Հայաստանի Եւ Չինաստանի Կառավարութեանց Միջեւ Պաշտօնական Նամակներու Փոխանակման Արարողութիւն
Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ս. Մանասարեանի եւ Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպան Թիան Չանչունի մասնակցութեամբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կառավարութեան եւ Չինաստանի կառավարութեան միջեւ պաշտօնական նամակներու ստորագրման եւ փոխանակման արարողութիւնը:
Սոյն նամակներով համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ, որ Չինաստան Հայաստանի 25 բարձրաստիճան պետական ծառայողներու համար Չինաստանի մէջ պիտի կազմակերպէ «Տնտեսական գօտիներու կառավարում» նիւթով յատուկ սեմինար մը, որուն համար Չինաստանի կողմէ Հայաստանին յատկացուող անհատոյց օգնութենէն պիտի տրամադրուի 1 450 միլիոն չինական եուան:
CATEGORIES Հայկական

