Հայոց Ցեղասպանութեան Նշում Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի Ուսանողական կեանքի գրասենեակին, ուրբաթ, 20 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան  մը` «Հայոց ցեղասպանութիւն. ճանաչում եւ հատուցում» խորագիրով:

Կազմակերպիչներուն անունով բացման խօսք կատարեց Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրական կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տաքեսեան, որ բացատրեց կլոր սեղանին նպատակը եւ ծանօթացուց մասնակցող հիւրերը:

Կլոր սեղանի մասնակիցներն էին` «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, «Արարատ» թերթի խմբագիր Ահարոն Շխրտըմեան եւ Նոր Ամանոսի Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Յովհաննէս Սվաճեան:

Շահան Գանտահարեան ընդհանրապէս խօսեցաւ պաշտօնական Երեւանի մօտեցումներուն, ինչպէս նաեւ 100-ամեակի Կեդրոնական մարմինի աշխատանքներուն մասին: Շխրտըմեան անդրադարձաւ հայութեան եւ յատկապէս երիտասարդութեան միջեւ գործնական գործակցութեան: Իսկ Սվաճեան ամփոփ կերպով ներկայացուց հայ ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ պահանջատիրութեան երթը:

Նշենք, որ կլոր սեղանը վարեց համալսարանի Ուսանողական գրասենեակի պատասխանատու  Ռազմիկ Գաբրիէլեան: Ներկայ գտնուող ուսանողները առիթ ունեցան հարցումներ ուղղելու եւ լուսաբանութիւններ խնդրելու զեկուցողներէն:

Զեկուցումներու աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան շրջափակ, ուր զետեղուած էր Ցեղասպանութեան նուիրուած կոթողը` Ծիծեռնակաբերդը, ուր տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն: Ձեռնարկը աւարտեցաւ վեր. Սվաճեանի աղօթքով:

Մեծ եղեռնի ոգեկոչման ծիրին մէջ, 23 ապրիլ  2012-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, նոյն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ուսանողական անգլերէնով ոգեկոչում: Կազմակերպիչներուն անունով բացման խօսք արտասանեց Ատրինէ Զէնեան, որ անդրադարձաւ Եղեռնի ու վերապրումի պատգամին` շեշտելով պահանջատիրութեան կարեւորութիւնը:

Ապա ցուցադրուեցաւ հայ ուսանողներու կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը, որ կը համախմբէր համալսարանի դասախօսներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ նշանաւոր դէմքերու տեսակէտը` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

Գեղարուեստական բաժնով Վարանդա Եագուպեան, Նանօր Մաճառեան եւ Րաֆֆի Սամմաք բեմ բարձրացան երգով: Ապա Վարանդա Եագուպեան ասմունքեց բանաստեղծական կտոր մը:

Յայտագրի աւարտին բոլոր ներկաներն ու ուսանողները հրաւիրուեցան վարդեր զետեղելու Ծիծիռնակաբերդի կրկնօրինակին դիմաց` Ցեղասպանութեան զոհուած 1.5 միլիոնի յիշատակին:

Նշենք նաեւ, որ մէկ շաբթուան ընթացքին Հայկազեան համալսարանի շրջափակին մէջ կը ցուցադրուէին Հայոց  ցեղասպանութեան եւ հայութեան ապրած տարբեր հանգրուաններու նկարները:

Հարկ է նշել, որ Հայկազեան համալսարանը կիրակի, 29 ապրիլին կազմակերպած էր «Ռայտ թու ռիմէմպըր» խորագրով հեծելարշաւ` օտար շրջանակներուն ուշադրութիւնը գրաւելու եւ քարոզչական աշխատանք տանելու միտումով:

Համալսարանի նախագահ վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեանի խօսքէն ետք աւելի քան 100 մասնակցողներ, յատուկ թի-շըրթներ հագած, քշեցին Պէյրութի փողոցները` արժանանալով ժողովուրդին հետաքրքրութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES