Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան. Վարժարանի Հիմնադրութեան 80-Ամեակի Ճաշկերոյթ
Մեր կեանքին մէջ հիմնական երեք արժէքներէն մէկը նկատուող դպրոցը ազգի մը գոյատեւման հիմնական կռուանը կը հանդիսանայ: Այս իմաստով Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր հայրերուն առաջին նպատակը եղաւ դպրոց հիմնել` առաջքը առնելու համար հայ ազգին գոյատեւումը խաթարող որեւէ վտանգի: Հայախօսութիւնը, հայոց պատմութեան լաւատեղեակ ըլլալը կ՛երաշխաւորեն նոր սերունդին մօտ հայու ոգին ու անկորնչելի կամքը:
Պուրճ Համուտի Նոր Սիս թաղամասին մէջ 1932-ին հիմնուեցաւ Ազգային Լուսինեան թիթեղածածկ վարժարանը, իսկ 1963-ին քարաշէն կառոյցը օժտուեցաւ մանկապարտէզով մը` բարերարութեամբ բնիկ սսեցի Աքսոր Գասարճեանի, եւ այդ օրէն սկսեալ վարժարանը անուանուեցաւ Ազգային Աքսոր Գասարճեան:
Աւելի քան 80 տարիներ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը տիրական ներկայութիւն եղաւ Նոր Սիս թաղամասին մէջ: Սերունդներ կոփուեցան այս կրթօճախին մէջ` դառնալով պարծանքը սփիւռքի հայաշատ գաղութ Լիբանանին եւ հայ ժողովուրդին:
Այս իմաստով, շաբաթ, 7 ապրիլ 2012-ին, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանին 80-ամեակը լուսարձակի տակ առնուեցաւ փառահեղ ճաշկերոյթով մը հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին, կազմակերպութեամբ վարժարանի հոգաբարձութեան, ներկայութեամբ վարժարանիս առաքելութեան հաւատացող բարերարներու եւ շրջանի պատկան մարմիններու:
Ճաշկերոյթին բացման խօսքը կատարեց վարժարանի տնօրէնուհի Արեգնազ Աղասարգիսեան: Ան Հայ գիրքի տարուան առիթով հայ դպրոցին առաքելութիւնը լուսարձակի տակ առաւ` նշելով, որ հայ գիրքի իւրաքանչիւր էջին վրայ կայ մեր ժողովուրդի հաստատուն եւ պողպատեայ գոյատեւելու կամքը, ինչպէս նաեւ` իւրաքանչիւր կրթական մշակի վաստակը: Ա. Աղասարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր յայտնի եւ անյայտ բարերարներուն, որոնց սրտաբուխ նուիրատուութիւնը առաւել թափ եւ եռանդ կու տայ բոլորին:
Ճաշկերոյթի ընթացքին տեղի ունեցաւ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի 80-ամեակի երթը խորագիրով տեսերիզի ցուցադրութիւն:
Իր սրտի եւ գնահատանքի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան յայտնեց, որ հայ դպրոցի ներկայութիւնը ապահով երաշխիք է ապագայի իմաստով: Առաջնորդ սրբազանը յատկապէս շեշտեց հայ դպրոցի անուրանալի դերին եւ հայեցի դաստիարակութեան մասին, որ կը պակսի օտար վարժարան յաճախող հայ աշակերտներուն մօտ: Ան յարգանքով յիշեց բոլոր այն հայորդիները, ըլլան անոնք կրթական մշակներ կամ պատասխանատու անձեր, որոնք իրենց լուման դրին այս նուիրական առաքելութեան մէջ:
Յայտագիրը վարեց Գէորգ Նալպանտեան, որ մերթ ընդ մերթ յայտարարեց նուիրատուներուն անուանացանկը:
Տեղի ունեցաւ նաեւ 80-ամեակի կարկանդակի հատում` առաջնորդ սրբազանին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետին, վարժարանի բարերար Սարգիս Կերեքմեզեանին, վարժարանի շրջանաւարտ տոքթ. Կարպիս Պապոյեանին եւ վարժարանի տնօրէնուհիին կողմէ:
Ճաշկերոյթը ճոխացուցին գաղութի երգիչներէն Հրաչ Կայծակեան եւ Շաքէ Պաղտասարեան:
Բարի երթ 80-ամեայ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանին:

