Լեռ Կամսար. Մարդը` Գործին Մէջէն
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Լ. ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
Մուտք
Շուտով կը դիմաւորենք Լեռ Կամսարի ծննդեան 125-ամեակ` 2013 տարեթիւը: Ահա հանգրուան-առիթ մը, թէկուզ պայմանական, անդրադարձի եւ արժեւորման: Եւ մանաւանդ` կարելի հրաւէր մը ինքնաճանաչումի:
Քսաներորդ դարու հայ գրականութեան մէջ բացառիկ պարագայ կը կայացնէ երգիծաբան Լեռ Կամսարը` Արամ Թոմաղեանը կամ Թովմասեանը, իր կենսագրական վարքով – ե՛ւ գործով: Իր կեանքն ու անհատականութիւնը, արդէն, զինք շեշտօրէն կ՛անջատեն ընթացիկ դէմքերու շարքէն: Ծնած Վան` 1887-ին, կազմաւորուած Արեւմտահայաստանի այդ ոստանին մէջ դարասկիզբի տարիներուն, ապրած` պատերազմ ու գոյամարտ, ապա Առաջին հանրապետութեան տարիները,- ան ի վերջոյ ինքզինք գտած է խորհրդային վարչակարգի տակ: Յատկապէս 1930-ականներէն մինչեւ 60-ականներու կէսի իր շիջումը ստեղծագործած` ծանօթ դաժան պայմաններու մէջ, ցուցաբերած է անհաւատալի ուղղամտութիւն եւ յանդգնութիւն, յաճախ – իր բառով` մահապուրծ, այսինքն` պարզ դիպուածի պարտելով խուսափումը ֆիզիքական ջնջումէ. միւս կողմէ տեսնելով` կտրուկ արգելումը իր գործունէութեան եւ աղճատումը իր վաստակին(¹):
Լեռ Կամսարի` խորհրդային վարչակարգի տակ ապրած աւելի քան քառասուն տարիները կը նշուին չորս ժողովածուներով` «Անվաւեր մեռելներ», «Ազգային այբբենարան», «Վրիպած արցունքներ» եւ «Գրաբար մարդիկ», հրատարակուած յաջորդաբար` 1924-ին, 1926-ին, 1934-ին եւ… 1959-ին: Այս գործերը անշուշտ խնամքով ականազերծուած էին գրաքննութեան նախանձախնդիր փոյթով եւ միայն մասնակի պատկեր մը կու տային լեռկամսարեան պայթուցիկ երգիծանքէն: Առաջին երեքը, արդէն օրին` հեղինակի ձերբակալման-բանտարկման պահուն արգելքի տակ դրուած, պիտի չքանային հրապարակէն` նաեւ անշուշտ զրկուելով վերատպումի ամէն առիթէ: Չորրորդը` «Գրաբար մարդիկ»-ը, միակ գործը, որ հեղինակի աքսորէ դարձին ու իր ողջուցը հրատարակուեցաւ, գրեթէ բացառաբար կը կիրարկէ կենցաղային երգիծանք մը, իր կարգին հաստատելով նոյն ականազերծումն ու անվնասութիւնը – հեռաւոր գաղափար մը միայն տալով երգիծաբանի իսկական դիմագիծին մասին:
Հինգերորդ ժողովածուն` «Մարդ տանու շորերով», 1965-ին, արդէն տպուած-պատրաստ, թէեւ 50 մամուլէն ծուատուած-վերածուած 20 մամուլի, վերջին պահու իր խափանումով (հետեւանք` Սունդուկեան թատրոնի տնօրէն Ղ. Ղազարեանի ճնշումներուն` անոր հովանաւորչական բարքերը թիրախ դարձնող տոմսէ մը դրդուած), մահացու հարուածը պիտի տար ծեր ու հիւանդ գրագէտի կեանքին, առաջացնելով կաթուած, ապա եւ, քանի մը օր անց, անխուսափելի դարձած մահը…: Մինչ այդ, խափանուած հատորը մասամբ արդէն առաքուած էր գրավաճառանոցները, եւ ձեռքի տակէ վաճառուած` իր 10,000 տպաքանակի անճշդելի մէկ համեմատութեամբ…
Խորհրդային վարչակարգի վերջին տասնամեակին` կը նշուի հրատարակութիւնը երկու հատորներու եւս` «Միհատորեակ» (1980) եւ «Երկեր» (1988): Այս վերջինը, «Սովետական գրող»-ի հուսկ արտադրութիւններէն մէկը, աւելի քան 500 էջի վրայ տարածուած նիւթերու ընտրութեամբ եւ ներածող երկարապատում վերլուծութեամբ, կը կրէ խորհրդային ուղղափառութեան նո՛յն հին, ծանր կնիքը, ինչպէս իր նախորդները – կարծես փերեսթրոյքա մը չըլլայ եկած` խարխլելու կայսրութեան մենատիրական հիմերը…:
Լեռ Կամսարի անկաշկանդ, վաւերական հրատարակութիւնները կը սկսին նո՛յն այդ տարին` 1988-ին…
Լեռ Կամսարի այսպիսի արժեւորում` իբրեւ ճառագայթուն միտք եւ բազմակողմանի երգիծաբան, եւ որ ներկայ փորձի ստորագրողը կը բաժնէ լիովին, ոմանց մօտ -կը թուի- կրնայ տակաւին արթնցնել վերապահութիւններ, տեղիք տալ որոշ առարկութիւններու: Ուրիշներ պիտի մղուին փորձութեան (նոյն շփոթին մէկ ա՛յլ դրսեւորումը) զինք դնելու երկրորդ կարգի շարքային երգիծաբաններու կողքին, «հնակարկատ երգիծաբաններու»`(²) կամսարեան բնորոշումով մը. կամ անպայմա՛ն իր առիթով եւ իր հետ յիշատակելու զանոնք – հայրենի գրիչներ, թէ սփիւռքահայ…:
Այսպիսի իրողութիւն մը հաւանօրէն, վերագրելի է եթէ ոչ գրական-մարդկային չափանիշներու խախտումի մը, ապա գոնէ` վաստակի անբաւարար ծանօթութեան…:
Գալով գործին,- Լեռ Կամսարի վաստակը սեւեռող ամէն փորձ, անմիջապէս ու անխուսափելիօրէն, կը գտնուի երգիծաբան-գրողի եւ Մարդու ակնյայտ առնչութեան, նոյնացմա՛ն փաստին առջեւ: Աւելի՛ն` ընթերցողը անոր գործին մէջ -գործի մեծ մասի պարագային- պիտի չգտնէ գրական երկի յատուկ յօրինում ու կառոյց` դրուագներ, հանգոյցներ, կերպարներ…: Կամ այս բոլորը պիտի գտնէ` երկրորդաբար նշուած ու դասաւորուած գլխաւոր կերպարին` նոյնինքն երգիծաբան-հեղինակի անձին շուրջ: Ճի՛շդ ինչպէս կը պատահի Յ. Պարոնեանի գործերուն հետ, գոնէ անոնցմէ ամենակարեւորներուն:
Որքա՛ն ճիշդ կ՛ըսէ Շահէն Թաթիկեան. «Ես խօսում եմ Լեռ Կամսար մարդու մասին, որովհետեւ նրա անձն ու ստեղծագործութիւնը բացառիկօրէն ներդաշնակ էին (…) Նրա մասին չի կարելի ասել, թէ բազմաժանր կամ ոճական բազմազանութեամբ ու պրպտումներով աչքի ընկած հեղինակ է: Թւում է, թէ նա ամենեւին հոգ չի տարել գեղեցիկ արտայայտութիւններ որոնելու, գրական հնարքներ բանեցնելու ուղղութեամբ: Նա պատմում էր ազատ, անկաշկանդ (…) կարդում ես, անցնում,- յիշողութեանդ մէջ բովանդակութիւնը, արծարծուած խնդիրները մնում են. բայց, թւում է, թէ չի մնում ոչ մի կերպար, այսպէս ասած` կենտրոնական գործող անձ: Բայց դա միայն թուացեալ է: Կամսարի անձ-հերոսը, որի մտքերի, զգացումների, քաղաքացիական կեցուածքի բացայայտմանն է նուիրուած նրա ստեղծագործութիւնը,- այդ կենտրոնական անձը, այդ կերպարը հէնց ինքն է, հեղինակը, իսկ միւս կողմանից էլ` ժամանակը, ի դէմս դարաշրջանի կարեւորագոյն իրադարձութիւնների»(³):
Ուրեմն, մարդկային լեցուն ներկայութիւն մը` հարցերու էական եւ անզարդ, անշպար ներկայացումով. հարստութիւն աշխարհայեացքի եւ բարոյական անհատ-մարդու: Ու միւս կողմէ` աստիճանաւորուած վերաբերում կեանքի իրականութիւններու հանդէպ, այսինքն երգիծանք` բազմակողմանի եւ այլազան: Յատկութիւններ, որոնք նոյնպէս կը խօսին Յակոբ Պարոնեանի հետ հոգեմտաւոր ու գրական խոր նմանութիւններէ, առնչութիւններէ:
Ինչ որ կ՛արժէ կատարել, կ՛առաջադրուի հոս, նախ` մերձեցում մըն է Լեռ Կամսարի` իր վաստակին, երգիծանքի ձեւերու պատկերացման ու կիրարկումին մէջէն, ապա` եւ մանաւանդ` ուրուագծումը լեռկամսարեան անհատականութեան ու հոգեմտաւոր աշխարհին` իր ամենաբնորոշ գիծերով:
Ուրեմն, ներկայ փորձը պիտի չլծուի «գրականագիտական» աւանդական քննութեան մը. պիտի զանցառուին «զուտ գրական» երկերը` յօգուտ քրոնիկային-օրագրայիններու(4):
Քրոնիկային, թէեւ անձնաշեշտ հոծ վաստակի մը վրայ այս կեդրոնացումը, անոր առաջնահերթութեան ընդգծումը համազօր չէ անտեսելու այլ գործեր – կամ առհասարակ` «ստեղծագործական» բնութագրուող ոլորտը վաստակին: Պարզապէս` ներկայ փորձին միտումը ատիկա չէ. առաջադրուածը, անգամ մը եւս, մարդու մը կենդանագրին եւ հոգեմտաւոր աշխարհի ուրուագծման ճիգն է, իր գործի «մեթոտային» կիրարկումներուն եւ բովանդակութեան զոյգ, ընդելոյզ ցանցերուն մէջէն վերծանուած…
Ուրիշ կողմէ մը, նկատի առած` Լեռ Կամսարի գործին աղճատումը եւ անոր ներկայ հրատարակութեան տիտղոսներու տպաքանակային սահմանափակութիւնը (ուրեմն եւ բնագիրներու անբաւարար տրամադրելիութիւնը հրապարակի վրայ ու անհատներու մօտ), այս աշխատասիրութիւնը մէջբերումներ պիտի կատարէ ծաւալուն չափերով: Նոյնիսկ եթէ ատիկա չի համապատասխաներ առհասարակ` աշխատասիրողի մեթոտային նախընտրութիւններուն…
2.- Մարդն ու գաղափարական աշխարհը
«Սերում են նրանք եւ ա՛յն ծերուկից,
Որ նախընտրում էր քնել տակառում.
Սերում են նրանք եւ ա՛յն պատանուց,
Որ սիրահարուեց իր իսկ պատկերին:
«Անվտանգ` ինչպէս հրդեհն արեւի,
Անվնաս` ինչպէս օգտակար լորտուն
Վախ են ներշնչում պետութիւնների`
Մինչեւ իսկ իրենց կամքի հակառակ:
«Արքաների հետ խօսում են «դու»-ով,
Եթէ, ի հարկէ, լսում են նրանց,
Իսկ թէ չեն լսում` մէ՜կ է, չե՛ն լռի,
Կը խօսեն թէկուզ իրենց կօշկի՛ հետ:
«… Բայց չեն վախենում նրանք չար մահից.
Ապրում են դժուար, ու մեռնում են հեշտ»(5):
Երգիծաբանին կենսապայմանն ու կենսապայքարը, տարապայմանօրէն դժնդակ, ծանր կնիք են դրած կեանքի իր ընդհանրական պատկերացման վրայ, ու հեգնանքի իրենց յղումներով կը միջամտեն ասոր գծագրման իր բոլոր փորձերուն:
Փորձելով բնութագրել Լեռ Կամսարի անհատականութիւնը ուրուագծային ձեւով, պիտի ըսէի, որ լեռկամսարեան խառնուածքը` նախ` անպայման որ կը պարփակէ Դիոգինէս մը եւ Նարգիս մը: Եթէ ոչ` «սիրահարած` իր իսկ պատկերին», ան անզիջող անհատապաշտ է: Ապա, ինչպէս «տակառի մէջ քնել» նախընտրող շնական ծերուկը, ան-ընկերական է` օր-ցերեկով ակորայի երկայնքին լապտերը ձեռքը «Մարդ» փնտռող: Ու անպատկա՛ռ ալ, «արքաների հետ դու-ով» խօսելու աստիճան:
Անընկերային այս գիծերուն, առանց հակադրելու անոնց, հարկ է աւելցնել «անվնաս օգտակար»-ութեան մը անզանցառելի գիծը, որ զինք կը մղէ սոկրատեան բանական, «իրաւախոհական» կեցուածքի, մարդու ու յատկապէս` երգիծաբան գրագէտի ընկերային պարտաւորութիւններու ստանձնման ու կատարման ճամբով: Ասիկա` մինչեւ որ ընկերա-քաղաքական համակարգի ախտերէն, գոյապայքարի ու «ընկերներու» հարուածներէն ձեռնթափ, յուսահատ` յանգի համլէթեան ողբերգական «Լինել, թէ չլինել» հարցադրումին` կեանքի անհեթեթութեան հետ առճակատուած…
ա.- Կենսապայմանը` դաժան ներկայ մը
Ծնած ու կեանքի առաջին տասնամեակները ապրած` օսմանեան լուծի տակ հեծող հայութեան ծոցին, Լեռ Կամսար` պատերազմէ եւ գաղթէ անցնելով` դարձած է հայրենակորոյս: Բայց իր կեանքի երկրորդ կէսը իրեն վերապահած է այլապէս դաժան ճակատագիր: 1921-ին Պարսկաստանէն Երեւան վերադարձած` փորձած է մասնակցութիւն բերել հայրենի երկրի կառուցումին: Բայց, չհաշուած կանուխէն իսկ զգալի կաշկանդումները, յատկապէս 30-ականներու սկիզբին, իր անկաշկանդ ու անվախ հեգնանքին պատճառով, բախած է գրչեղբայրներու հալածանքին, արժանանալով յատկապէս իր երէկի բարեկամ եւ տաղանդաւոր բանաստեղծին` Ե. Չարենցի անձնական թշնամութեան եւ ատոր հետեւանք «զտումին», այսինքն պաշտօնազրկման(6):
Վերահաստատուած` շնորհիւ Ա. Խանջեանի հասկացողութեան եւ Ս. Սրապիոնեան-Լուկաշինի անխախտ համակրանքին, երգիծաբանը 1935-ի ճնշումներու սկզբնական շրջանին զոհ պիտի դառնայ հերթական մատնութեան եւ գրեթէ տարի մը բանտարկումէ ետք` աքսորուի Սիպերիա, դատապարտուած եռամեայ տաժանակրութեան: Իսկ 1939-ի վերադարձէն ետք, ներքին աքսորի պիտի ղրկուի Բասարգեչար, Սեւանի մօտ(7):
Համաներումին` 1954-ին, իբր անմեղ` ազատ արձակուած, պիտի ճաշակէ հոգիի «տաժանակրութիւն»(8): Ոչ միայն իրեն պիտի մերժուի գրական մամուլի բեմ, այլեւ նոր մատնութիւն մը` 1918-ին գրուած ծանօթ «լենինեան» ֆելիետոնի մատնանշումով, զինք պիտի զրկէ ե՛ւ թոշակէ, ե՛ւ ապրելի բնակարանի մը իրաւունքէն:
Այս բոլորի իբր դառն եզրակացութիւն, երգիծաբանը ահա ինչպէ՛ս կը բանաձեւէ իր կեանքի ուղին.
«Ես յաճախ եմ մտածել գրել իմ կենսագրութիւնը, բայց հնարաւոր չեմ գտել:
«Գրել կենսագրութիւն, նշանակում է նորից ապրել մի անգամ ապրած կեանքը, իսկ իմ կեանքը այնպիսին չի, որ հնար լինի երկու անգամ ապրել: Իմ կեանքի օրերն իրար ետեւ շարուած տառապանքի օրեր են, տասն անգամ ստոյգ մահից մազապուրծ: Ի՞նչ երաշխիք, որ երկրորդ ապրելուս դրանցից մէկնումէկին զոհ չեմ գնայ…
«Ես անգամ գոհ չեմ, որ մի անգամ ամբողջական ապրել եմ իմ կեանքը: Եթէ ինձանից կախուած լինէր, մի քառորդով կ՛ապրէի: Այն էլ նրա համար, որ կեանքի մասին մի թեթեւ գաղափար կազմած մեռնէի:
«Իմ անցած 70 տարիներից միայն 35 տարին է իմը եղել, իսկ մնացեալ կէսը այլեւս ինձ չի պատկանել, այլ Սովետական կառավարութեանը, որ ինչ կամեցել է` արել է ինձ:
«… Ո՛չ, չեմ կարող իմ կեանքը գրել: Ինձանով հետաքրքրուողներին կ՛ասեմ.
«- Ես ինձանից տեղեկութիւն չունեմ, Սովետական իշխանութեանը հարցրէք…»(9):
Լեռ Կամսարի ապրած գաղափարա-քաղաքական դժոխքը ի հարկէ խորապէս պայմանաւորած է իր աշխարհիմացութիւնը, կեանքի փիլիսոփայութիւնը: Այդ պայմանաւորումին ներքեւ պիտի տեսնենք աւելի խոր սկեպտիկութիւն մը, ակնոստիկական զուսպ յոռետեսութիւն մը: Բայց այս մասին` աւելի վար: Հոս ունկնդրելին` այդ խորքի դրսեւորման գրեթէ բոլոր առիթներուն միջամտող` խորհրդային մարդու տռամին նոթերն են, յաճախանքի մը յամառութեամբ: Ինչպէս վերի մէջբերումը ցոյց կու տար արդէն, ու նաեւ կ՛երեւի հետեւող տողերուն մէջ.
«Ես տրանզիտով աշխարհ եկայ, տրանզիտով էլ հեռանում եմ աշխարհից` առանց վագոնիս պատուհանը բաց անելու: […]
«Դատարկ վագոնում որքան ուժ ունեմ բղաւում եմ` Մարդի՜կ, հեռու բոլշեւիկեան կառավարութիւնից, այդ վարդապետութիւնը ոճիր է մարդկային բանականութեան հանդէպ… Փախէ՛ք դրանից…
«Իմ ձայնը, սակայն, դիպչում է գնացքի պատուհանին ու ինձ վերադառնում […]
«Աստուա՜ծ, ա՜յ տնաշէն, առանց քեզ էլ, տեսնում ես, բոլշեւիկները մեզ սպաննում են, էլ դու ինչո՞ւ ես մէջ ընկել: Ո՞վ է տեսել` մէկին երկու անգամ սպաննեն: Ինչո՞ւ ինձ բաց վագոնով գերեզման չես տանում, որ ճանապարհին մի քանի ճշմարտութիւններ ասեմ մարդկութեանը»(10):
Խորհրդային կարգերու անխնայ խարանումը, կամսարեան գործին մէջ յաճախանքային ներկայութեամբ ամենաներկայ,- լրիւ չ՛արգիլեր սակայն համաշխարհային քաղաքականութեան ոլորտին մուտքը հոն, որքան ալ` նուազ զգալի ներկայութիւն մը արտօնելով անոր: Ինք եւս կ՛անդրադառնայ այդ սահմանափակումին, մինչ կ՛արտայայտուի Արեւմտեան աշխարհի հարցերուն մասին, որակապէս նոյնքան յաջող ակնարկներով ու ակնարկութիւններով: Երկու օրինակ միայն.
«Փոքրիկ տղաս օրն ի բուն կը ճռուողէ, բայց րոպէ մը որ ձայնը կտրեց` մայրը, գիտնալով պատճառը, քովը կը շտապէ, «Աշոտիկ, ա՞յ կ՛ընես» ըսելով:
«Իտալիան, որ ժամանակ մը Մուսոլինու բերնով կը ճռուողէր Անգլիոյ եւ Ֆրանսիոյ հետ, աս չորս ամիս է ձայնը կտրեր է: Անպատճառ «այ» կ՛ընէ:
«Թերթերը կ՛ըսեն, թէ մութին մէջ Խորհրդային Ռուսաստանին դուռները կը փնտռէ»(11):
Կամ`
«Թէեւ կտրուած ենք դուրսի աշխարհէն ու կ՛ապրինք խորհրդային սնտուկին մէջ, բայց բանալիին ծակէն անգամ կ՛երեւի, որ քաղաքական հորիզոնին վրայ բաներ մը կը դառնան:
«Թուրքիա, օրինակ, «մարդասէր» է դարձեր եւ «սիրով» տեղ կու տայ Իտալիայի գաղթականներուն: Այո՛, Թուրքիան մարդասիրութեան վարժանքներ կ՛ընէ: Այսօր Իտալիոյ կը սիրէ, վաղը Անգլիոյ, միւս օրը Ֆրանսիոյ…»(12):
Հոկտեմբեր, 2011
Աթէնք
(1) Այսօր, մինչ կը փորձուի գնահատումը այդ վաստակին, պէտք է ի սկզբանէ ու տեւաբար նկատի ունենալ անոր հրատարակութեան կիսկատար, ողբերգականօրէն աղճատուած վիճակը: Եւ յիշել ու արդէ՛ն շեշտել, որ ստալինեան գրաքննութեան դաժան մկրատները, սիբիրական թէ ներքին աքսորներու մէջ լռութեան դատապարտուած կեանքի քսանամեայ ամենաբեղուն շրջան մը, պարտիական գամփռներու, թէ «գրչեղբայր»-ներու շղթայազերծած անգութ հալածանքները, մառաններու հողին տակ կճուճներու մէջ թաղուած ու մասամբ փճացած ձեռագիրներու ոդիսականները,- անբաժան են եղած լեռկամսարեան գողգոթայէն: Շնորհիւ իր թոռնուհի Վանուհի Թովմասեանի անսակարկ նուիրումին` 1990-ական թուականներէն սկսեալ, հրատարակութեան հասած իր գործը, թէեւ էական` երգիծաբանի դիմագիծի նորովի ստեղծման համար, վաստակի ամբողջութեան մէկ մասն է միայն, յաճախ նաեւ հում վիճակի մէջ, զուրկ մնացած հեղինակային գուրգուրոտ վերընթերցումէ եւ սրբագրութիւններէ: Ինչպէս անկէ յառնող գրական թէ՛ մարդկային դիմագծումները մէկ մասը կը կազմեն Լեռ Կամսարի ամբողջական գործին: Առանց մոռնալու կորսուածը, մենք ստիպուած ենք յղուիլ տրուածին, անծանօթ ամբողջութեան մը մեզի աւանդուած ծանօթ այդ մնացորդին (տե՛ս ծնթգրթ. 4):
(2) Տե՛ս «Պարոնեանի գրական հասցէն», «Մարդը տանու շորերով», Եր., հրատ. «Հայաստան», 1965, էջ 317:
(3) Տե՛ս «Գրական թերթ», Լեռ Կամսարի նուիրուած բացառիկ թիւ, 25/11/1988:
(4) Լեռ Կամսարի անխառն եւ անեղծ դիմագիծը երեւան բերող առաջին հրատարակութիւնը, իր ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ` 1988-ին, կատարուեցաւ Երեւան, արդէն հասունցած փերեսթրոյքայի բաւական ազատ պայմաններուն մէջ: Ուշացած այս ճանաչումին պատիւը կ՛երթայ` երբեմնի իր հիւրընկալին, հարկադրաբար ժլատ բայց կարելին չխնայող երգիծաթերթ «Ոզնի»-ին, ապա եւ «Գրական թերթ»-ին:
Քանի մը տարի ետք, Պէյրութ` 1994-ին, «Շիրակ» հրատարակչատունն էր որ, Կ. Հաննէսեանի գուրգուրոտ նախաձեռնութեամբ, լոյս կ՛ընծայէր նշեալ երկու թերթերու այդ բացառիկներու նիւթերը` բազմաթիւ անտիպ էջեր եւ Լեռ Կամսարի յիշատակին նուիրուած վկայութիւններ, «Լեռ Կամսար – Տպուած եւ անտիպ էջեր» խորագրով:
Աւելի ուշ` կը հրատարակուէր օրագիրին մէկ փոքրիկ մասը` «Կարմիր օրեր» տիտղոսին տակ («Նայիրի» հրատ., Երեւան, 2000 թ.):
Վերջին տասնամեակին, յաջորդաբար, հրատարակուեցան` փոքրածաւալ «Սաստիկ կոմունիստներ» պարսաւ-կատակերգութիւնը (2001), որուն արժէքը, լեռկամսարեան գրականութենէն թատերգական նոր նմուշ մը տրամադրելէ աւելի` իր յառաջաբանին մէջ է – զօրեղ շեշտերով կտակ-պատգամ մը (մասամբ քաղուած օրագրային էջերէ): Ապա վերջապէս` «Մահապուրծ օրագիր»-ը (2008), որ կը պարփակէ երգիծաբանին կեանքի ամենաբախտորոշ մէկ տասնամեակի (1925-1935) օրագրային նոթերը, նաեւ, շնորհիւ հրատարակիչ թոռնուհիին` Վանուհի Թովմասեանի յառաջաբանին – միանգամայն սրտառուչ յիշատակարան` մարդու եւ գործի կրկնակ գողգոթային նուիրուած, թանկագին վկայութիւններով ու տեղեկութիւններով: Նոյն տարին` կը հրատարակուի «Խաղք ու խայտառակ աշխարհ» հատորը: Վերջապէս, յաջորդաբար 2009-ին եւ 2010-ին, լոյս կը տեսնեն «Սոցիալիզմի Սահարա» եւ «Բանտիս օրագիրը», հայրենակիցներու եւ հիացողներու մեկենասութեամբ:
Կը մնայ յիշատակել նաեւ անտիպ էջերու պարբերական հրատարակումը մամուլի օրգաններու մէջ, ինչպէս` բացի վերոնշեալ ռահվիրաներէն` «Ազգ»-ի, «Ազատամարտ-Վարուժան»-ի եւ «Ազդակ գրական»-ի էջերուն (այս վերջինը` Պէյրութ):
Յայտնաբերման ու բանասիրական մեկնաբանութեան կարօտ բաւակա՛ն բան կայ տակաւին` առնչուող Լեռ Կամսարի վաստակի տպուած եւ դեռ անտիպ մասերուն, ապա եւ իր բազմախոց կեանքի պատմութեան – սկիզբէն մինչեւ աւարտը:
(5) «Վարք մեծաց», Պարոյր Սեւակ, «Մարդը ափի մէջ», «Հայպետհրատ», Եր.,1963, էջ 57:
(6) «Բանտիս օրագիրը», էջ 35:
(7) «Կարմիր օրեր», էջ 412:
(8) Անդ, էջ 15:
(9) «Սաստիկ կոմունիստներ», Եր., հրատ. «Զանգակ-97», 2001, էջ 6:
(10) Անդ, էջ 7:
(11) «Մահապուրծ օրագիր», էջ 19:
(12) Անդ, էջ 53:
(Շար 1)

