Արուեստի Ծիլեր Յուշարձան Մայրիկիս

Լիբանանի մէջ մայիսը մայրերու ամիսն է, «Մայր» սրբազան երեւոյթին նուիրուած ամիս:

Բոլորը` մեծ թէ փոքր, կին թէ տղամարդ, հաստատութիւններ, դպրոցներ կամ ակումբներ, իւրաքանչիւրը իւրովի անպայման կը նշեն մօր նուիրուած տօնը:

Մայիս վեցին Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի ամբողջ անձնակազմն ու աշակերտութիւնը կարծէք զօրակոչի ենթարկուած էին: Մանկապարտէզի ամենափոքրէն մինչեւ տնօրէն` բոլորը շարժման մէջ էին, աշխուժ եւ ուրախ շարժման: Դպրոցը մեղուի փեթակի վերածուած էր, զուարթ եռուզեռի մէջ էին անխտիր բոլորը:

Վարժարանին զովացուած սրահը բերնէ բերան լեցուն էր հիւրերով, ՀԲԸՄ Կրթական յանձնախումբին անդամներով, ծնողներով, Տիկնանց յանձնախումբին անդամներով եւ կրթութեան մշակներով: Բեմին վարագոյրը գոց էր, ուստի իրենց տեղերը գրաւող մարդիկ մեծ մասամբ կա՛մ զրոյցի բռնուած եւ կա՛մ օրուան ծրագրին կը ծանօթանային:

Ծրագիր-յայտագիրը «Արուեստի ծիլեր»  ընդհանուր խորագիրը կը կրէր, իսկ  «Յուշարձան մայրիկիս» ենթախորագիրը  ցերեկոյթին բովանդակութիւնն ու նպատակը կը յուշէր:

Ինչպէս որ յայտարարուած էր, մեծագոյն ճշդապահութեամբ, ուղիղ ժամը 10:30-ին սրահը լեցուեցաւ նախ Լիբանանի, ապա Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգերու հնչիւններով, այնուհետեւ ՀԲԸՄ ու Կարմիրեան վարժարաններու քայլերգերով: Պահ մը լռութենէ ետք, ամպիոն բարձրացաւ վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Ասլանեանը, որ իր բարի գալուստի խօսքերէն ետք անդրադարձաւ ՄԱՅՐ անընդգրկելի երեւոյթի տիեզերական իմաստին եւ անոր անփոխարինելի դերին: Տնօրէնուհին ի մասնաւորի շեշտեց, թէ որքան մեծ եղած է ու է՛ հայ մօր դերը  մեր պատմութեան ամբողջ ընթացքին եւ այսօր: Ան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով, թէ` «Առանց հայ մօր, աշխարհը վստահաբար աղքատ պիտի ըլլար»:

Յայտագրի աշակերտական բաժնին բացումը նախակրթարանի խումբ մը աշակերտները կատարեցին, անգլերէնով Աւետարանէն բարոյախօսական քանի մը ասացուածք արտասանելով, որուն անմիջապէս յաջորդեց այս անգամ սահուն ֆրանսերէնով արտասանուած «Զաւակի մը նամակը` ուղղուած աշխարհի բոլոր մայրերուն» չափածոյ գործը:

Սրահի զոյգ վարագոյրները կիսուեցան եւ… հրաշալի պատկեր մը բացայայտեցին: Մանկապարտէզի եւ մանկամսուրի փոքրիկները գունագեղ ու հրաշալի ծաղկեփունջ մը կազմած` պատրաստ էին խմբային երգեցողութեան: Առաջինը «Իմ մայրիկիս» հայերէն երգն էր, որուն յաջորդեցին անգլերէն, ապա արաբերէն  երգերու կատարումներ:  Երեխաները մեծ մասամբ անբռնազբօս ու հանգիստ, անոնցմէ մէկ քանին վախուորած աչուկներով, ուրիշներ ալ սրահին մէջ հայեացքով իրենց մաման գտնելու փնտռտուքով, բայց  հրաշալիօրէն երգեցին` արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն:

Պէտք է նշել, որ շատ մտածուած, տեղին ու գեղեցիկ էին բեմի քուլիսներու շեղակի միջնորմներուն վրայ  գեղագրութեամբ արձանագրուած մօր նուիրուած շիրազեան բանաստեղծութեան տողերը: Որքան հաճելի է, երբ մտածուած է ամէն բան:

Կարգը Ա. եւ Բ. դասարանցիներու միացեալ երգչախումբինն էր, այնուհետեւ Գ., Դ. եւ Ե. Զ. կարգերու միացեալ խումբերուն: Իրար  յաջորդեցին «Ամենալաւ մայրիկը»,  «Մամի, մամի», «Մարտիկի երգը», «Ո՛վ հայոց մայրեր», «Երազ» եւ «Իմ անուշ մայրիկ» երգերը:  Ուսումնական տարուան ընթացքին մեր աշակերտները շաբաթական երգի միայն մէկ պահ ունին, բայց երգի ուսուցչուհի Նորա Եղիայեանը իր մասնագիտութեան տէրն է ու ժամանակը լիարժէք ու արդիւնաւէտ կ՛օգտագործէ:

«Արուեստի ծիլեր»-ը Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի նախաձեռնութիւնն է եւ գլխաւորաբար նպատակաուղղուած է իր շնորհալի սաները բեմ հանելուն, բեմին վարժեցնելուն, իսկ  ծնողները ամբողջ տարուան մը աշխատանքին հաղորդակից դարձնելուն:  Ուսուցիչները բնականաբար իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն այս ձեռնարկին` բոլորն ալ կատարելով իրենց անփոխարինելի դերը:

Ծրագիրը բաւականին ծաւալուն, սակայն այնքան լաւ կազմակերպուած էր, որ յայտագիրը ընթացաւ ժամացոյցի սլաքներու ճշգրտութեամբ եւ հանդիսատեսը չզգաց ալ, թէ ինչպէ՛ս սահեցան մէկուկէս ժամերը:

Պ. Սեւակի «Մօր ձեռքերը» վեցերորդ դասարանցիները անսխալ ու հաճելի առոգանութեամբ  արտասանեցին:

Բեմադրուած էր Վահէ Հայկի  «Կաթիդ փարան չմոռնաս» պատմուածքը: Փոքրիկ դերասանները յաջողութեամբ  ներկայացուցին գործը ու աւարտին թատերական պատկերը քարացաւ, բայց այս անգամ սրինգէն տարածուեցան  «Մայրիկ» երգին հնչիւնները` իւրօրինակ վերջակէտ մը դառնալով այդ տխուր պատմութեան համար:

Տարբեր կարգերու աշակերտներու մասնակցութեամբ ներկայացուեցան  մէկը միւսէն հաճելի պարեր, ուր անթաքոյց էր արհեստավարժ պարուսոյցին հպումը:

«Իւն մամա» երգը տղեկի մը հաճելի ձայնը բացայայտեց, իսկ «Մամա» պարը դարձաւ այդ գեղեցիկ ձեռնարկին վերջին հնչիւնը:

Ծափահարութիւնները շնորհակալութիւն դարձած ողողեցին սրահը: Մարալ Ասլանեան ջերմապէս շնորհաւորեց բոլորը,  ողջունեց ներկաներուն գնահատանքը եւ բոլորին առաջարկեց սրահէն փոխադրուիլ վարժարանի բակ, ուր Տիկնանց յանձնախումբին նուիրեալ անդամներուն կողմէ պատրաստուած համադամ ուտեստներն ու քաղցրեղէնները կը սպասէին բոլորին: Աշակերտ, ուսուցիչ ու հանդիսատես բոլորը դէպի վար ուղղուեցան եւ այս անգամ ցերեկոյթը շարունակուեցաւ  սեղաններու շուրջ, ժպիտներու, գովասանքի ու դրուատանքի խօսքերու ուղեկցութեամբ:

ՀԲԸՄ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Share this Article
CATEGORIES