50 Տարի Առաջ ( 14 մայիս 1962 )

«Մայրերու Օր»-ը
Քարանթինայի Մէջ

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Քարանթինայի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած հանդիսութիւնը` նուիրուած «Մայրերու օր»-ուան, տեղի ունեցաւ 3 մայիսի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Օգնութեան խաչի սրահին մէջ` ստուար բազմութեան մը ներկայութեամբ:

Հանդիսութեան բացումը կատարեց Մարգար Մարգարեան` շեշտելով կարեւորութիւնը «Մայրերու օր»-ուան, որ աշխարհի չորս ծագերուն կը տօնուի տարուան այս գեղեցկագոյն ամսուան մէջ: Ապա գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին մեներգեցին Ա. Մկրտիչեան եւ Լ. Վարժապետեան:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան դասախօսուհին` Մարի Սարգիսեան, որուն դասախօսութեան նիւթն էր` «Կինը ընկերային կեանքի մէջ եւ հայ կնոջ դերը ազգապահպանման գործին մէջ»: Յարգելի դասախօսուհին նախ յայտնեց կնոջ առաքելութիւնը, որ մայր ըլլալ, ընտանիք կազմել եւ զայն բարոյական մակարդակի մը վրայ հաստատուն պահել է. ճարտարօրէն թուեց կնոջ պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները ընտանիքին մէջ, որոնց կարգին հրաւիրեց կիները ըլլալ հնազանդ ու տիպար, որպէսզի իրենց հասցուցած սերունդն ալ ըլլայ իրենց մանրանկարը: Կարեւորութեամբ շեշտեց, որ կնոջ մը մասնագիտութիւնը նուազ օգտակարութիւն կ՛ունենայ իր ընտանիքին, մարդկութեան, քան` իր ամբողջական նուիրումը:

Յիշեց նաեւ այն իրողութիւնը, թէ այն կինը, որ ինքզինք հաւասար դիրքի վրայ կը տեսնէ այր մարդուն հետ, բիրտ է ու արգահատելի, չեն սիրուիր ո՛չ այրերուն եւ ո՛չ ալ այլ կիներուն կողմէ:

Ապա մեծ կարեւորութեամբ խօսեցաւ շատախօս կիներու բերած վնասներուն մասին` ընկերային զանազան հարցերու մէջ. թելադրեց կիներուն, որ երբեք չբամբասեն իրենց շուրջինները, մանաւանդ` ուսուցիչները, որովհետեւ կրնան այդ ձեւով քանդել իրենց զաւակներուն մէջ այն, ինչ որ շինած է ու կերտած` ուսուցիչը: Կնոջ արժէքը իր մայր ըլլալու շնորհքին մէջ է, հետեւաբար պէտք է մայրական գութով ու սիրով պարզել ամէն կարգի մութ կէտերը` իր զաւկին, բացատրել անոր առած  սխալ քայլերուն դէպի կորուստ առաջնորդելը եւ ուղղել զանոնք միշտ դէպի լաւը, դէպի ճշմարիտն ու դէպի լուսաւոր ուղին:

Ի վերջոյ,  արդարօրէն յայտարարեց. «Փա՜ռք այն մայրերուն, որոնք արհաւիրքի օրերուն իրենց արեամբ պահեցին ու հասցուցին առողջ ու կենսունակ սերունդ մը. պատի՛ւ այն մայրերուն, որոնք ներկայիս թեւ ու թիկունք կը կանգնին բարոյականով բարձր ու առաքինի սերունդի մը կերտումին մէջ»:

Շատ շահեկան ու շինիչ այս դասախօսութենէն ետք եղան մեներգ ու արտասանութիւն, որոնցմէ ետք ներկաներ խորապէս տպաւորուած` մեկնեցան սրահէն:

 

Օ. Սիւրմէլեանի «Կոմիտաս»
Լարային Քառեակի

Երաժշտական Երեկոյթին Առթիւ

Պէյրութահայ գեղարուեստական կեանքին մէջ իր արժանի տեղը եկաւ գրաւել «Կոմիտաս» քառեակը` տարուէ տարի աւելի ու աւելի խորանալով երաժշտասէր հասարակութեան սրտին մէջ:

Մայիս 2-ի երաժշտական երեկոն, որ տեղի ունեցաւ Ամերիկեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, եղանակի յաջողագոյն ձեռնարկներէն մէկը կարելի է նկատել:

Օննիկ Սիւրմէլեան իր ջութակին շաղելով Ժիզել Սապայի ջութակը, Էլի Պենժամէնի վիոլան եւ Վիթթորիօ Մոնթեպարոչչիի թաւջութակը, կազմած է քառեակ մը, կամուրջ մը` ձայներու, լոյսի, գոյներու, մտածումի ու զգացումի հազարումէկ երանգներով: Կոմիտասն է` կը հոսի, կը խօսի ու կ՛երգէ քառեակի բերնով` «Շողեր ջան», «Խումար», «Ալ Այլուղս», «Ծիրանի ծառ», «Չինար ես», «Էջմիածնի պար» ու երգէ երգ, ունկնդիրները հմայուած ու յափշտակուած կ՛անցնին ապրումէ ապրում, աշխարհէ աշխարհ ու տաքցած սրտէն քրտինքը կ՛իյնայ իր երեւակայութեան ծարաւ հողին ու հոն կ՛աճի կոմիտասեան դալար պարտէզը… Սէրեր, կարօտներ, լաց ու ժպիտ, աշխատանք ու կեանք, յոյս ու արշալոյս, ու այս ամէնը հայրենի հողին վրայ, ունկնդիրը հայրենադարձ ու հարստացած` ակամայ լուռ ունկնդիր սրահին մէջ, սրտի պոռթկումով ծերունազարդ ու երիտասարդ ձայներ կը լեցնեն սրահը. պրաւօ՜, պրաւօ՜, հնչած է:

Չինար ես, հեռանալ մի՛
Մեր դռնէն հեռանալ մի՛
Հեռու ես մոռանալ մի՛:

Ու ահա վաստակաւոր դաշնակահարուհի Ոսկի Յովհաննէսեան վարպետօրէն կը նուագէ Ա. Խաչատուրեանի «Պոէմը» ու «Թոքքաթան»` նոր շունչ ու հորիզոն բանալով մթնոլորտին: Իր համարձակ ու զգայուն տիրապետումը դաշնակին տուաւ այն լեզուն, որմէ եկած ամէն ձայն խորապէս ըմբռնուեցաւ ունկնդիրներէն` զանոնք լեցնելով շնորհակալութեամբ դէպի «Կոմիտաս» քառեակը, որ առիթը ընծայած էր Ոսկի Յովհաննէսեանին հայ հասարակութեան կրկին լսելի դառնալու:

Երեկոյթին իր մասնակցութիւնը բերած էր գաղութիս սիրուած ու ծանօթ երգչուհի Արփինէ Փեհլիվանեան: Ընկերակցութեամբ «Կոմիտաս» քառեակին, երգեց Ալէմշահի նազերը: Հասարակութիւնը առաջին երգով նկատեց բացառիկ կացութիւն մը իր այնքան քնքուշ ձայնին մէջ: Ապա Ճեմպերճիի «Արազի ափին», Ա. Յարութիւնեանի «Երգիր ինձ համար» ու Ա. Խաչատուրեանի «Խնճոյքի երգ»-ին մէջ աստիճանաբար վերագտնելով իր հունը, եկաւ ներկաներուն իր խոր զգայնութեամբ ու ապրումով տալու ա՛յն, ինչ որ առհասարակ հասարակութիւնը ստացած էր իր ձայնէն ու հիացած… Երգիչին դեղը երգն է: Այս հաստատուեցաւ մեր մտքերուն մէջ, երբ բուռն ծափահարութեամբ կը սպասէինք իրմէ նոր երգեր ու կրկնումներ: Սոյն երգերը քառեակին համար մշակուած էին Պօղոս Ճելալեանի  կողմէ. յաջող նորութիւն մը` երաժշտութեան համար:

Ապա «Կոմիտաս» քառեակը յաջողագոյնս մեզ ներկայացուց «Ալագեազը», «Հաբրբանը», «Գարուն ա»-ն, «Կաքաւիկ»-ը ու այս բոլորին մէջ ծափե՜ր, սրտէ ելած երկա՜ր ծափեր, բեմ բերին ու մեր աչքերուն երեւցաւ ե՛ւ Կոմիտասը, ժպիտ դէմքին արցունք աչքին: Քառեակը շարունակեց` «Հոյ Նա՛զանիմ»:

Ու Կոմիտասը ուրախացաւ, երբ նուագեց քառեակը Ջրբաշեանի Քենդեդի Ա. մասը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ոսկի Յովհաննէսեանի, ու ի՞նչ նոր խռովք ու խանդավառութիւն, նոր շունչ ու արշալոյս:

Կ՛արժէ աւելի հանգամանօրէն խօսիլ այս ձեռնարկին մասին ու զայն աւելի գործնական մօտեցումով մը մօտեցնել հանրութեան` կրկնելով հայաշատ կեդրոններու մէջ ու մանաւանդ օտար հասարակութեան ծանօթացնելով` արժեւորել հայ արուեստն ու արուեստագէտը հայ ժողովուրդով:

Յ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES