Կրթական Նիւթեր. Երկու Լեզու Խօսիլը «Կը Խթանէ Ուղեղին Զօրութիւնը»

Տարբերութիւնները նկատուած են ուղեղին «ցօղունին» մէջ:

ՈՒՐԵՄՆ ԲՈԼՈՐՍ «ՏԱՂԱՆԴՆԵ՞Ր» ԵՆՔ… ԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԷ ԵՐԿՈՒ ԼԵԶՈՒ ԽՕՍԵԼՈՒ «ՀԶՕՐ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ»-Ը: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ԳՐԷ.

Նորթուեսթըռն համալսարանէն ամերիկացի ուսումնասիրողներու համաձայն, երկու լեզու խօսիլը ուղեղը մարզելու ձեւ մըն է, մտային «մարզանք» մը, որ կը պրկէ ուղեղին լարերը:

Ուսումնասիրողները ի յայտ բերած են, թէ երկու լեզու խօսիլը խոր ներգործութիւն կ՛ունենայ ուղեղին վրայ եւ կը շրջէ ձայներու հակազդելու ջղային դրութեան գործունէութիւնը, ինչպէս ցոյց տուած են գիտաշխատանոցներու մէջ կատարուած փորձերը:

Մասնագէտները կ՛ըսեն, թէ Միացեալ Նահանգներու Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պաշտօնաթերթ «Փրոսիտինկզ աֆ տը Նեշընըլ Աքատըմի աֆ Սայընսըզ»-ի մէջ հրապարակած իրենց տեղեկագիրը կը պարունակէ այս յայտնաբերումին «կենսաբանական» ապացոյցները:

Ուսումնասիրութեան ընթացքին մասնագէտները հետեւած են կամաւոր 48 առողջ ուսանողներու ուղեղին հակազդեցութիւններուն` տարբեր ձայներու: Ուսանողներէն 23-ը կը խօսէին երկու լեզու:

Անոնք ուսանողներուն գանկին կապուած ելեկտրական հոսանքներով արձանագրած են ուղեղին մէջ ստեղծուող ալիքներուն պատկերը:

Գիտաշխատանոցին լուռ մթնոլորտին մէջ երկու լեզու խօսող եւ միայն անգլիախօս ուսանողները նոյն ձեւով հակազդած են ձայներուն:

Սակայն, երբ ուսումնասիրութիւնը կատարուած է աղմկալից խօսակցութեամբ լեցուն շրջապատի մը մէջ, երկու լեզու խօսող ուսանողներուն խումբը ձայները ուղեղին գործընթացներէն անցընելու շատ աւելի գերազանց կարողութիւն ցուցաբերած է:

Այս խումբը շատ աւելի յաջող կերպով ուղեղը լարած է` կարեւոր տեղեկութիւնները լսելու համար, ջոկելով զանոնք յայտնող անձին ձայնը եւ զայն անջատելով խանգարիչ այլ ձայներէ, այսինքն` շրջապատի աղմկալից շաղակրատութենէն:

Իսկ այս տարբերութիւնները ինքնին տեսանելի էին անոնց ուղեղին մէջ: Երկու լեզու խօսող անձերուն ուղեղին «ցօղունը» շատ աւելի աշխուժ կերպով կը հակազդէր ձայներուն:

Ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող մասնագէտը` Նինա Քրաուս կը նկարագրէ «երկու լեզու խօսող անձերու ձայնային աւելի ցայտուն փորձառութիւնները. անոնք ունին շատ արդիւնաւէտ, ճկուն եւ կեդրոնացած լսողական համակարգ մը, մանաւանդ` լսողական այնպիսի վիճակներու մէջ, որոնք մարտահրաւէր կ՛ուղղեն ուղեղին կամ նորութիւն են»:

Ուսումնասիրութեան տեղեկագիրին հեղինակներէն Վիորիքա Մարիան կ՛ըսէ. «Մարդիկ խաչբառ կը լուծեն եւ այլ զբաղումներով կը փորձեն աշխուժ պահել իրենց ուղեղը: Սակայն երկու լեզու խօսող անձերու քով մեր ի յայտ բերած առաւելութիւնները ինքնաբերաբար եւ ուղղակի կը բխին պարզապէս երկու լեզու գիտնալու եւ գործածելու իրողութենէն»:

«Կը թուի, թէ երկու լեզու խօսելու առաւելութիւնները շատ լայն են եւ հզօր: Անոնք կ՛ընդգրկեն կեդրոնացում, անընդունելի ձայներու գիտակից անտեսում, ինչպէս նաեւ` ձայները ուղեղին գործընթացներէն անցընելու կարողութիւն»:

Յայտնապէս երաժիշտները նոյն ձեւով կ՛օգտուին, երբ փորձեր կը կատարեն, կ՛ըսեն ուսումնասիրողները:

Անցեալին կատարուած ուսումնասիրութիւններ եւս ցոյց տուած են, թէ երկու լեզու խօսիլը կրնայ կանխարգիլել ժամանակի ընթացքին ուղեղին գործունէութեան դանդաղեցումը կամ վատթարացումը:

 Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES