական իշխանափոխութեան, զոր պիտի իրականացնէ անկախ ընտրութիւններուն արդիւնքներէն: Ան վստահ է, որ մեր յոյսը պէտք է մեր վրայ դնենք, պէտք չէ մտածել, որ դուրսէն փրկիչներ պիտի գան, ժողովուրդը պէտք է իր քուէին տէր կանգնի:

Ըստ անոր, քաղաքական պայքարին մասին մեր մօտ «նախնական պատկերացում» կայ: «Ո՞վ ըսաւ, որ եթէ Ազգային ժողով մտնենք, ապա կը բացառենք փողոցը: Մենք պիտի կատարենք քայլեր թէ՛ խորհրդարանին մէջ, թէ՛ խորհրդարանէն դուրս», նշեց Ռուստամեան եւ ընդգծեց, որ իշխանութիւնները կը ցանկան, որ ով որ պարտուած է ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք խորհրդարան պիտի չմտնէ, իսկ հիասթափուած զանգուածն ալ երկիրը պիտի ձգէ:

Ռուստամեան իշխանութեան յաղթանակը որակեց «Պիւրոսեան յաղթանակ». այդ յաղթանակը վտանգաւոր էր եւ վնասակար, որովհետեւ փճացուցին, նուաստացուցին ժողովուրդը:

Ռուստամեան վստահեցուց, որ պատգամաւորներու քանակը Դաշնակցութեան համար էական չէ: Աւելի՛ն. ՀՅԴ-ի շարքերը հիմա աւելի համախմբուած են: Ըստ անոր, չկայ չարիք առանց բարիքի` աւելցնելով, որ ապագային կան նախագահական ընտրութիւնները, ուր քաղաքական մակարդակը աւելի բարձր է, իսկ այսպիսի պայմաններուն մէջ շատ աւելի պիտի բարդանայ իշխանութեան վերարտադրումը:

Ռուստամեան նշեց, որ արդէն այսօրուընէ սկսեալ իշխանութիւնը նոր ձեւեր կը մշակէ, իսկ իրենք պէտք է բացայայտեն այդ ձեւերը, այս իմաստով եւս կարեւոր է խորհրդարանին մէջ ըլլալը: Խորհրդարանին մէջ ընդդիմադիր ուժերը պիտի համագործակցին իշխանութեան դէմ պայքարին մէջ:

Դաշնակցական գործիչը նաեւ ընդգծեց, որ Դաշնակցութեան համար հիմա յստակ է, որ կուսակցութիւն-իշխանութիւն-պետութիւն նոյնացում կայ Հայաստանի մէջ:

«Մեր երկրին մէջ արմատաւորուած է դրամի իշխանութիւնը, շղթան, որ կը գործէ ընտրութենէ ընտրութիւն, աւելի ու աւելի կատալերագործուած է եւ աւելի անխափան կը գործէ. դրամը կը բերէ իշխանութիւն, իսկ իշխանութիւնը` դրամ», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան եւ վստահեցուց, որ գործող պետական մեքենայի նպատակն է դիւրացնել ընտրակեղծիքներու իրականացումը եւ բարդացնել անոնց արձանագրումը:

Ռուստամեան վստահ է, որ մեծամասնական ընտրակարգին մէջ, որուն դէմ կը պայքարի ՀՅԴ-ն, իշխանութիւնը 99 առ հարիւր յաղթանակ տարած է նոյն ձեւերով: «Դաշնակցութիւնը կ՛ըսէ, որ կեղծիքներ եղած են, եւ անոնք այո կ՛ըսեն, բայց կը յայտարարեն, որ այդ կեղծիքները չեն ազդած ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ: «Իրենք խնդիրին անմեղութեամբ կը մօտենան` եթէ չէք փաստած, որ գողցած ենք, ուրեմբ գող չենք: Գողի, յանցաւորի մօտեցումը այդպէս է», ընդգծեց Արմէն Ռուստամեան:

Ան վստահ է, որ ի վերջոյ երկրին մէջ պիտի գայ օր մը, երբ իշխանութիւնները պէտք է փոխուին ընտրութիւններու միջոցով: Ըստ Ռուստամեանի, այս հարցին մէջ ժողովուրդը պէտք է օգնէ, պէտք չէ տուրք տայ ընտրակաշառքին եւ մինչեւ վերջ ընտրակաշառքի երեւոյթը ջնջելու համար պէտք է դատել ինչպէս տուողին, այնպէս ալ առնողին:

 

Share this Article
CATEGORIES