Կրթական Նիւթեր. Չինաստան Աշխարհի Ամէնէն Խելացի Երկի՞րը

Ցարդ ամէնէն համապարփակ ուսումնասիրութիւնը բաղդատութիւն մը կը կատարէ Չինաստանի եւ այլ երկիրներու դպրոցներուն մակարդակներուն միջեւ:
ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ ԵՐԲԵՔ ՉԵՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԱԾ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՆՈՆՔ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ԵՆ ԵՒ ՀԻԱՑՈՒՄ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԵՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՂԵԿԱՎԱՐՈՂ ՄԱՍՆԱԳԷՏԻՆ: ԱՆ ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹԸ` ԶԱՅՆ ԲԱՂԴԱՏԵԼՈՎ ԱՅԼ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐՈՒ ՀԵՏ: ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ ԳԱՂՏՆԻՔԸ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ՉԻՆԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԴԱՐԱՒՈՐ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՊԱՏԿԵՐԸ.
Տնտեսական գործակցութեան եւ զարգացումի կազմակերպութեան (Օ. Ի. Սի. Տի.) կողմէ երեք տարին անգամ մը կազմակերպուող քննութիւններ կը չափեն աշակերտներուն կարդալու, հաշուելու եւ գիտական նիւթերու տիրապետութեան կարողութիւնները:
Այս քննութիւնները ծանօթ են «Փիսա» անունով (Փրոկրամ ֆոր ինթըրնեշընըլ սթիւտընթ ըսեսմընթ) եւ դարձած են կրթական միջազգային մակարդակներ չափող առաջատար հեղինակութիւն մը:
Անոնց արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ Չինաստան ունի կրթական այնպիսի համակարգ մը, որ սկսած է գերազանցել արեւմտեան բազմաթիւ երկիրներու կրթական համակարգերը:
Մինչ Չինաստանի տնտեսական եւ քաղաքական զարգացումներուն նկատմամբ հետաքրքրութիւնը հետզհետէ կը խորանայ աշխարհի տարածքին, անդին` այս քննութիւնները առաջին անգամ ըլլալով ցոյց կու տան, թէ Չինաստան ինչպէ՛ս կրթութիւն կը ջամբէ յաջորդ սերունդին:
«Անհաւատալի Ճկունութիւն»
«Փիսա»-ի 2009-ի քննութիւնները ցոյց տուած էին, թէ Շանկհայ կը գտնուէր կրթական միջազգային առաջնակարգ դիրքերու վրայ:
Սակայն յստակ չէր, թէ Շանկհայ եւ Հոնկ Քոնկ, որ նոյնպէս կը գտնուէր առաջնակարգ դիրքերու վրայ, արդեօք կը ներկայացնէի՞ն ամբողջ երկրին պատկերը:
Տնտեսական գործակցութեան եւ զարգացումի կազմակերպութեան ղեկավար Անտրէաս Շլայխըրի համաձայն, քննութիւններու չհրապարակուած արդիւնքներ ցոյց կու տան, թէ Չինաստանի այլ շրջաններու մէջ եւս աշակերտներ կրթական շատ լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրեն:
«Կրթական արդիւնքները յատկանշական են նոյնիսկ գիւղական շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ` կեանքի զրկանքներով ապրող հաւաքականութիւններու», կ՛ըսէ ան:
Շլայխըր մասնաւորաբար կը շեշտէ, թէ քննութիւններուն արդիւնքները ցոյց տուած են աշակերտներուն յաջողելու «ճկունութիւնը», նոյնիսկ` ամէնէն դաժան պայմաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ «հաւասարութեան բարձր համեմատութիւնները»` հարուստ եւ աղքատ աշակերտներուն կրթական մակարդակներուն միջեւ:
«Շանկհայ իւրայատուկ պարագայ մըն է, եւ հոն արձանագրուած արդիւնքները շատ մօտ էին իմ ակնկալութիւններուս: Սակայն ինչ որ աւելի զարմանք պատճառեց ինծի, աղքատ գաւառներուն մէջ արձանագրուած արդիւնքներն էին, որոնք իրապէ՛ս լաւ էին: Ճկունութեան տարողութիւնը պարզապէս անհաւատալի է», կը բացատրէ ան:
«Չինաստանի մէջ շատ խոր արմատացած է այն գաղափարը, թէ կրթութիւնը բանալին է ընկերային դիրքի եւ յաջողութեան»:
Շահարկում` Ապագայի Համար
Զրկանքներով յատկանշուած կեանք մը ապրող չինացի աշակերտներուն արձանագրած արդիւնքները նախանձելի են արեւմտեան որեւէ երկրի համար, կ՛ըսէ Շլայխըր:
Ան կասկած չունի Չինաստանի կրթական մակարդակներուն այս ընդհանուր պատկերին վաւերականութեան:
Կրթական մակարդակի համապարփակ ուրուագիծ մը ունենալու համար քննութիւններ տեղի ունեցած են չինական 9 գաւառներու մէջ, ներառեալ` աղքատ, միջին եկամուտով եւ համեմատաբար աւելի հարուստ շրջաններու տարածքին:

Երկրորդական վարժարանի աշակերտներ Նանճինկ գաւառին մէջ քննութիւններու նախորդող ձեռնարկի մը ընթացքին բարձրաձայն կը հնչեցնեն կարգախօսներ, ինչպէս` «Պէտք է քոլեճ երթամ»:
Ցարդ Չինաստանի պետութիւնը թոյլ չէ տուած, որ Տնտեսական գործակցութեան եւ զարգացումի կազմակերպութիւնը հրատարակէ քննութիւններուն արդիւնքներուն շօշափելի տուեալները:
Սակայն Շլայխըր կ՛ըսէ, թէ արդիւնքները ի յայտ կը բերեն պատկերը այնպիսի ընկերութեան մը, որ անհատական եւ հաւաքական մակարդակներու վրայ կը շահարկէ կրթութեան մէջ:
Վերջերս դէպի Չինաստանի աղքատ մէկ շրջանը այցելութեան մը առիթով ան նկատած է, թէ դպրոցները շրջանին ամէնէն տպաւորիչ կառոյցներն են:
Արեւմուտքի մէջ նման կառոյցները շատ հաւանաբար շուկայի համալիրներ են, կ՛ըսէ ան:
«Դիմացդ կը տեսնես պատկերը ընկերութեան մը, որ կը շահարկէ իր ապագային համար, եւ ոչ թէ` ներկայ սպառողական մշակոյթին մէջ», կ՛ըսէ Շլայխըր:
Մշակութային հիմնական տարբերութիւններ նկատուած են նաեւ, երբ պատանիներու հարց տրուած է, թէ ինչպէ՛ս կարելի է յաջողիլ դպրոցին մէջ:
«Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ պատանիներուն համար բնորոշ է ըսել, թէ յաջողութիւնը բախտի հարց է: «Ուսողութեան կարողութիւնը հետս ծնած է», կ՛ըսեն անոնք, կամ` «ուսողութեան հակում չունիմ, հետեւաբար ուրիշ բան մը պէտք է ուսանիմ»», ինչպէս կը նկարագրէ Շլայխըր:
«Եւրոպայի մէջ ամէն ինչ կ՛առնչուի ընկերային ժառանգութեան հետ. «Հայրս փականագործ էր, հետեւաբար փականագործ պիտի դառնամ», կ՛ըսէ եւրոպական մտայնութիւնը»:
«Չինաստանի մէջ տասը աշակերտէն աւելի քան ինը կ՛ըսէ. «Յաջողութիւնը կախեալ է ի գործ դրած ճիգէս, եւ կրնամ յաջողիլ, եթէ լաւ սորվիմ»:
«Չինաստանի մէջ աշակերտներ պատասխանատուութիւն կը ստանձնեն: Անոնք կրնան յաղթահարել դժուարութիւննները եւ կրթական համակարգը մեղադրելու փոխարէն` ըսել. «Իմ յաջողութիւնս կախեալ է ինձմէ»»:
Կրթական Մարզի Աշխարհի Բաժակը
Այս տարի կարգն է «Փիսա»-ի յաջորդ քննութիւններուն: Ասիկա համազօր է միջազգային կրթական մարզին մէջ ֆութպոլի աշխարհի բաժակի ախոյեանութեան տարուան: Շլայխըր կ՛ակնկալէ մեծ ոստումներով բարելաւում արձանագրող երկիրներու շարքին տեսնել Պրազիլը, Թուրքիան եւ Լեհաստանը:
