Մայրերու Օր
Մայիս ամիսն է, որ մայրանալով` ծնունդ կու տայ բնութեան. անիկա կը ծաղկի ու կը գեղեցկանայ: Հայ ժողովուրդն ալ, զուգահեռ մը գծելով բնութեան ծաղկումին եւ մայրերուն միջեւ, այս ամիսը նուիրուած է հայ մօր, ապրիլ ամիսէն ետք:
Տարիներէ ի վեր սովորութիւն դարձած է Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանին մէջ այս ամսուան ընթացքին մանկապարտէզի բաժնին կողմէ նշել մայրերու օրը:
Այս տարի եւս, չորեքշաբթի, 9 մայիս 2012-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, դպրոցի «Հետուիկ» սրահը հաւաքուած էին մայրեր, մեծ մայրեր եւ հիւրեր:
Բացման խօսքը արտասանեց դպրոցի մանկապարտէզպանուհի Նաթալի Քենտիրճեան եւ ըսաւ, որ մայր բառը հոմանիշ է զոհողութեան, նուիրումի, սիրոյ, հոգածութեան եւ դաստիարակութեան:
Ան յիշեց, թէ այն մայրը, որ ունի ամուր սկզբունքներ, աստուածավախ է, բազմակողմանի մտածելակերպով օժտուած, իրմէ տարբերը կրնայ ընդունիլ եւ հասկնալ, ունի սէր մշակոյթի եւ արուեստի նկատմամբ, նաեւ գիտէ իր ժամանակը օգտագործել ի շահ իր զաւակներուն բարօրութեան, անպայման պիտի յաջողի իր առաքելութեան մէջ:
Ապա ան հրաւիրեց դպրոցի տնօրէն վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանը` փոխանցելու իր սրտի խօսքը:
Վեր. Մսըրլեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ինծի համար ուրախութիւն է մայրերու օրը տօնել, որովհետեւ մայրերը արժանի են ամէն տեսակ յարգանքի ու տօնակատարութեան: Մայրերուն զոհողութիւնը, ծառայութիւնը, մանաւանդ որպէս հայ մայր, գնահատելի է: Հայ մայրը աւելի պարտականութիւն ունի իր զաւակները կրթելու, մեծցնելու որպէս հայ եւ քրիստոնեայ: Մայրն է, որ ընտանիքը կը շինէ եւ մայրն է, որ ընտանիքը կը քանդէ»:
Իր խօսքէն ետք վեր. Մսըրլեան ներկայացուց օրուան դասախօսը` Մարալ Հայտոսթեան, որ Պէյրութէն հրաւիրուած էր:
Մ. Հայտոսթեան իր խօսքը սկսաւ` ըսելով. «Մայրերու օրը օր մըն է, երբ կանգ կ՛առնենք արժեւորելու մեր մայրերը: Մայր բառը կեանքի գաղտնիք մըն է: Մայրը ծնունդ կու տայ զաւկին, հոգացող, քաջալերող, դաս սորվեցնող, հսկող, մաքրող, դաստիարակող եւ աղօթող է: Մայրը գոհունակ եւ երախտապարտ սրտով կ՛ընդունի Աստուծոյ պարգեւը` զաւակը: Մայրը կը հասնի իր զաւկին բոլոր պէտքերուն` լացով, սիրով եւ ամէն բանի կը համբերէ: Ան իր զաւկին իւրաքանչիւր քայլին կը հետեւի: Թերեւս միայն մայրն է, որ կարողութիւնը ունի իր զաւկին աչքերուն մէջ նայելով` հասկնալու անոր բոլոր կարիքները»:
Մայրը միշտ պատրաստ է իր զաւկին հետեւելու եւ աղօթելու: Մայր ունենալը երջանկութիւն է, իսկ մայր ըլլալը արդեօք ի՞նչ է, հարց տուաւ դասախօսը, ապա աւելցուց` այդ է երջանկութիւնը եւ անոր բանալին:
Ըստ անոր, Ճ. Ռոպին կը խօսի ներքին երջանկութեան մասին եւ կ’ըսէ, թէ երջանկութեան 3 բանալիներ կան. ինքզինք ճանչնալ, յոյսով սպասել եւ սիրել:
«Մեր երջանկութիւնը մենք մեր մէջ պէտք է գտնենք, երբ գոհունակ սիրտ ունենանք: Ուրախ անձեր իրենց շուրջը գտնուողները կ՛ուրախացնեն: Երբ մենք կը ժպտինք մեր դիմացինն ալ ինքնաբերաբար առանց զգալու կը ժպտի: Եկէք` ուրախ ըլլանք ու ցնծանք, որովհետեւ Յիսուս ըսաւ. «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէսզի իմ ուրախութիւնս ձեր մէջ լման ըլլայ»:
Մայր ունենալը երջանկութիւն է, իսկ մայր ըլլալը պատասխանատուութիւն է, իսկական երջանկութիւն է, որպէսզի կարենանք իսկական կապը ըլլալ Աստուծոյ եւ անոնց միջեւ:
Ան կոչ ուղղեց բոլորին եւ ըսաւ. «Եկէք` միասին տօնենք այս պատուական օրը` ողջագուրելով մեր մայրերը, մեր սէրը եւ շնորհակալութիւնը յայտնելով անոնց: Իսկ եթէ մեր մայրերը մեկնած են այս աշխարհէն, Աստուծոյ փառք տանք անոնց կեանքերուն համար եւ այն գեղեցիկ յիշատակներուն համար, որ անկարելի է մեր սրտերէն եւ հոգիներէն հանել»:
Քաջ եւ շնորհալի հայ մայրերուն օրինակները թող մեզ կանգուն պահեն եւ մեզ մղեն իրենց օրինակին նման մայրեր ըլլալու:
Դասախօսութենէն ետք մանկապարտէզի աշակերտները ներկաներուն հրամցուցին փունջ մը երգեր` իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելով:
Ապա անոնք իրենց մայրերուն եւ մեծ մայրերուն տուին նուէրներ:
Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

