Դատ Բանալու Միշտ Պատրաստ Թրքական Խումբը Կորսնցուց Ցեղասպանութեան Դատավճիռը
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Վերջին տարիներուն դատ բանալու մոլուցքով տարուած Ամերիկայի թրքական համախմբումը (ԱԹՀ) դատական գործեր յարուցած է այն դասախօսներուն, պետական ծառայողներուն եւ քաղաքացիական խումբերուն դէմ, որոնք կը սատարեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:
Անցեալ շաբաթ դաշնակցային վերաքննիչ դատարանի երեք դատաւորներ վերջ դրին ԱԹՀ-ի դատական քաշքշուկներուն` ընդդէմ Մինըսոթայի համալսարանին, եւ միաձայնութեամբ վերահաստատեցին դաշնակցային դատարանին նախկին որոշումը` մերժելով ԱԹՀ-ի անհիմն պնդումները:
Թրքական շահերուն ջատագով խումբը հայց ներկայացուցած էր ընդդէմ Մինըսոթայի համալսարանի Ողջակիզման եւ ցեղասպանութեանց ուսումնասիրութեան կեդրոնի փրոֆ. Պրունօ Չաուաթի, որ ԱԹՀ-ի ելեկտրոնային կայքը ու քանի մը այլ կայքեր որակած էր «ոչ արժանահաւատ»: Համալսարանի կայքէջին վրայ տեղադրուած էր հետեւեալ խիստ զգուշացումը` ուղղուած ուսանողներուն. «Մենք խորհուրդ չենք տար օգտուելու այս կայքերէն: Ուսումնասիրութիւններ կատարող ուսանողները պէտք է զգուշ ըլլան եւ չօգտուին այս կայքերէն, քանի որ անոնք կը ժխտեն Ցեղասպանութիւնը, աջակցութիւն կը ստանան անյայտ կազմակերպութեան մը կողմէ կամ ունին այնպիսի բովանդակութիւններ, որոնք փաստերու եւ կարծիքներու տարօրինակ խառնուրդ են»:
Ի սկզբանէ ԱԹՀ-ն բողոքած էր, թէ իր կայքէջին ներառումը այդ համալսարանի «Ոչ արժանահաւատ կայքէջերու ցանկ»-ին վրայ, կ՛ոտնահարէ թրքական խումբին խօսքի ազատութիւնը: Համալսարանը մերժեց ԱԹՀ-ի ամբաստանութիւնը, թէեւ 2010-ի նոյեմբեր 18-ին, Ողջակիզման եւ ցեղասպանութեանց ուսումնասիրութեան կեդրոնը վերատեսութեան ենթարկեց իր կայքէջը եւ վերացուց «Ոչ արժանահաւատ կայքէջերու ցանկ»-ը` ցեղասպանութեանց ուսումնասիրութեան համար առաջարկելով նոր աւելի ստոյգ աղբիւրներ: Համալսարանը հաւաստիացուց, որ այս վերանայումը պայմանաւորուած չէր ԱԹՀ-ի բողոքով, եւ հերքեց որեւէ խախտումի կատարում: 2010-ի նոյեմբեր 24-ին, փրոֆ. Չաուաթ կեդրոնի կայքէջին վրայ տեղադրեց յայտարարութիւն մը, որով կը բացատրուէր, թէ «Ոչ արժանահաւատ կայքէջերու ցանկ»-ը հանուած է (համալսարանի կայքէջէն), որովհետեւ ինք չի փափաքիր` «նոյնիսկ բացասական ձեւով խթանել անվաւեր տեղեկատուական աղբիւրները»:
ԱԹՀ-ն այնուհետեւ դատական հայց մը յարուցեց համալսարանին, անոր նախագահին եւ փրոֆ. Չաուաթի դէմ` պնդելով, որ իրենց կայքին ներառումը այդ ցանկին մէջ, ուր ներառուած են հրեաներու Ողջակիզումը մերժող կայքեր, վնաս կը հասցնէ թրքական կազմակերպութեան հեղինակութեան: Դատարանը մերժեց հայցը:
2012-ի մայիս 3-ին, 8-րդ շրջանի դաշնակցային վերաքննիչ դատարանի երեք դատաւորները մերժեցին աւելի ցած ատեանի դատարանին վճիռը` որոշում կայացնելով, որ համալսարանը չէ խախտած ԱՀԹ-ի` սահմանադրութեամբ ամրագրուած խօսքի ազատութեան իրաւունքները, քանի որ ատիկա ո՛չ արգելափակած է, ո՛չ ալ սահմանափակած է թրքական կայքէջին օգտագործումը:
Դատաւորները նաեւ մերժեցին թրքական խումբին երկրորդ պահանջը այն մասին, որ իբր թէ զրպարտանք եղած է, երբ համալսարանը յայտարարած է, թէ ԱԹՀ-ի կայքէջը «արժանահաւատ չէ», «ժխտողական է», կը ներկայացնէ «փաստերու եւ կարծիքներու տարօրինակ խառնուրդ» եւ «անվաւեր տեղեկատուական աղբիւր է»: Դատը շահելու անյոյս փորձ մը ընելով` ԱԹՀ պնդեց, թէ իր կայքէջը չի ժխտեր հիմնական որոշ պատմական փաստեր, երբ կը յայտարարէ, որ` «անշո՛ւշտ հարիւր հազարաւոր հայեր մահացած են»: Այնուամենայնիւ, քանի որ թրքական կայքէջը կը պնդէ, թէ «խիստ անհաւանական է, որ ցեղասպանութեան մեղադրանք ըլլայ օսմանեան կառավարութեան կամ անոր իրաւայաջորդներուն նկատմամբ», ուստի դատաւորները որոշում կայացուցին համալսարանին օգտին` պնդելով, որ ԱԹՀ-ն իրականութեան մէջ ներգրաւուած է «ժխտման» գործընթացին:
ԱԹՀ-ի այս դատական չարամիտ գործերը մտահոգած են Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ դասախօսներ, որոնք անհանգստացած են անով, որ այս գործը կրնայ վտանգաւոր նախադէպ ըլլալ եւ ծանրակշիռ ազդեցութիւն ունենալ ակադեմական ազատութեան վրայ: Այս լուրջ մտահոգութիւնները ստիպեցին Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու ընկերակցութիւնը` պահանջելու, որ ԱԹՀ ետ քաշէ իր դատական հայցը:
Թէեւ Մինըսոթայի համալսարանին դէմ ԱԹՀ-ի որդեգրած յարձակողական մարտավարութիւնը տապալեցաւ, սակայն ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ թրքական խումբը պիտի դադրի դատի կանչելէ այլ ակադեմական կամ քաղաքացիական կազմակերպութիւններ, որոնք նոյնպէս կը մերժեն ներգրաւուիլ Թուրքիոյ ժխտողական արշաւներուն մէջ: Հարկ է նշել, որ ԱԹՀ-ն իր 2010 թուականի 3.6 միլիոն տոլար պիւտճէէն 630,000 տոլար ծախսած է դատական հայցերու համար: Յատկանշական է, որ ԱԹՀ-ն իր տարեկան հաշուետուութեան մէջ չի յիշեր իր ֆինանսաւորման աղբիւրներուն մասին, բացառութեամբ հպանցիկ մէկ յիշատակումի, թէ` «անիկա ամբողջութեամբ կ՛օժանդակուի անձնական նուիրատուութիւններու» կողմէ: «Պոսթըն պիզնըս ճըռնըլ»-ը կը յայտնէ, թէ Հիթիթ մայքրոուէյվ քորփորէյշընի հիմնադիր թուրք-ամերիկացի Եալչին Այասլի 2007 թուականին 30 միլիոն տոլար յատկացուցած է ԱԹՀ-ին:
2010-ին ԱԹՀ-ն իրագործած է հետեւեալ լայնածաւալ գործողութիւնները եւ քաղաքական աշխատանքները` ծախսելով 3.6 միլիոն տոլար.
– 75 քաղաքական յուշագիրներ ներկայացուցած է Քոնկրեսի անդամներուն եւ Ամերիկայի կարծիք ձեւաւորողներուն.
– Վերահսկած է ամերիկեան մամուլը.
– Թուրքիա այցելութեան տարած է բնիկ ամերիկացի գործարարներու պատուիրակութիւն.
– Լոպիիստական գործունէութիւն իրականացուցած է Քոնկրեսէն ներս, Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ.
– Գովազդներ դրած է «Ռոլ քոլ» եւ «Ուաշինկթըն քուարթըրլի» թերթերուն մէջ.
– Ամառնային վարժողական ծրագիրներ կազմակերպած է թուրք ուսանողներու համար, Ուաշինկթընի մէջ.
– Կրթաթոշակներ տրամադրած է ափրիկեցի-ամերիկացի, հայ-ամերիկացի, սպանախօս ամերիկացի, բնիկ ամերիկացի եւ թուրք ուսանողներու` Թուրքիոյ համալսարաններուն մէջ ուսանելու համար.
– Դրամաշնորհներ տրամադրած է գիտական համաժողովներու.
– Հետազօտական դրամաշնորհներ տրամադրած է փրոֆ. Մայքըլ Կունթըրի, Ճասթըն ՄըքՔարթիի, Հաքան Եաւուզի եւ այլոց.
– 100 հազար տոլարի դրամաշնորհներ նուիրած է Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համախմբումին եւ Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու դաշնակցութեան, իսկ աւելի նուազ գումար մը` Ամերիկայի ազրպէյճանական ընկերութեան.
– 630 հազար տոլար ծախսած է` դատեր բանալով Հայոց ցեղասպանութեան հարցին աջակցող տարբեր մարմիններու դէմ.
– Նիւթապէս հովանաւորած է Ամերիկայի քոնկրեսականներու այցելութիւնը Թուրքիա.
– Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ներկայացուցած է բողոք մը, որով կը մեղադրուէր Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը` «ատելութիւն սերմանող խումբ» ըլլալու յանցանքով:
Հաշուի առնելով ԱԹՀ-ի` հարկերէ զուրկ բարեգործական կազմակերպութիւն մը ըլլալու կարգավիճակը, Միացեալ Նահանգներու Հարկային վարչութիւնը (IRS) պէտք է ստուգէ Թրքական համախմբման քաղաքական եւ լոպիիստական մեծածախս գործունէութեան օրինականութիւնը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