Տնտեսական գործակցութեան եւ զարգացումի կազմակերպութեան կեդրոնատեղի Փարիզի մէջ հաստատուած Շլայխըր դարձած է գերագոյն հովանաւորը կրթական համաշխարհային բաղդատութիւններուն:
Տեղեկութիւններ եւ թիւեր պարունակող համակարգչային ծրագիրով մը զինուած եւ ամենայն քաղաքավարութեամբ վարուող գերմանացի այս մասնագէտին կարծիքները կը դառնան աշխարհի կրթական նախարարութիւններուն յատուկ ուշադրութեան առարկան:
Սպիտակ տունը «Փիսա»-ի վերջին արդիւնքներուն հակազդեց նախագահ Պարաք Օպամայի այն դիտարկումով, թէ` «այն երկիրը, որ այսօր մեզմէ աւելի ուսեալ է, վաղը պիտի յաղթէ մեզի»:
Համաշխարհային կրթական յաջորդ ցուցակները պիտի կազմուին աւելի քան 70 երկիրներու մէջ 500 հազար աշակերտներու քննութիւններուն արդիւնքներուն հիմամբ, որոնք պիտի հրապարակուին յառաջիկայ տարուան վերջաւորութեան:
Կրթութեան նախարարներ լարուած ջիղերով պիտի սպասեն արդիւնքներուն:
«Անցեալին քաղաքագէտներ միշտ ալ կրնային ըսել, թէ նախորդ տարիէն աւելի լաւ էր իրենց երկրին կրթական պատկերը. իւրաքանչիւր երկիր կրնար խօսիլ իր յաջողութեան մասին», կ՛ըսէ Շլայխըր` նկարագրելով, թէ ինչպէ՛ս տարուէ տարի հակամէտ են բարձրանալու երկրի մը պետական քննութիւններուն արդիւնքները:
«Փիսա»-ի քննութիւններուն հաստատումով` ցուրտ հով մը սկսաւ փչել պետական այս անթափանցելի միջանցքներուն մէջ:
Ոչ Մէկ Պատճառաբանութիւն
Հաւանաբար ամէնէն աւելի անհանգիստ կը զգար Գերմանիա, ուր իբրեւ ««Փիսա»-ի ցնցում»` կը նկարագրուէր այն բացայայտումը, թէ բազմիցս հպարտութեամբ շեփորուած երկրին կրթական համակարգը յստակօրէն միջակ էր:
Շլայխըրի համաձայն, մօտեցումի մեծագոյն փոփոխութիւնը տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս երկիրը, որ նախապէս հետաքրքրուած չէր իր երկրէն դուրս դիտելով, այժմ մեծ խանդավառութեամբ գաղափարներ փոխ կ՛առնէ այլ երկիրներէ:
«Կրթութիւնը այնպիսի մարզ մըն է, ուր կը տիրապետեն հաւատալիքներն ու աւանդութիւնները: Անիկա ներհայեաց է: Համակարգ մը կրնայ ամէն տեսակ պատճառաբանութիւն եւ բացատրութիւն գտնել իր ձախողութեան», կ՛ըսէ Շլայխըր:
««Փիսա»-ի գաղափարը կու գար վերացնելու բոլոր պատճառաբանութիւնները»:
«Մարդիկ կ՛ըսեն, թէ կրթական համակարգ մը կարելի է բարելաւել միայն 25 տարուան ընթացքին: Սակայն, տեսէ՛ք, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ Լեհաստանի եւ Սինկափուրի մէջ, որոնք իրենց համակարգերը բարելաւած են շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, եւ ուր ականատես եղած ենք շատ մեծ փոփոխութիւններու»:
Շլայխըրի համաձայն, «Փիսա»-ի քննութիւններուն մեծագոյն դասը այն է, թէ դպրոցներու արձանագրած տկար արդիւնքներուն մէջ անխուսափելի ոչինչ կայ:
«Աղքատութիւնը այլեւս ճակատագիր չէ. ասիկա ակներեւ է տնտեսական մակարդակին վրայ, ինչպէս կը տեսնենք Հարաւային Քորէայի եւ Սինկափուրի մէջ», կ՛ըսէ ան:
Արդա՞ր Է Բաղդատութիւնը
«Փիսա»-ի քննութիւններուն հիմամբ աշխարհի կրթական համակարգերը մակարդակներու բաժնելու դէմ քննադատական կարծիք մը անարդար կը նկատէ զայն: Ինչպէ՞ս կարելի է աղքատութեան մէջ տառապող բարգաւաճող երկիր մը բաղդատել բազմաթիւ առաւելութիւններով օժտուած սկանտինաւեան հարուստ երկրի մը հետ:
Այստեղ Շլայխըր կ՛ընդգծէ յատկանշական տարբերութիւն մը: Նման բաղդատութիւններ թերեւս արդար չեն, սակայն չափազանց կարեւոր են: «Կարեւորութիւնը եւ արդարութիւնը նոյն բաները չեն», կ՛ըսէ ան:

Տնտեսական գործակցութեան եւ զարգացումի կազմակերպութիւնը (Օ. Ի. Սի. Տի.) Հարաւային Քորէան կը նշէ իբրեւ օրինակ, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կրթութիւնը կրնայ խթանել երկրի մը տնտեսական աճը:
Ամէնէն աղքատ երկիրներուն մէջ անչափահասներ տակաւին պարտաւոր են մրցիլ համաշխարհային տնտեսութեան մը մէջ: «Սարսափելի բան է համաշխարհային հայեցակէտին անտեսումը», կ՛ըսէ Շլայխըր:
Ան նաեւ դէմ է աղքատ մանուկներէն նուազ ակնկալութիւններ ունենալու գաղափարին եւ կ՛ըսէ, թէ ասիկա «1970-ական տարիներու մեծագոյն թակարդն էր»:
«Ասիկա կու տար զրկուած մանուկը անտեսելու պատրուակ մը, որ հիմնուած էր հետեւեալ մօտեցումին վրայ. դուն կը պատկանիս աղքատ խաւի մը, հետեւաբար պիտի նեղցնենք քու հորիզոնդ եւ պիտի դիւրացնենք կեանքդ», կը բացատրէ ան:
«Սակայն նման մանուկ մը օր մը տակաւին պարտաւոր է մրցիլ իր երկրին աշխատաւորական շուկային մէջ»:
«Արդարութեան այս գաղափարը խորապէս անարդար է, որովհետեւ նման մանուկներու դժուար պայմանները դիւրացնելով` կը նուազեցնենք կեանքի մէջ յաջողելու անոնց առիթները»:
Խտրական Բաժանում
Հետեւաբար ինչո՞ւ Ասիոյ մէջ ծաղկող երկիրները սկսած են այսքան յաջող արդիւնքներ արձանագրել:
Շլայխըրի համաձայն, պատճառը փիլիսոփայութեան տարբերութիւնն է. այն ակնկալութիւնը, թէ բոլոր աշակերտները կրնան սպասուած նիշը ապահովել, եւ ոչ թէ քանի մը ընտրեալներու վրայ կեդրոնանալով` ամբողջութիւնը «խտրական բաժանումի» ենթարկելու ուղղութիւնը:
Ան կ՛ըսէ, թէ իւրաքանչիւր երկիր կրնայ ստեղծել կրթական համակարգ մը, ուր միայն առաջնակարգ աշակերտները կը յաջողին, իսկ բուն մարտահրաւէրը ամբողջ խումբի մը մակարդակը բարձրացնելն է:
Չինաստանի մէջ այս մէկը տեղի կ՛ունենայ լաւագոյն ուսուցիչներով` խստապահանջ դպրոցներու մէջ, ինչպէս կը բացատրէ ան:
Ուժերու հաւասարութեան մէջ փոփոխութեան պատկերը դարձեալ պիտի որոշուի 2012-ին, երբ «Փիսա»-ի քննութիւնները տեղի պիտի ունենան Սթոքհոլմէն մինչեւ Սէուլ, Լոնտոն, Լոս Անճելըս, Անգարա եւ Ատըլէյտ:
««Փիսա»-ն չի միտիր աշխարհի երկիրները մակարդակներու բաժնել, այլ կ՛ուզէ ըսել, թէ ի՛նչ բան կարելի է իրագործել, թէ` որքան լաւ մօտեցում կրնանք ցուցաբերել եւ լաւ արդիւնքներ արձանագրել», կ՛եզրակացնէ Շլայխըր:
Կրթական Համաշխարհային Դասաւորումներ
Տնտեսական գործակցութեան եւ զարգացումի կազմակերպութեան ղեկավար Անտրէաս Շլայխըր կ՛ըսէ. «Կարեւորութիւնը եւ արդարութիւնը նոյն բաները չեն»:
«Փիսա»-ի ընթերցանութեան, ուսողութեան եւ գիտութեան համաշխարհային քննութիւններուն կը մասնակցին 15 տարեկան աշակերտներ: Նախապէս այս 3 նիւթերուն մէջ յաջորդաբար առաջնակարգ դիրքեր գրաւած են հետեւեալները.
- 2000-ին` Ֆինլանտա, Ճափոն, Հարաւային Քորէա
- 2003-ին` Ֆինլանտա, Հոնկ Քոնկ, Ֆինլանտա
- 2006-ին` Հարաւային Քորէա, Թայփէյ, Ֆինլանտա
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ -ՍՐԱՊԵԱՆ




